Հայ երիտասարդութեան եւ թուրք գործարարներու միջեւ արձանագրուած միջադէպը խորհրդածութիւններու տեղի կու տայ


Հայ երիտասարդութեան եւ թուրք գործարարներու միջեւ արձանագրուած միջադէպը խորհրդածութիւններու տեղի կու տայ

  • 15-02-2011 13:53:56   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Հայ երիտասարդութեան եւ թուրք գործարարներու միջեւ արձանագրուած միջադէպը քաղաքական հետագայ ընթացքին վրայ լոյս սփռող խորհրդածութիւններու տեղի կու տայ: Առաջին անգամը չէ, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը բողոքէ թրքական արտադրութիւններու տարածման դէմ: Միջադէպին կապուած կարգ մը երեւոյթներ սակայն նոր նախադէպեր կը ստեղծեն եւ առիթ կու տան մտածելու հետագայ զարգացումներուն մասին: Առաջին. Հայ երիտասարդութեան քաղաքակիրթ ոճին, բողոքի ընդունուած օրինաչափ կարգին դէմ թուրք գործարարներ համարձակութիւնը կ՛ունենան ֆիզիքական բռնամիջոցի դիմելու: Նախընթաց պարագաներու արձանագրուող միջադէպերը ընդհանրապէս ցուցարարներուն, բողոքողներուն եւ իրաւապահ մարմիններուն միջեւ կ՛ըլլար: Նաեւ` նման պարագաներու, երբ ամենախաղաղ ձեւերով կոչեր կը բաժնուէին ցուցասրահին մէջ ներկայ եղողներուն: Թրքական աննախադէպ համարձակութեան նոր երեւոյթ մը ինքզինք զգալի կը դարձնէ այս պարագային: Նման պատահարներու թրքական կողմը խնամքով անուշադրութեան կը մատնէր միջադէպը կամ առ հասարակ հայ երիտասարդին դրսեւորած պահանջատիրութիւնը: Ժխտողականութեան, դէպքը անարձագանգ ձգելու տարիներու վրայ երկարող վարքագիծ մը կարմիր թելի պէս կ՛անցնէր Լիբանանի մէջ գործող դեսպանատունէն մինչեւ Անգարայի քաղաքական կեդրոնները: Այս պարագային բոլորովին ուրիշ է ընթացքը: Թրքական լրատուադաշտը նկատառելիօրէն կ՛անդրադառնայ միջադէպին, խոշորացոյցի տակ կ՛առնէ եղածը, հայ երիտասարդութիւնը կը ներկայացնէ նախայարձակ եւ թուրք գործարար շրջանակը` զոհ: Ապատեղակատուական արշաւը դուրս կու գայ թրքական սահմաններէն եւ կը թակէ նաեւ հայաստանեան լարտուադաշտի դռները, ուր գործող տարբեր ներկայացուցիչները լրիւ կը վերարտադրեն լրատուութեան (չըսելու համար ապալրատուութեան) թրքական տարբերակը: Այս ապատեղեկատուութիւնը չի մոռնար ընդգծելու, որ միջադէպի մանրամասնութեան ծալքերուն իրազեկուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Այս ընդգծումը ինքնին կը նախանշէ, որ պաշտօնական Անգարան բողոքի նոթ յղելու կը նախապատրաստուի լիբանանեան իշխանութիւներուն, եթէ ոչ հարցի իրաւական հետապնդումին: Խորհրդածելի է անշուշտ, որ վարչապետ Էրտողանի կատարած այցելութեան ընթացքին լիբանանահայութեան դրսեւորած բողոքի գործողութիւններուն որեւէ հակազդեցութիւն չունեցած թրքական քաղաքական եւ տեղեկատուական դաշտը, այս պարագային ինչէ՞ թելադրուած հարցը կը բարձրացնէ մինչեւ արտաքին գործերու գերատեսչութիւն: Հայկական կողմը ընդհանրապէս հաշուի նստելու խնդիր ունի քանի մը նոր իրականութիւներու հետ: Բողոքի իւրաքանչիւր հետագայ գործողութիւն կրնայ հանդիպիլ թրքական հակազդեցութեան յետ այսու: Լիբանանեան իրաւապահ մարմինները չեն միայն, որոնք իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարեն, այլ նաեւ առաջին հերթին թրքական տաղաւարներու ետին գտնուող աւելի համարձակ ներկայացուցիչներ: Թրքական լրատուամիջոցները յայտնապէս փոխած են իրենց մարտավարութիւնը եւ լուռ անցնելու փոխարէն պիտի շարունակեն փորձ կատարել ապատեղեկացնելու հանրային կարծիքը: Աւելի՛ն. Նախադրեալներ կան մտածելու, որ բողոքի իւրաքանչիւր գործողութիւն անհետեւանք չձգելու եւ տեղւոյն դատական իշխանութիւններուն դիմելու փորձ պիտի կատարուի թրքական կողմէն: Հայկական պահանջատիրութեան հակազդելու մարտավարութիւնը կը թուի փոխուած ըլլալ այս երկրին մէջ: Լիբանանեան կողմը աչալուրջ հետեւելու հարկադրանքին տակ կը գտնուի: Ապահովական յաւելեալ միջոցառումներու ձեռք ձգում, հրաւիրեալ կողմը պաշտպանելու նախանձախնդրութիւն, բողոքի գործողութիւններ արգելակելու փորձեր. Ահա գործառոյթներ, որոնց պիտի դիմեն լիբանանեան կողմի համապատասխան մարմինները եւ զորս նկատի պէտք է առնուին բողոքող երիտասարդութեան կողմէ: Հայկական տեղեկատուադաշտը, ուր գործող կարգ մը լրատուամիջոցներ ներքաշուեացան թրքական տեղեկատուութեան ծուղակներուն, զգօնութիւն ցոյց տալու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուին: Նման միջադէպերու լուսաբանման համար երբեք հաւաստիութիւն չի ներշնչեր թրքական որեւէ աղբիւր: Նման աղբիւրներու յենուիլը պարզապէս լրագրողական նախնականութեան ցուցանիշ է: Բողոքի որեւէ քաղաքակիրթ գործողութենէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս ետք տեղեկատուական արշաւի կարիքը սուր կերպով ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Առարկայական, ճիշդ եւ լիբանանահայ պահանջատէր երիտասարդութեան արդար կեցուածքը լուսաբանող տեղեկատուական արշաւի մասին է խօսքը: Նոր պայմաններու մէջ, մարտավարական նոր շեշտադրումներով արարները պիտի կրկնուին յայտնապէս: Լիբանանահայ երիտասարդարութիւնը փաստեց, որ պատրաստ է այդ արարներու դիմագրաւման եւ իւրաքանչիւր առիթին ճիշդ պատգամը տեղ հասցնելուն: Շահան Գանտահարեան ,Ազդակեի գլխաւոր խմբագիր
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը