Սիրարփի Աճէմեան նոր հրաշք մը իրագործած է<br />


Սիրարփի Աճէմեան նոր հրաշք մը իրագործած է

  • 03-03-2011 20:37:35   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ, Թորոնթոյի մեր պատուակալ աշխատակից Յարութիւն Դերձակեանի թղթակցութեամբ արձագանգած էինք յայտնի բեմադրիչ ու դերասան, բնիկ Պոլսահայ Սիրարփի Աճէմեանի վերջին բեմադրութեան։ Սիրարփի Աճէմեան, անտեսելով երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի յոգնութիւնը, նոր հրաշք մը իրագործած էր բեմադրելով Մուշեղ Իշխանի »Մեռնիլը որքան դժուար է« թատերախաղը։ Իշխանի այս դժուարին թատերախաղը առաջին անգամ էր որ կը բեմադրուէր Թորոնթոյի մէջ ու ինչպէս կը վկայէ մեր աշխատակիցը, բեմադրութիւնը գտաւ մեծ յաջողութիւն։ Առաջնորդ Բագրատ Սրբազանն ալ, պատուեց հանդէսը, եւ բեմ բարձրանալով իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Սիրարփի Աճէմեանի ու գործընկերներուն նկատմամբ։ Սիրարփի Աճէմեանի անունը քաղցր ու անմոռանալի յիշատակներ կ’արթնցնէ մեր սերունդին յիշողութեան մէջ։ Սիրարփի Աճէմեան մէկն էր որ իր անուրանալի նպաստը բերած էր 50-ական թուականներուն Մխիթարեան Սանուց Միութեան երդիքին տակ ստեղծուած թատերական հիանալի աշխատանքին։ Սիրարփի հրաշալի դերասանուհի էր ու հայերէն լեզուով ներկայացման վարպետ մը, ինչ որ բնական երեւոյթ էր այդ օրերուն։ Ինչ որ բնական չէ հիմա, այն է որ այսքան երկար տարիներ վերջ, Թորոնթոյի նման տեղ մը, Սիրարփի Աճէմեան հաւատարիմ կը մնայ իր նուիրումին ու կը շարունակէ հայերէն ներկայացում սարքել այնպիսի շրջանի մը երբ շատեր կռնակ կը դարձնեն հայերէն լեզուին։ Մեր պատուակալ աշխատակիցը մեզի յայտնած է որ Սիրարփի Աճէմեան պատրաստ է ընդառաջելու Ամերիկայէ ու Գանատայէն գալիք որեւէ հրաւէրի, որպէսզի ուրիշ քաղաքներու մէջ եւս կրկնէ այս ներկայացումը։ Երանի՜ թէ բազմաթիւ առաջարկներ տեղան ու Սիրարփի Աճէմեան ուրիշ հորիզոններու արուեստասէրներուն ալ հասցնէ իր նուիրական աշխատանքին պտուղները։ Որքան ալ հեռու ըլլանք իրարմէ, կրկին կը շնորհաւորենք մեր սիրելի բարեկամուհի Սիրարփի Աճէմեանը ու անոր բոլոր գործընկերները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը