ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Արդարամիտ Թուրքին Մտորումները. Գերմանիա Կրնա՞յ Օրինակ Ծառայել Թուրքիոյ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Արդարամիտ Թուրքին Մտորումները. Գերմանիա Կրնա՞յ Օրինակ Ծառայել Թուրքիոյ

  • 19-12-2012 08:00:51   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Եթէ կարելի ըլլար համասերել (քլոն) թուրք երեւելի մեկնաբան Օրհան Քեմալ Ճենկիզը եւ բազմացնել անոր ազնիւ սիրտն ու արդար խիղճը, այն ատեն թրքական կառավարութիւնը պիտի կարենար դրսեւորել աւելի արդարամիտ եւ մարդկային մօտեցում՝ իրմէ եղած հայկական պահանջներուն  նկատմամբ։

Եւրոպական ակադեմիային հրաւէրով եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ, վերջերս Ճենկիզը խումբ մը թուրք լրագրողներու եւ մարդկային իրաւունքներ հետապնդող գործիչներու  հետ այցելած էր Գերմանիա: Թուրք հիւրերը մասնակցեցան «Անցեալէն մնացած դժուար ժառանգութիւնը» խորագիրը կրող համաժողովին, որուն նիւթը այն էր, թէ այսօրուան գերմանացիները ինչպէ՛ս կ’առերեսուին նացիներուն կատարած ոճրագործութիւններուն հետ:
Թուրքիա վերադառնալէն ետք Ճենկիզ երկու ցնցող յօդուած հրատարակեց «Թուտէյզ Զաման» թերթին մէջ՝ «Գերմանիա կրնա՞յ Թուրքիոյ համար օրինակ ծառայել՝ անցեալի վայրագութիւններու հետ առերեսման հարցով» եւ «Թուրքիոյ ու Գերմանիոյ անցեալի վայրագութիւնները» խորագիրներով:
Ճենկիզ կը խոստովանի, որ Գերմանիա տուած իր այցելութենէն առաջ կը կարծէր, թէ՝ «գերմանացիները պարտադրուած էին դէմ յանդիման կանգնելու իրենց դժուար անցեալին հետ՝ ճնշման տակ արտաքին ուժերու, որոնք երկիրը ծունկի բերած էին Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք»: Ան հարց կու տար, թէ Գերմանիա արդեօք կրնա՞յ օրինակ ծառայել այլ երկիրներու համար՝ իրենց անցեալին հետ ինքնակամ առերեսուելու իմաստով: Ի զարմանս թուրք սիւնակագիրին, ան կը յայտնաբերէ, թէ հակառակ անոր որ գերմանացիները իրենց անցեալին դէմ յանդիման կանգնած են ջախջախիչ պարտութենէ ետք, սակայն անոնք որոշած են նոր երկիր ստեղծել` «հիմնուած յիշողութեան, ոգեկոչման եւ անցեալը դիմակայելու անվերջ գործընթացին վրայ»:
Արդարամիտ թուրք գրողը «մեծապէս տպաւորուած եւ յուզուած է» Պերլինի մանկապարտէզներէն մէկուն մէջ աղիւսէ պատ տեսնելով: Ամէն տարի ուսուցիչները իրենց աշակերտներէն կը խնդրեն իրենք զիրենք նոյնացնել հրեաներուն հետ, որոնք ժամանակին իրենց դրացի եղած էին, մինչեւ նացիներուն կողմէ սպաննուիլը: Յետոյ երեխաները աղիւսներու վրայ հրէական անուններ կը գրեն եւ մէկը միւսի վրայ տեղադրելով` յուշապատ կը կառուցեն:  Ճենկիզ կը գիտակցի, որ «Գերմանիոյ մէջ  յիշողութիւնը դարձած է առօրեայ կեանքի անբաժան մասնիկը»:
Ճենկիզ կը յուսայ, որ օր մը թուրք «երեխաները նոյն բանը պիտի ընեն: Ես երեւակայեցի, թէ Պոլսոյ մէջ երեխաները պատ կը կառուցեն՝ աղիւսներու վրայ գրելով 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին իրենց տուներէն տեղահանուած եւ այլեւս երբեք չվերադարձած հայ մտաւորականներուն անունները»: Ան համոզուած է, որ՝ «Գերմանիոյ մէջ գոյութիւն ունի անցեալի հետ առերեսուելու յստակ պետական քաղաքականութիւն: Թանգարանները, ցուցահանդէսները եւ դպրոցական ծրագիրերը կը վկայեն, թէ պետական հատուածը ինչպիսի աւանդ ներդրած է այս ճիգին մէջ: «Այդպէս, աստիճանաբար ես սկսայ հասկնալ, որ Թուրքիան կրնայ շատ բան շահիլ գերմանական փորձառութենէն` անցեալի հետ առերեսուելու դժուար ճամբուն վրայ»:
Ճենկիզ իր երկրորդ յօդուածին մէջ 19-րդ եւ 20-րդ դարերը համարձակօրէն կը բնութագրէ իբրեւ  «Ցեղասպանութիւններու դարաշրջան», որ իր մէջ կը ներառէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան կը բացատրէ, որ ի տարբերութիւն միւս ազգերու կատարած զանգուածային ոճրագործութիւններուն՝ գերմանացիներուն եւ թուրքերուն ոճիրները «իրենց դրացիններուն դէմ էին, որոնց հետ անոնք կողք կողքի ապրած էին դարեր շարունակ: Ես կը կարծեմ, թէ ասիկա առանձինն գերմանական եւ թրքական օրինակներու հիմնական զատորոշիչն է …. Երբ դուն կը սպաննես դրացիներդ, ասիկա սեւ փոս մը` ճեղք մը կը յառաջացնէ ազգային ինքնութեանդ մէջ»:
Ձգտելով ընդօրինակել գերմանական փորձառութիւնը՝ Ճենկիզ յոյսով է, որ ինք Թուրքիոյ մէջ պիտի տեսնէ յուշարձաններ` նուիրուած «Հայկական կոտորածներուն, հրեաներու եւ յոյներու դէմ ուղղուած ջարդերուն, ինչպէս նաեւ՝ ալեւիներու եւ միւսներուն դէմ կատարուած սպանդներուն: Երբ Թուրքիան սկսի յիշել ու յիշատակել անցեալի վայրագութիւնները` Ահաբեկչութեան տեղագրութեան թանգարանը, որ կառուցուած է նացիներու նախկին գլխաւոր սպայակոյտին տեղը, Պերլինի Հրէական թանգարանը եւ միւսները լաւ օրինակ կրնան ծառայել անոնց հետեւելու համար…. Թուրքիան շատ բան ունի սորվելիք Գերմանիայէն՝ անցեալի վայրագութիւններու հետ հաշտուելու համար»:
Թէեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը շատոնց հասունցած է, սակայն հաշտեցման իսկական գործընթացը կրնայ սկսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան թուրք կազմակերպիչներուն անունները ջնջելով դպրոցներու, փողոցներու եւ հրապարակներու վրայէն ՝Թուրքիոյ ողջ տարածքին: Թրքական կառավարութիւնը պէտք է նաեւ քանդէ Պոլսոյ մէջ Թալէաթի  խայտառակ դամբարանը` զայն փոխարինելով Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանով: Թուրքիան պէտք է նաեւ միլիառաւոր տոլարներու փոխհատուցում վճարէ հայ զոհերու ժառանգորդներուն` հրեաներուն Գերմանիոյ կատարած վճարումներուն օրինակով: Եւ, ամէնէն կարեւորը` Թուրքիան պէտք է հայերուն վերադարձնէ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւած տարածքները:
Ա, Համաշխարհային պատերազմին իբրեւ Թուրքիոյ մօտիկ դաշնակից՝ Գերմանիան եւս հայերուն հանդէպ պարտականութիւն ունի` Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ իր դերակատարութեան ճանաչումը: Գերմանիան պէտք է ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն եւ հատուցէ անոր: Միայն այդ պարագային գերմանացիները լիովին արժանի պիտի ըլլան Օրհան Ճենկիզի գովեստներուն` իրենց անցեալին ազնուօրէն առերեսուելու համար:
 Մինչ ժամանակին Թուրքիոյ ցեղասպանական նախընթացի պատկերը օրինակ ծառայած է նացի Գերմանիոյ համար՝ Ողջակիզումը կատարելու ընթացքին, այժմ ալ Գերմանիոյ կարգն է օրինակ ծառայելու Թուրքիոյ` իր ցեղասպանական անցեալին հետ հաշտուելու իմաստով։
 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
Թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը
 
 
  -   Յօդուածներ