Թէքէյեան Մշակութային Միութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին


Թէքէյեան Մշակութային Միութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

  • 09-03-2011 16:09:14   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երկուշաբթի 7 Մարտ 2011-ի յետմիջօրէին, Թէքէյեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորութեամբ՝ նորընտիր դիւանի ատենապետ Պրն. Յակոբ Գասարճեանին: Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ առհասարակ հայութիւնը հերաքրքրող ազգային թէ եկեղեցական զանազան նիւթերու շուրջ: Այցելութեան իբրեւ եզրափակում, Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր Հայրապետական օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց Թէքէյեան Մշակութային Միութեան եւ անոր ղեկավար անձնակազմին:
  -   Մամլո հաղորդագրություն