Էրպաքանին յուղարկաւորութիւնը վերջին տարիներու ամէնէն անմոռանալի պատկերներէն մէկը ստեղծեց


Էրպաքանին յուղարկաւորութիւնը վերջին տարիներու ամէնէն անմոռանալի պատկերներէն մէկը ստեղծեց

  • 02-03-2011 19:15:54   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Կասկած չկայ որ երկար տարիներ պիտի խօսուի Սաատէթ Կուսակցութեան ղեկավար Նէճմէտտին Էրպաքանի երէկուան յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւններուն շուրջ եւ բոլորին մտքին մէջ պիտի քանդակուի այն արտակարգ պատկերը որ ստեղծուած էր Իսթանպուլի Ֆաթիհի մզկիթին շուրջ։ Ոչ թէ հարիւր հազարներու, այլ միլիոններու մասնակցութեամբ յուղարկաւորութիւն մըն էր այս եւ ունէր բնականաբար իր բարձր քաղաքական ու մասնաւորաբար կրօնական նշանակութիւնը։ Բազմութիւնները որոնք եկած էին յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու, անհաւատալի տեսարան մը պարզած էին, աննախընթաց խճողում մը, մարդու հոսանք մը որ ո՛չ ոստիկան մտիկ կ’ընէր, ո՛չ փրոթոքոլ, ո՛չ Հանրապետութեան Նախագահ կամ վարչապետ։ Պէտք է գոհ մնալ որ Վարչապետ, Հանրապետութեան Նախագահ, Խորհրդարանի Նախագահ ու այսպիսի պետական դէմքեր կրցան անվնաս դուրս գալ այդ բազմութիւններուն մէջէն, ուր ոստիկաններն իսկ չէին յաջողեր ճամբայ բանալ ու ապահով կերպով տեղ հասցնել պետական աւագանին։ Ո՞ր ազդակն էր, ի՞նչն էր որ այսպիսի պատկեր մը կը ստեղծէր Նէճմէտտին Էրպաքանի դէպի յաւերժութիւն վերջին ուղեւորութեան ընթացքին։ Շատեր երէկ կրնային այս հարցումը ուղղել ու պէտք է ուղղէին, որովհետեւ Էրպաքան, որքան ալ պատնէշի վրայ կը մնար քաղաքական կեանքի թատերաբեմէն ներս, քայքայուած իր առողջութեամբ ու իր կորսնցուցած քաղաքական ուժով այն տպաւորութիւնը կը թողուր որ այլեւս այնքան մեծ դերակատարութիւն չունէր հանրային ու քաղաքական կեանքէն ներս, բայց երէկուան յուղարկաւորութիւնը, որ վաղուց կը գլէր կ’անցնէր երախտագիտութեամբ ու պարզ յարգանք ցուցաբերելով վերջին պարտք մը վճարելու աւանդութեան սահմանները ու կը զգենուր քաղաքական շատ խորունկ նշանակութիւն, որուն վրայ ծանրութիւն կը դնէր կրօնքը, որ իր մասնաւոր գերակշիռ տեղը ունեցաւ Էրպաքանի քաղաքական ու կրօնական տեսակէտներուն մէջ։ Երէկուան յուղարկաւորութիւնը միայն յուղարկաւորութիւն մը չէր, այլ ցոյց մըն էր որ ապագայ օրերուն պիտի դառնայ վերլուծւմի ու գնահատանքի նիւթ։ Նախագահ Կիւլ ու վարչապետ Էրտողան, այդ ահաւոր բազմութեան մէջէն եթէ կրցան դագաղին մօտենալ ու ուս տալ դագաղին, ասիկա անշուշտ ունէր իր մասնաւոր նշանակութիւնը ու թերեւս վերջակէտ մըն էր պատմութեան մը որուն էջերուն մէջէն դուրս եկած էին իրենք եւս, որպէս Էրպաքանի ուսանողներն ու առաջին գործակիցները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը