Վիքիփէտիա-ն մէջ հայերէն յօդուածներու թիւը հասած է 12991ի


Վիքիփէտիա-ն մէջ հայերէն յօդուածներու թիւը հասած է 12991ի

  • 28-02-2011 21:43:33   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վիքիփէտիա համացանցային հանրագիտարանին մէջ հայերէն յօդուածներու թիւը հասած է 12991ի։ Հոն արձանագրուած է 10.221 գործածող՝ Հայաստանէն։ Ատրպէյճանէն յօդուածներուն թիւը նոյն հանրագիտարանին մէջ աւելի քան 54 հազար է, իսկ աշխոյժ գործածողներու թիւը 339։ Յիշեցնենք որ անցեալ տարուան ընթացքին Վիքիփէտիա-ի հայկական յօդուածները գրոհի կ’ենթարկուէին ատրպէյճանական 26 անդամ ունեցող խումբի մը կողմէ, որ կ’օգտուէր կայքէն »օփըն սօրս« սկզբունքէն։ Սակայն նոյն ելեկտրոնային հանրագիտարանի ղեկավարութիւնը քայլեր առաւ եւ խումբի անդամներուն մեծ մասը առնուազն երեք ամիսով զրկուեցաւ Վիքէփէտիա մուտք գործելու կարելիութենէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը