Մօտիկ ապագային Վանէն Երեւան ուղղակի թռիչքներ պիտի


Մօտիկ ապագային Վանէն Երեւան ուղղակի թռիչքներ պիտի

  • 28-02-2011 21:38:30   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վանէն թուրք գործարար Արսլան Պայրամի հիմնած »Վան Ուէյ« օդանաւային ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, մօտիկ ապագային Վանէն Երեւան ուղղակի թռիչքներ պիտի սկսին երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական, զբօսաշրջական ու մշակութային կապերը սերտացնելու նպատակով։ Պայրամ յայտնեց որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու բացումն ու խաղաղութեան հաստատումը, բնականաբար աւելիով պիտի զարգացնէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը։ Ան կ’ըսէ թէ հակառակ այն իրողութեան որ Վան մօտիկ է Հայաստանի, երկու երկիրներուն միջեւ փակ մնացած սահմանի հետեւանքով Հայաստանի ու Թուրքիոյ արեւելեան քաղաքներու միջեւ առեւտուրը ներկայիս կ’իրականանայ Վրաստանի միջոցաւ։ Յայտնենք որ Պայրամ նաեւ Վանի մէջ պանդոկի մը եւ զբօսաշրջական ընկերութեան մը սեփականատէրն է։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը