Վարչապետ Էրտողան կրկին խիստ խօսեցաւ


Վարչապետ Էրտողան կրկին խիստ խօսեցաւ

  • 12-03-2011 12:55:33   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Թուրքիա երէկ հիւր մը ունէր։ Սերպիոյ Վարչապետ Միրքօ Սվէտգովիչ առաջին անգամ ըլլալով կ’այցելէր Թուրքիա ու հանդիպում մը կ’ունենար Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանին հետ։ Հասարակաց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Վարչապետ Էրտողան պատասխանեց լրագրողներուն, որոնք կը հարցնէին Եւրոխորհրդարանի կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատրաստուած տեղեկագրին մասին։ Վարչապետը այս անգամ ալ շատ խիստ ոճով պատասխանեց այդ հարցումին ու ըսաւ. »Այդ տեղեկագիրը ապսպրանքի վրայ պատրաստուած անհաւասարակշիռ տեղեկագիր մըն է, թող չվշտանան, բայց այդ տեղեկագիրը պատրաստողներն ալ անհաւասարակշիռ մարդիկ ըլլալու են«։ Վարչապետը մասնաւորաբար ծանրացաւ այն պնդումին վրայ թէ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութիւնը բռնաբարուած է վերջին ձերբակալութիւններու հետեւանքով։ Վարչապետը ըսաւ որ ասիկա սխալ է, Թուրքիոյ մէջ առկայ մամլոյ ազատութիւնը ընդգծուած չէ տեղեկագրին մէջ, այսօր բանտերու մէջ գտնուող 27 լրագրողները իրենց գրածներուն համար չէ՛ որ ձերբակալուած են, անոնք ձերբակալուած են ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապեր հաստատելու կամ կառավարութիւնը տապալելու աշխատանք տանելու մեղադրանքներով։ Վարչապետը աւելցուց նաեւ որ Թուրքիա ոչինչ նկատի պիտի առնէ այդ տեղեկագրին մէջ, այդ տեղեկագրին լոյսին տակ ընելիք բան չկայ։ »Անոնք տեղեկագիր պատրաստելու պարտականութիւնն ունին, մենք ալ մեր գիտցածը կարդալու«, ըսաւ Վարչապետը, իր կարգին մարտահրաւէր կարդալով Եւրխորհրդարանին։ Սերպիոյ Վարչապետն ալ յայտնեց թէ որքան ուրախ է որ Թուրքիա եկած է, դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ Թուրքիոյ մասին ու շնորհաւորեց Լիբիոյ մէջ աշխատող թուրք աշխատաւորները երկիր փոխադրելու մէջ արձանագրուած յաջողութեան համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը