«Մենք այլեւս ո՛չ թէ կարծեցեալ, այլ հարազատ հայրենակիցներ ենք»


«Մենք այլեւս ո՛չ թէ կարծեցեալ, այլ հարազատ հայրենակիցներ ենք»

  • 17-02-2011 17:45:04   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Այսօրուան »Սապահ« թերթը իր առաջին էջին, նաեւ ներքին էջին մէջ, զգայացունց տողերով արձագանգ կը հանդիսանայ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի ապասեփականացուած, ապա վերջին շրջանին վերադարձուած կալուածներէն՝ Էմինէօնիւի Սէլամէթ Խանին։ Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ, մենք այս խանի վերադարձուած ըլլալու ուրախառիթ լուրը հաղորդած էինք մեր ընթերցողներուն։ Թերթը այս նիւթի մասին նոր տեսակցութիւն մը ունեցած է Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, Վաքըֆներու նոր օրէնքի հիման վրայ, կառավարութեան կողմէ ազգապատկան մեր կալուածները վերադարձնելու զօրաշարժին մասին։ Յիշեցնելու համար մեր ընթերցողներուն, յայտնենք որ Էմինէօնիւի Սէլամէթ Խանը 1953ին, մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ կտակուած էր Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցին, որ 1994ին, Վաքըֆներու նոր օրէնքին համաձայն, փոխանցուած էր պետական գանձին։ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը այս կալուածի վերադարձը ապահովելու համար դիմած էր Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանին, բայց դատը մերժուած էր։ Յիշեալ խանը, որ տարիներ շարունակ անխնամ մնացած էր, 27 Փետրուար 2008ին կիրարկութեան դրուած Վաքըֆներու օրէնքի հիման վրայ, հիւանդանոցին վերադարձուեցաւ։ Այնուհետեւ, փոքրամասնական հաստատութիւնները վաքըֆներու այս նոր օրէնքէն օգտուելով, իրենց ձեռքէն առնուած 1410 կալուածներու վերադարձը ապահովելու համար դիմում կատարեցին։ Ասոնցմէ 96ի մասին վերադարձնելու որոշում ընդունուեցաւ։ Այս կարգին է նաեւ Սէլամէթ խանը, որ տարիներ շարունակ անխնամ մնալու հետեւանքով անփառունակ վիճակ կը պարզէ ներկայիս։ Պրն. Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է որ Հոգաբարձութիւնը ծրագրած է այս շէնքը հիմնական նորոգութեան ենթարկելէ ետք պանդոկի վերածել եւ այս պանդոկի հասոյթը Հիւանդանոցի բարգաւաճման յատկացնել։ Յայտնած է նաեւ որ բացի այս կալուածէն, Հիւանդանոցը դիմում կատարած է 19 կալուածներու վերադարձը ապահովելու համար եւ ասոնցմէ 7 կալուածներու վերադարձին մասին դրական պատասխան ստացած է։ Ասոնցմէ մէկն է հիւանդանոցի հանդիպակաց 44 արտավար հողամասը, որուն վրայ կը գտնուի ներկայիս Զէյթինպուռնուի մարզադաշտը, մարզական սրահը, օթօփարքը եւ թէյապարտէզը։ Շիրինօղլու ըսած է որ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցը մէկ շաբթուան ընթացքին 4.500 հիւանդներու ծառայութիւն կը մատուցանէ, ուստի որպէսզի մարդասիրական այս հաստատութիւնը գիտական նորագոյն նուաճումներուն ոտք յարմարցնելով կանգուն մնայ եւ աղքատ հիւանդներուն ալ ծառայութիւն բերէ, պէտք է իր սեփական այս հողատարածքին վերատիրանայ։ Շիրինօղլու ըսած է նաեւ որ հիւանդանոցապատկան այս հողատարածքին վրայ ծրագրած են յաւելուածական նոր շէնքեր կառուցանել եւ այդ շէնքերու հասոյթը օգտագործել։ Շիրինօղլու ըսած է. »Գիտենք որ Վարչապետը արդարադատ անձ մըն է եւ վստահ ենք որ ան արդարութիւնը ի գործ պիտի դնէ«։ Յայտնած է նաեւ որ ներկայ կառավարութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումը գնահատանքով կը դիմաւորուի արտասահմանի հայերուն կողմէ։ Անոնցմէ հազարաւորներ իրեն հարց կուտան. »Հիւանդանոցի դէմի պարտէզը վերադարձուա՞ծ է«։ Ինք ալ կը պատասխանէ որ վստահ է որ պիտի վերադարձուի այդ տարածքը։ Շիրինօղլու օրէնքի այս փոփոխութիւնը բարեշրջում որակելով, յայտնած է որ կառավարութեան այս բարեփոխութիւնը կուգայ փաստել որ »մենք այլեւս ո՛չ թէ կարծեցեալ, այլ հարազատ հայրենակիցներ ենք«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը