Հիլըրի Քլինթըն բացայայտ կերպով զօրակցութիւն յայտնեց իրանցի ընդդիմադիրներուն


Հիլըրի Քլինթըն բացայայտ կերպով զօրակցութիւն յայտնեց իրանցի ընդդիմադիրներուն

  • 15-02-2011 19:53:20   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու »յեղափոխութիւն«ներու ալիքը կը շարունակէ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտին վրայ մնալ, արտաքին քաղաքականութեան մարզէն ներս թատերաբեմ դառնալով աշխարհա-քաղաքական նոր զարգացումներու։ Այդ »ալիք«էն երէկ իր բաժինը ստացաւ նաեւ Իրան, ուր մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ ընդդիմադիրներ բողոքի ցոյցեր սարքեցին, բախումներ ունենալով ապահովութեան մարմիններու հետ։ Ականատեսներու համաձայն, ընդդիմադիրները փոքր խումբեր կազմելով հաւաքուեցան Ազատի հրապարակի մերձակայքը եւ սկսան լոզունգներ արձակել »մահ՝ բռնապետին« կոչերով։ Ոստիկանական ուժերը ցուցարարներու վրայ արցունքաբեր կազ արձակեցին, հարիւրաւորներ ձերբակալուեցան։ Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Սպահանի եւ Շիրազ քաղաքներու մէջ։ Իրանցի ընդդիմադիր առաջնորդներ՝ Քէրրուպի եւ Մուսավի տնային կալանքի տակ առնուեցան։ Քէրրուպի ցոյցերուն մասնակցելու համար արտօնութիւն պահանջեց, սակայն իր տունը պաշարուեցաւ ոստիկաններու կողմէ եւ չարտօնուեցաւ որ ան տեսակցութիւններ ունենայ նոյնիսկ իր մերձաւորներուն հետ։ Գալով Հիւսէյին Մուսավիի, անոր եւ կնոջ տան եւ գրպանի հեռաձայնները անջատուեցան եւ առտուան ժամերէն սկսեալ անոնց տունն ալ, նոյնիսկ անոնց բնակած փողոցն ալ ամբողջութեամբ շրջապատուեցաւ ոստիկաններէ։ Ներքին Նախարարութիւնը պնդեց թէ ցոյցերու համար արտօնութիւն չէ տրուած։ Այս զարգացումներու լոյսին տակ իրանցի ընդդիմադիրներուն զօրակցութեան յայտարարութիւն մը եկաւ Ամերիկայէն։ Արտաքին Նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարութիւն մը ընելով բացայայտ կերպով զօրակցութիւն յայտնեց։ Քլինթըն ըսաւ որ իրանցիներն ալ, եգիպտացիներու պէս իրաւունք ունին իրենց ազատութիւններուն տիրանալու։ Աւելցուց նաեւ որ Իրանի վարչակազմը զօրավիգ կը կանգնի եգիպտացի ցուցարարներուն, սակայն իր երկրին մէջ ճնշում կը բանեցնէ։ Միւս կողմէ, Թունուսէն եւ Եգիպտոսէն ետք, ներկայիս Պահրէյնն է որ փուշերու վրայ նստած կը թուի։ Այսպէս այդ երկրի հարաւ-արեւմտեան շրջաններու մէջ, հոն ուր շիիներ մեծամասնութիւն կը կազմեն, երէկ ամբողջ օրը ցոյցեր տեղի ունեցան։ Այսօր աւելի լայնածաւալ գործողութիւններ կ’ակնկալուին. շիիներ կը պնդեն թէ իշխանութեան գլուխ գտնուող Սիւննի ընտանիքը պարբերաբար անջատողական քաղաքականութիւն կը վարէ իրենց դէմ եւ ճնշումներ կը բանեցնէ։ Պահրէյնի թագաւորը ձգտեալ վիճակը մեղմացնելու նպատակով յայտարարեց թէ ամէն ընտանիքի 2650 տոլարի օգնութիւն պիտի տրամադրուի, բացի ատկէ ազատ պիտի արձակուին կարգ մը անձեր, որոնք անցեալ տարի ձերբակալուած էին քաղաքական տեսակէտներու պատճառով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը