ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Արցախեան Պատերազմը Ատրպէյճանի Շնորհիւ Կու գայ Հոլիվուտ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Արցախեան Պատերազմը Ատրպէյճանի Շնորհիւ Կու գայ Հոլիվուտ

  • 14-12-2012 01:29:37   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 

Արցախի շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը ոեւէ մէկուն իրաւունք չի տար ցեղապաշտական եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ ընելու սահմանէն այն կողմ գտնուող մարդոց հասցէին: Նոյնիսկ պատերազմական պայմաններուն մէջ գոյութիւն ունին վարքագիծի քաղաքակիրթ չափանիշներ:
Քանի որ այս երկու դրացի երկիրները կը գտնուին բարդ բանակցութիւններու մէջ` իրենց դժուարին հակամարտութիւնը լուծելու համար, անպատասխանատուութիւն է կրակին վրայ իւղ թափել` հրահրելով ազգամիջեան ու միջկրօնական ատելութիւնը եւ բորբոքելով կուտակուած զգացումները: Մինչ որոշ հայեր կրնան ներգրաւուիլ պարբերաբար դրսեւորուող զգացական պոռթկումներու մէջ, Ատրպէյճանի ղեկավարները ցեղապաշտական յայտարարութիւններն ու հակահայկական սպառնալիքները դարձուցած են պետական քաղաքականութիւն:
Նման ամօթալի վարքագիծը պատճառ դարձաւ, որ արցախեան հակամարտութիւնը տարածուի Հունգարիոյ մէջ (օգտագործելով կացինը), Մեքսիքոյի մէջ (հինգ միլիոն տոլար արժողութեամբ շռայլ նուէր խոստանալով պուրակի մէջ Ալիեւի արձանի տեղադրման համար` հակահայկական յուշատախտակով) եւ այլ երկիրներու մէջ, որոնք հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու կը գտնուին հակամարտութեան իսկական թատերաբեմէն:
Այժմ ատրպէյճանցիները որոշած են արցախեան պատերազմը փոխադրել Հոլիվուտ,  երբ Հայաստան «Օսքար»ի համար պաշտօնապէս ներկայացուց «Եթէ բոլորը…» խորագիրը կրող անմեղ ժապաւէն մը` «Լաւագոյն արտասահմանեան ժապաւէն» անուանակարգին: Ժապաւէնի ամերիկեան բացումը կայացաւ անցեալ շաբաթ, Հոլիվուտի մէջ, «Արփա» միջազգային ժապաւէնի փառատօնին:
Հայկական ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է երիտասարդ ռուս աղջկան մը պատմութիւնը, որուն հայրը զոհուած է արցախեան պատերազմի ժամանակ: Քսան տարի անց ան կու գայ Հայաստան՝ յուսալով հօր զօրամասի հրամանատարին օգնութեամբ  գտնել իր հօր անանուն գերեզմանը: Երկար փնտռելէն ետք երիտասարդ աղջիկը կը բացայայտէ, որ հօր գերեզմանը կը գտնուի սահմանին միւս կողմը` Ատրպէյճանի տարածքին: Ան եւ հայ հրամանատարը գիշերուան քողի տակ գաղտնի կ’անցնին սահմանագիծը եւ մինչ կեչիի ծառ կը տնկէին աղջկան հօր գերեզմանին, կը բախին զինուած ատրպէյճանցի հովիւին, որ կը սպառնայ կրակել անոնց վրայ: Յետոյ իմանալով, որ աղջկայ հայրը թաղուած է այնտեղ, ատրպէյճանցին անոնց առիթ կու տայ անվնաս հեռանալու` ցաւը սրտին անոնց պատմելով, որ իր 10ամեայ որդին եւս զոհուած է պատերազմի ժամանակ՝ կոխելով ականի մը վրայ:
Ատրպէյճանցի հովիւը կը պատմէ, որ ան չի կրնար այցելել իր զաւկին գերեզմանը, քանի որ անիկա կը գտնուի Արցախի մէջ: Ժապաւէնը կ՛աւարտի բարձր նոթայի վրայ` հրաշալի ժեսթով, երբ ռուս աղջիկը եւ անոր հայ ուղեկիցը ուրիշ ծառ մը կը տնկեն` այս անգամ արդէն ատրպէյճանցի տղուն գերեզմանին:
Թէեւ ժապաւէնը չ՛ընդգրկեր հակաատրպէյճանական հռետորութիւն եւ չի ցուցադրեր որեւէ տեսարան Ղարաբաղի պատերազմէն, այնուամենայնիւ ատրպէյճանցի լրագրողները խստօրէն քննադատած են ժապաւէնը` առանց պատկեր մը իսկ դիտելու: Ակնյայտ է, որ հայկական ժապաւէն ըլլալու հանգամանքը արդէն բաւարար պատճառ է անոնց համար` փորձելու խոչընդոտել ժապաւէնի ներկայացման Ակադեմիայի մրցանակաբաշխութեան: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները ժապաւէնը կեղծօրէն որակած են իբրեւ «քարոզչական ժապաւէն» եւ «Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի սանձազերծած տեղեկատուական պատերազմի՚ օրինակ:
Հարցերը ա՛լ աւելի վատթարացնելով՝ ատրպէյճանցի լրագրող Ալի Հաճիզատէն յարձակեցաւ Շարժապատկերի արուեստի եւ գիտութեան ակադեմիայի խօսնակ Թենի Մելիտոնեանին վրայ, միայն անոր համար, որ ան ծագումով հայ է:
Իբրեւ իր պաշտօնական պարտականութեան մաս, ան մամլոյ հաղորդագրութիւն հրապարակած էր`  նշելով այն 71 արտասահմանեան երկիրներուն անունները, որոնք ժապաւէններ ներկայացուցած էին «Օտար լեզուով լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգին, ներառեալ` Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան:
Ատրպէյճանցիներուն համար կարեւոր է հասկնալ, որ նման ցեղապաշտական ելոյթները տեղ չունին քաղաքակիրթ հասարակութեան մէջ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով եւ ոչ թէ՝ այլատեացութեան վիրաւորանքներ շպրտելով: Օր մը, երբ խաղաղութիւնը վերահաստատուի շրջանի մէջ, հայերն ու ատրպէյճանցիները պէտք է կողք-կողքի ապրին ոչ թէ իբրեւ թշնամիներ, այլ իբրեւ դրացիներ եւ ընկերներ: Ատելութիւն եւ ցեղապաշտութիւն սերմանող ատրպէյճանցիները ոչ միայն ցեխ կը շպրտեն իրենց սեփական հեղինակութեան վրայ, այլեւ անտեղի կը խորացնեն եւ կ՛երկարաձգեն երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ հակամարտութիւնը:
Բարեբախտաբար հայերը զերծ մնացին «Օսքար»ի  համար Ատրպէյճանի ներկայացուցած ժապաւէնի դէմ պատասխան քայլերէն: Քաղաքական պայքարը պէտք չէ փոխակերպուի մշակութային պատերազմի կամ անձնական վրէժխնդրութեան: Թող յաղթէ լաւագոյն ժապաւէնը, անկախ անկէ` ան պիտի արտադրուի հայու, ատրպէճանցիի կամ թուրքի կողմէ: Այս տարուան Դեկտեմբեր 20ին Ակադեմիան պիտի յայտարարէ «Օտար լեզուով լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգի ինը ֆիլմերու, 2013 թուականի Յունուար 10ին` հինգ եզրափակիչ հասած կարճ ցանկը, իսկ 2013 թուականի Փետրուար 24-ին` «Օսքար»ի յաղթողը:
«Եթէ բոլորը…» ժապաւէնը միասնաբար նկարահանած են Թերեզա Վարժապետեանը եւ մրցանակակիր դերասան ու բեմադրիչ Միքայէլ Պօղոսեանը, որ ֆիլմի մէջ կը խաղայ հայ հրամանատարին դերը: Ժապաւէնի բեմադրիչն է Նաթալիա Պելիաուսկենէն, իսկ երիտասարդ ռուս աղջկան դերակատարը` Եկատերինա Շիտովան: Ժապաւէնը ցուցադրուած է Երեւանի, Մոսկուայի, Փարիզի, Պուքրէշի, Հոլիվուտի մէջ եւ արժանացած՝ շարք մը մրցանակներու միջազգային ժապաւէնի փառատօներուն:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց` «Եռագոյն» կայքէջը
 
  -   Յօդուածներ