Հայերու եւ թուրքերու միջեւ ատելութիւնը պէտք է ըստ կարելւոյն արագօրէն դարմանել


Հայերու եւ թուրքերու միջեւ ատելութիւնը պէտք է ըստ կարելւոյն արագօրէն դարմանել

  • 18-02-2011 18:21:21   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Զէրօ հարցեր, խաղաղ յարաբերութիւններ դրացի երկիրներու հետ«։ Ամերիկայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան գծի մասին կրկին խօսեցաւ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի մէջ։ Բանախօսութեան ներկայ էր »Գալիֆորնիա Քուրիըր« թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեան որ հարցում ուղղեց դեսպանին այն մասին թէ »Թուրքիա չի՞ պատրաստուիր վերադարձնել հայկական եկեղեցիները, հայերու կալուածները, արդեօք »ցեղասպանութիւն«ը ժխտելով ստախօս չի՞ նկատեր Պարաք Օպաման, որ յայտնած է թէ »Մեծ եղեռնի օրերուն զոհուած են միլիոնաւոր հայեր«։ Պատասխանելով հարցումին դեսպան Թան անգամ մը եւս կրկնեց Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը։ Ըսաւ որ օրէնսդիրները չե՛ն որ պիտի գնահատեն պատմութիւնը եւ այդ պատճառով է որ Թուրքիա կոչ կ’ուղղէ անկախ պատմաբաններու, որպէսզի յանձնաժողով մը կազմեն եւ ուսումնասիրեն »ցեղասպանութեան« մասին պնդումները։ »Հայերու եւ թուրքերու միջեւ ատելութիւնը պէտք է ըստ կարելւոյն արագօրէն դարմանել։ Պէտք չէ քայքայենք մեր երեխաներու համար մեծ ապագայ կերտելու ջանքերը«, յայտարարեց թուրք դիւանագէտը, նշելով որ հայեր պատմականօրէն մեծ ներդրումներ ունեցած են Թուրքիոյ ընկերային-մշակութային կեանքի մէջ եւ թուրքեր կը փափաքին որ ատելութիւնը չշարունակուի։ Նոյն բանախօսութեան ընթացքին թուրք դեսպանը ընդգծեց տարածքաշրջանէն ներս Թուրքիոյ առաջատար դերակատարութեան մասին, դիտել տալով որ Թուրքիա պատրաստ է օժանդակելու առկայ հարցերու լուծման։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը