ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքերը Կ՛օժանդակեն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Քարոզչութեան


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքերը Կ՛օժանդակեն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Քարոզչութեան

  • 26-12-2012 08:00:10   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 2005ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 90ամեակի նախօրեակին, նշանաւոր թուրք մեկնաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ գրեց յօդուած մը՝  կոչ ուղղելով թուրք հանրութեան պատրաստ ըլլալու յառաջիկայ «Հայկական ծովաշարժ»ին:

 Այս ամսուան սկիզբը  թրքական «Կազէթ Կարս»  թերթը հրապարակեց  նոյնանման խմբագրական մը՝ «Հայկական նախապատրաստութիւնները՝ 2015 թուականին» խորագիրով, նախազգուշացնելով թուրքերը Հայոց Ցեղասպանութեան մօտալուտ հարիւրամեակէն՝ 2015ին, եւ խորհուրդ տալով անոնց դիմելու հակազդեցութեան արդիւնաւէտ միջոցներու: 
 Խմբագրականը ցոյց կու տայ, թէ թուրքերը որքան մօտէն կը հետեւին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով հայկական նախապատրաստական աշխատանքներուն, եւ որքան անձկութեամբ կը  կշռադատեն հայկական  յառաջիկայ ձեռնարկներուն ազդեցութիւնը Թուրքիոյ վրայ: 
 Ծաւալուն սիւնակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանն ու Սփիւռքը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին կ’ընդլայնեն իրենց միացեալ արշաւը՝ ընդդէմ Թուրքիոյ: Յօդուածը կը նախազգուշացնէ, որ՝ «հայերը իրենց սուտերով ամբողջ աշխարհը ոտքի պիտի հանեն» եւ կ’առաջարկէ, որ «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը անյապաղ գործի լծէ իր բոլոր միջոցները եւ կանխարգիլման քայլերու ձեռնարկէ՝ այդ խաբէութիւնը ի չիք դարձնելու համար»: 
 «Կազէթ Կարս» թերթը կը դժգոհի, որ հայերը «կը նսեմացնեն Թուրքիոյ հեղինակութիւնը` ուժեղ յարձակումներ գործելով 40 ճակատներու վրայ: Այդ յարձակումներուն հակահարուած տալու համար Թուրքիա պէտք է  դիմէ աւելի մեծ պաշտպանողական եւ յարձակողական միջոցներու: Ոչ մէկ վայրկեան  պէտք է կորսնցնել: Աշխարհը կուլ  կու տայ անոնց սուտերը»: 
Խմբագրականին մէջ կը ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ գլխաւոր անձնաւորութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը: Թերթը յատկապէս կը յիշատակէ փրոֆ. Թաներ Աքչամը, բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնները, Պերլինի համալսարանը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը՝ մէջբերելով անոր ըսածը. «Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարը պէտք է միաւորել փոխհատուցման ըմբռնումով…. Մենք պէտք է հետամուտ ըլլանք օրինական ուղիներու` այս ոճրագործութեան պատասխանատուութիւնը ճշդելու համար»: 
«Կազէթ Կարս» թերթը նաեւ կը թուարկէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայկական ազգային ուսումնարանը, ինչպէս նաեւ Զօրեան եւ Կոմիտաս ուսումնարանները՝ իբրեւ կազմակերպութիւններ, որոնք յաջողած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու աշխարհի գիտական շրջանակներու եւ լրատուամիջոցներու ուշադրութեան: Նշանաւոր թուրք արձակագիրներ Օրհան Փամուքը եւ Էլիֆ Շաֆաքը, որոնք համարձակօրէն դատապարտած էին Թուրքիոյ խեղաթիւրումները Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ, կը մեղադրուին «Սփիւռքի հայկական լոպպիստական կազմակերպութիւններ»ու աջակցութիւնը վայելելու մէջ: 
 Թրքական թերթը կը տեղեկացնէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու ծրագիրը նախապատրաստելու համար 23 Ապրիլ 2011ին Երեւանի մէջ ձեւաւորուած է պետական համակարգող յանձնաժողով, զոր կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, եւ որ իր անդրանիկ նիստը գումարած է 30 Մայիս 2011ին: 
 Այնուհետեւ, թուրք խմբագիրը կը կեդրոնանայ յօդուածիս վրայ՝ սխալելով եւ զիս ներկայացնելով իբրեւ «Արա» Սասունեան՝ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ:  Յօդուածէս կը մէջբերէ այն հատուածը, ուր կը նշուի, որ «Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը այլեւս օգտաւէտ չէ հայերուն համար: Ընդհակառակը` վնասակար է: Թուրքերը շատ ուրախ են, որ մենք կը բաւարարուինք միայն այս պահանջով: Մենք պէտք է արդարութիւն պահանջենք: Երբ անոր հարց տրուած է, թէ արդարութիւն ըսելով ի՛նչ նկատի ունի, ան բացատրած է, որ ատիկա կը նշանակէ բարոյական, նիւթական եւ տարածքային վերականգնում»: 
Ապա թուրք գրողը մանրամասնօրէն  կը վերլուծէ տեսակէտներս՝ նշելով.  «Սասունեան կը հաւատայ, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւնները այնքան ալ կատարեալ չեն, եւ որ անհրաժեշտ է գաղափարական միասնականութիւն ունենալ, յատկապէս Հայ Դատին առնչուող հարցերու մէջ: Սասունեան նաեւ կը հաւատայ, որ աւելի լուրջ արդիւնքներու կարելի է հասնիլ 100 երկրի մէջ ապրող հայերը համախմբելով 350 ներկայացուցիչներէ բաղկացած Սփիւռքի խորհրդարանի հովանիին տակ»: 
«Կազէթ Կարս» թերթը իր խմբագրականը կ’եզրափակէ ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին առիթով նախատեսուած շարք մը  հայկական ձեռնարկներ. 
1. Պատրաստել հրապարակութիւններ եօթը լեզուներով` հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն:
2. Նկարահանել գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարժապատկերներ, կազմակերպել համերգներ եւ ցուցահանդէսներ, հրատարակել գիրքեր եւ գիտական նիւթեր:
3. Եռակի չափով ընդարձակել Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը:
4. Ստեղծել Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողով:
5. Կազմակերպել լրատուամիջոցներու համաժողովներ, կապեր հաստատել 89 երկիրներու լրատուական գործակալութիւններու հետ։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ Հայաստան հրաւիրել Սփիւռքի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու լրագրողները:
6. Ժամանակակից ճարտարագիտութիւնները օգտագործելով` տարբեր լեզուներով ելեկտրոնային գիրքեր հրապարակել եւ կապեր հաստատել ցեղասպանութեան հետազօտութեամբ զբաղող գիտական եւ մշակութային գործիչներու, լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:
7. Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր նկարահանել՝ յայտնի հնդիկ բեմադրիչ Շեխար Գաբուրի եւ փորթորիքացի բեմագիր Խօսէ Ռիվէրայի մասնակցութեամբ:
 Այնքան ատեն որ թուրքերը Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով ձեռնարկներու տարափ կ’ակնկալեն, ուստի հայերը իրենց  առաւելագոյնը պէտք է ընեն՝ զանոնք յուսախաբ չընելու համար: 
 «Կազէթ Կարս» թերթի խմբագիրները չեն գիտակցիր, որ հայերը իրականութեան մէջ կ’ողջունեն Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն հակահարուած տալու թուրքերուն մտադրութիւնը: Այդպիսով թրքական կողմը կը նպաստէ Հայ Դատի քարոզչութեան` շատ աւելի, քան ինչ որ հայերը կրնան ընել ինքնուրոյն միջոցներով:
  
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց` 
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը
 
  -   Յօդուածներ