ՎԱՏԻՓի համակարգող մարմնի ընտրութիւնները յետաձգուեցան Յունիսին


ՎԱՏԻՓի համակարգող մարմնի ընտրութիւնները յետաձգուեցան Յունիսին

  • 22-02-2011 22:26:45   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա ՎԱՏԻՓ երէկ իր հերթական ժողովը գումարեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի »Պիլէք« հանգստարանին մէջ, օրակարգի նիւթ ունենալով երկու հարցեր։ Առաջին ու գլխաւոր հարցը ՎԱՏԻՓի համակարգող մարմնի ընտրութիւններն էին, բայց տրուած ըլլալով որ ՎԱՏԻՓի Ատենապետ եւ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու մնայուն դարմանումի տակ առնուած էր ստամոքսի անհանգստութեան պատճառով, այս ընտրութիւնները յետաձգուեցան Յունիսին։ Ժողովականներ ընդգծեցին որ Մայիսին մեր ազգային բազմաթիւ հաստատութիւններէ ներս Թաղային Խորհուրդներու ընտրութիւններ պիտի կայանային, ուստի աւելի ճիշդ կ’ըլլար որ ՎԱՏԻՓի համակարգող մարմնի ընտրութիւնները տեղի ունենային այդ ընտրութիւններէն ետք։ Ժողովին հիւրաբար ներկայ կը գտնուէին նաեւ Համահայկական մարզական խաղերու Իսթանպուլի կոմիտէի անդամները, որոնք բացատրութիւններ տուին նախապատրաստական աշխատանքներու մասին։ Ըսին որ մեր մարզական պատուիրակութեան կազմը վերջնականապէս չէ ճշդուած տակաւին։ Յայտնի դարձած է որ մէկ մարզիկի ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսը միասին կը կազմէ մօտաւորապէս 1000 տոլար։ Կոմիտէի անդամները խնդրեցին որ համայնքային հաստատութիւններ զօրակցին իրենց եւ իրենք կարենան պատշաճ մասնակցութիւն բերել մարզական այս փառատօնին։ Համայնքային կարեւոր հարցեր քննարկութեան նիւթ չդարձան եւ ժողովականներ իրարու միջեւ խօսակցութիւններ ունենալով փակեցին ժողովը։ Աւելի վերջ համակարգող մարմինը այցելեց Պետրոս Շիրինօղլուին՝ իր հիւանդասենեակին մէջ, բացատրութիւններ տուաւ ժողովի մասին եւ արագ ապաքինում մաղթեց Ատենապետին։ ՎԱՏԻՓի յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 21 Մարտին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը