ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.«Հայաստան» Հիմնադրամի Տարեկան Հեռուստամարաթոնը` Կառուցողական Քննադատութիւն


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.«Հայաստան» Հիմնադրամի Տարեկան Հեռուստամարաթոնը` Կառուցողական Քննադատութիւն

  • 04-12-2012 21:31:32   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 

Կ’ուզէի կարգ մը մտորումներ կատարել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 20-ամեակի եւ անոր 15-րդ տարեկան հեռուստամարաթոնի մասին: Նպատակը ո՛չ թէ հիմնադրամի ներքին աշխատանքներուն միջամուխ ըլլալն է, այլ կառուցողական քննադատութեան եւ առաջարկներու ներկայացումը, որ կրնայ բարելաւել այս կառոյցին մարդասիրական առաքելութիւնն ու հեղինակութիւնը:
Աշխարհասփիւռ հայերը ներկայացնող ընտրուած կառոյցի բացակայութեան լոյսին տակ, «Հայաստան» հիմնադրամը միակ համահայկական մարմինն է, որ ընդհանուր ծածկի տակ կը միաւորէ բոլոր հայկական քաղաքական, կրօնական եւ համայնքային կողմերը: Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու ղեկավարութիւնը, Սփիւռքի մեծ կազմակերպութիւններու ղեկավարները եւ նշանաւոր բարերարներ: Հետեւաբար, հիմնադրամը կրնայ ծառայել իբրեւ իւրօրինակ հարթակ, ուր իրենց համընդհանուր հարցերը կը ներկայացնեն հայկական աշխարհի բոլոր հատուածները: Նկատի առնելով հիմնադրամի այս համաշխարհային իւրայատուկ դերակատարութիւնը՝ հոգաբարձուներու խորհուրդը եթէ փափաքի կրնայ քննարկել կազմակերպութեան գործունէութիւններու ընդլայնումը՝ իր բարեսիրական շրջագիծէն դուրս:
 Ներկայ դրութեամբ հայութեան առջեւ ծառացած ամէնէն հրատապ խնդիրը սուրիահայերուն ողբերգական վիճակն է, քանի որ անոնց գոյութիւնը վտանգի տակ է, իսկ իրավիճակը օրէ օր աւելի կը վատթարանայ: «Հայաստան» հիմնադրամը եւ անոր 25 մասնաճիւղերը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, պէտք է աւելի կանուխ գործի անցնէին` կազմակերպելով արտակարգ հեռուստամարաթոն` ամբողջ հասոյթը յատկացնելով Սուրիոյ, Հայաստանի կամ այլուր գտնուող սուրիահայերու հսկայական կարիքներուն:
Երկարատեւ ուշացումէ ետք հիմնադրամը որոշեց իր հանգանակած գումարին 10 տոկոսը յատկացնել սուրիահայերուն: Վտանգուած hամայնքին մեծ կարիքներուն հետ բաղդատելով, այս չնչին տոկոսը հիասթափեցուց մեծ թիւով հաւանական նուիրատուներ: Այս ոչ խոհեմ որոշման կայացման համար աշխատակազմը պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ զայն վերանայելու փոխարէն, հիմնադրամի ներկայացուցիչները զբաղած էին զիրար մեղադրելով եւ յանցանքը ուրիշներու վրայ բեռցնելով: Երբ հասարակութեան բողոքները աւելի հնչեղ դարձան, հիմնադրամի որոշ մասնաճիւղեր դժկամութեամբ 10 տոկոս մասնաբաժինը փոխեցին՝ որոշելով չյայտարարել, թէ ի՛նչ տոկոս պիտի նուիրեն սուրիահայերուն` նպատակային ծրագիրներու համար յատկացուած գումարները մէկդի դնելէ ետք: Հիմնադրամը նաեւ կարելիութիւն տուաւ նուիրատուներուն իրենց յատկացուցած գումարին 100 տոկոսը հասցէագրել սուրիահայերու օգնութեան: Բնականաբար, փափաքելի պիտի ըլլար, որ «Հայաստան» հիմնադրամը բոլոր նուիրատուութիւնները յատկացնէր սուրիահայերուն, բացառութեամբ` այլ նպատակային ծրագիրներուն համար նուիրատուներու յատկացումներէն:
Իրավիճակը առաւել եւս լարուեցաւ, երբ «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսիայի մասնաճիւղի նախագահ Պետրոս Թէրզեան Նոյեմբեր 18-ին, հիմնադրամի եւրոպական հեռախօսամարաթոնի աւարտին, անսպասելի յայտարարութիւն կատարեց: Ան շատ բարձր տրամադրութեամբ խոստացաւ հանգանակուած 1.8 միլիոն տոլարին մէկ մասը յատկացնել Հալէպի մէջ տեղի ունեցող պատերազմի աւարտէն ետք հայերու տուներու վերանորոգման համար: Յարգարժան տնօրէնը հաւանաբար չի գիտակցիր, որ սուրիահայերը իրենց գոյատեւման համար սնունդի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու շուտափոյթ կարիքը հիմա՛ ունին, եւ ոչ թէ պատերազմէն ետք, երբ հայկական համայնքը նօսրանայ՝ իր բնակարանային կարիքներուն հետ:
Հեռուստամարաթոնի եւ հեռախօսամարաթոնի աւարտէն ետք կարելի է հիմա ուշադրութիւն դարձնել յայտարարուած արդիւնքերու կարգ մը հետաքրքրական թիւերուն վրայ: Զարմանալի է, որ Հայաստանի եւ Արցախի հայերը միասնաբար հանգանակած են 2.5 միլիոն տոլար, մինչդեռ ամերիկահայերը նուիրաբերած են միայն 2.1 միլիոն տոլար (1.5 միլիոն տոլար եւ 600 հազար տոլար, համապատասխանաբար Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերէն): Հեռուստամարաթոնի աւարտին յայտարարուած 21.4 միլիոն տոլարը իր մէջ կը ներառէ բոլոր գումարները, որոնք խոստացուած կամ հաւաքուած են տարուան ընթացքին տասնեակ երկիրներու մէջ իրականացուած տարբեր դրամահաւաքներու ժամանակ, օրինակ՝ Նոյեմբեր 8-ին Մոսկուայի մէջ հայ գործարարներու խոստացած 12 միլիոն տոլարը: Այլ անակնկալ մըն էր 600 հազար տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւնը, որ ստացուած էր Հնդկաստանէն: Քանի որ այդ երկիրներու մէջ կ’ապրին միայն բուռ մը հայեր, հետաքրքրական կ’ըլլայ գիտնալ նման մեծ գումարի աղբիւր(ներ)ը:
Հանգանակուած միջոցներու բաշխման յաւելեալ խառնաշփոթէն խուսափելու համար, «Հայաստան» հիմնադրամի լիբանանեան մասնաճիւղը հաւանաբար փափաքի Դեկտեմբեր 8-ի ռատիօմարաթոնի դրամահաւաքին հանգանակուած ողջ հասոյթը յատկացնել սուրիահայ հազարաւոր գաղթականներու: Տեղահանուած սուրիահայ ընտանիքները Լիբանանի մէջ նիւթական աջակցութեան խիստ կարիք ունին` իրենց հիմնական կարիքներու, ինչպէս նաեւ երեխաներու կրթութեան ծախսերը հոգալու համար:
Լիբանանի հայկական դպրոցները, որոնք արդէն իսկ նիւթական ծանր պայմաններու մէջ են, այժմ յաւելեալ կերպով ծանրաբեռնուած են հարիւրաւոր սուրիահայ աշակերտներով, որոնց ծնողները չեն կրնար վճարել կրթաթոշակը: «Հայաստան» հիմնադրամի լիբանանեան մասնաճիւղը իր հանգանակած գումարները Լիբանանի մէջ պահելով՝ կարելիութիւն պիտի ունենայ նոյն ատեն օգնելու թէ՛ սուրիահայ գաղթականներուն, եւ թէ ապահովելու հայկական ուսումնական հաստատութիւններու գոյատեւումը:
Յառաջիկայ օրերուն, երբ «Հայաստան՚» համահայկական հիմնադրամը ամփոփէ իր բոլոր մասնաճիւղերու դրամահաւաքի արդիւնքները, պէտք է յայտարարէ՝
1) հաւաքուած վերջնական գումարը,
2) յատուկ ծրագիրներու համար յատկացուած գումարները,
3) սուրիահայերուն անմիջական ու շուտափոյթ օգնութիւն հասցնելու իր ծրագիրները:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց`
«Եռագոյն» կայքէջը
 
 
  -   Յօդուածներ