Հայաստան 139 երկիրներու կարգին 90րդ կը հանդիսանայ զբօսաշրջութեան ցուցանիշներով


Հայաստան 139 երկիրներու կարգին 90րդ կը հանդիսանայ զբօսաշրջութեան ցուցանիշներով

  • 10-03-2011 18:15:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի կողմէ հրապարակուեցաւ »Ճամբորդութիւն եւ զբօսաշրջութիւն« խորագրեալ 2011ի տեղեկագիրը, որ Հայաստան 139 երկիրներու կարգին 90րդ կը հանդիսանայ։ Տեղեկագրի մէջ Վրաստան կը գտնուի 73րդ, Ատրպէյճան՝ 83րդ, Թուրքիա՝ 50րդ եւ Իրան՝ 114րդ կարգի վրայ։ Եւրոպական 42 երկիրներու շարքին Հայաստան 40րդն է։ Հայաստանէն աւելի ցած ցուցանիշներ ունին Պոսնիա-Հերձեկովինա եւ Մոլտաւիա։ Տեղեկագրի առաջատարներ կը նկատուին Զուիցերիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Աւստրիա Շուէտ, Ամերիկա, Մեծն Բրիտանիա, Սպանիա, Գանատա եւ Սինկափուր։ Վարկանշային ցանկը կազմուած է նկատի ունենալով կարգ մը պայմաններ. այդ երկրի օրէնսդրութիւնը, շրջակայ միջավայրի կայունութիւնը, ապահովութիւնը, առողջութեան եւ առողջապահական դրութիւնը, ճամբորդութեան եւ զբօսաշրջութեան առաջնահերթութիւնները, օդային ու ցամաքային փոխադրութեան ենթակառոյցները, գիները, բնութիւնը, մարդկային ու մշակութային հարստութիւնը։ Տեղեկագրի մէջ նաեւ կը նշուի որ 2010ին զբօսաշրջութեան մարզէն ներս գրանցուած է 5-6 տոկոսի բարելաւում։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը