23-02-2011 22:17:17 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա
18 Փետրուարին Ամերիկայի մէջ մահացաւ ազգային բարերար Վիգէն Շաղզոյեան։ Հանգուցեալը հայ ժողովուրդի եւ Կիլիկիոյ աթոռի վաստակաւոր ու հաւատարիմ նուիրեալներէն մէկը եղած է եւ արժանացած՝ Կիլիկեան իշխանի շքանշանին։
Ան իր ծառայութեամբ, նիւթական ու բարոյական վաստակէն բաժին հանած է Ամերիկայի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւելեան թեմին, Քուէյթի Ծոցի երկիրներու թեմին եւ յատկապէս Քուէյթի ազգային վարժարանին ու հայ մշակութային հիմնարկի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն։
Վիգէն Շաղզոյեանի մարմինը հողին պիտի յանձնուի 26 Փետրուարին։