Ցուցահանդես՝ Փարիզում


Ցուցահանդես՝ Փարիզում

  • 22-11-2012 11:38:52   |   |  Մշակոյթ

 

Հինգշաբթի՝ Նոյեմբեր 15ի երեկոյեան, Փարիզի «Անաքօ» տափանաւուն մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսին բացումը: Բացի հայկական եւ թրքական կողմերէն, ներկայ էին նաեւ Գերմանիոյ ներկայացուցիչները, որոնք ինչպէս վերը ըսինք, ձեռնարկը գանձատրողներն են եւ իբրեւ միջնորդ կը գործեն «հայ-թրքական երկխօսութեան»։
Բացումը, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, կատարեցին անոր փարիզեան համակարգողները՝ Սեւանա Չաքերեան եւ Նայիրի Խաչատուրեան։ Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առին գերմանական կողմէն՝ Գերմանիոյ Միջազգային գործակցութեան հիմնարկէն Ուվէ Կարթընշլակէր, հայաստանեան պատասխանատու Նազարէթ Նազարէթեան եւ «Խօսել միմեանց հետ» ձեռնարկի համակարգող Մաթիաս Քլինկընպէրկ։ Անոնցմէ ետք՝ խօսեցան  Հրանոյշ Խառատեան-Առաքելեան եւ Լէյլա Նէյզի։ Անոնք ներկայացուցին ցուցահանդէսին կազմակերպման նպատակները եւ շարժառիթները։
Այնուհետեւ ներկաներուն միջեւ զրոյցները եւ միտքերու փոխանակումը շարունակուեցան մտերմիկ հաղորդակցութեան միջոցով՝ գինիի եւ շամփանյի բաժակներու ընկերակցութեամբ եւ Հայկ Դաւթեանի ղեկավարած «Նայիրի» լարային քառեակին երաժշտութեան ներքոյ։ Նաւուն սրահին մէջ ներկաները կրնային ծանօթանալ «Խօսել միմեանց հետ» գիրքին եւ անկէ օրինակներ տանիլ իրենց հետ։ 
 
ՆՅ
 
 
 
  -   Մշակոյթ