ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Լրտեսներ, Մատնիչներ եւ Կրկնակի Գործակալներ Պոսթընի Մարաթոնի Պայթիւններուն


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Լրտեսներ, Մատնիչներ եւ Կրկնակի Գործակալներ Պոսթընի Մարաթոնի Պայթիւններուն

  • 07-05-2013 12:16:25   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Պոսթընի մարաթոնի պայթումներու տարօրինակ հանգամանքներն ու կասկածելի անունները յառաջացուցած են բազմաթիւ հարցեր, որոնք տակաւին պատասխանի կը սպասեն կառավարութեան պաշտօնեաներէն եւ լրագրողներէն: 

Առաւել առեղծուածային անձնաւորութիւնը “Միշա”-ն է, զոր Պոսթընի պայթումներու հեղինակներուն հօրեղբայր Ռուսլան Ցարնին ներկայացուցած է իբրեւ իսլամացած հայ մը, որ իբր թէ “լուացած” է կասկածեալ Ցարնայեւ եղբայրներէն աւագին` Թամերլանի ուղեղը եւ զիրենք դարձուցած արմատական: Ռուսլան “Միշա”-ն բնութագրած է իբրեւ հսկայ կազմուածքով, ճաղատ եւ երկար ու շէկ մօրուքով դիւահալած մը:
Նախ ոչ ոք չէր կրնար գտնել “Միշա”-ն: Մինչ Թամերլանի հետ անոր ենթադրեալ կապն ու հայկական ծագումը բազմիցս յայտնուեցան ու յիշատակուեցան լրատուամիջոցներով, իշխանութիւններէն տասը օր պահանջուեցաւ յայտարարելու համար, որ իրենք գիտեն, թէ ով է “Միշա”-ն, եւ թէ ան կապ չունի ահաբեկչական գործողութիւններուն հետ:
Անցեալ Կիրակի “Նիւ Եորք Ռիվիու oֆ Պուքս” երկշաբաթաթերթի լրագրող Քրիստիան Քերիլին վերջապէս յաջողեցաւ գտնել եւ հարցազրոյց ունենալ աներեւութացած “Միշա”-ին հետ, Ռոտ Այլընտի մէջ գտնուող անոր տան մէջ: Նոյնիսկ երբ Քերիլը բացայայտեց, որ “Միշա”-ն Պաքուէն է, հայ հօր եւ ուքրանացի մօր զաւակ, եւ անոր ազգանունը Ալախուերտով է, լրատուամիջոցները կը շարունակեն զինք ներկայացնել միայն իբրեւ “հայ”: Յատկանշական է, որ ոչ Քերիլը, ոչ ալ ուրիշ մը նշած են, որ քրիստոնէական “Միշա”-ն կամ “Միքայէլ” անունը չի կրնար մահմետականի անուն ըլլալ: Նաեւ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, բազմաթիւ մահմետական ատրպէյճանցիներ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ դիմած են ապաստանի հայցով` իրենք զիրենք ներկայացնելով իբրեւ հալածուած հայ քրիստոնեաներ: Շատ տարօրինակ է, որ ենթադրեալ քրիստոնեայ “Միշա”-ն փախչելով Պաքուի իսլամական հետապնդումներէն, Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնափոխ եղած է: 
Հետաքրքրական է, որ Քերիլ կը հաղորդէ, թէ “Միշա”-ն ոչ մէկ կապ ունի Պոսթընի պայթումներու հետ, այսինքն նոյն բանը, զոր աւելի վաղ յայտարարած էին պետական քննիչները: Կրնայ ըլլալ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները Քերիլի համար կապ ստեղծած էին “Միշա”-ի հետ, որպէսզի հաստատեն անոր անմեղութեան վերաբերեալ իրենց յայտարարութիւնը, ինչ որ որոշ վերլուծաբաններ մղեց ենթադրելու, թէ կրնայ ըլլալ, որ “Միշա”-ն եղած է Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային պիւրոյի (ՀԴՊ) իրազեկիչ, որուն քողարկումը այժմ եռանդուն կերպով կը պաշտպանուի: 
Յաջորդ կասկածեալը հօրեղբայր Ռուսլանն է, որ կը մեղադրէ “հայ Միշա”-ն Թամերլանի վրայ ունեցած հզօր ազդեցութեան համար: Ռուսլան ունեցած է շատ խայտաբղետ անցեալ. աշխատած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման բաժնի եւ Կասպից ծովու ուժանիւթի  կարգ մը ընկերութիւններու մէջ, այդ ընթացքին ամուսնացած ըլլալով Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) բարձրաստիճան պաշտօնեայ Կրահամ Ֆուլըրի դստեր` Սամանթա Անգարա Ֆուլըրի հետ: Նկատի առնելով Ռուսլանի ազգակցական կապը պայթումներու հեղինակներուն ընտանիքին հետ, անոր աշխատանքը Կեդրոնական Ասիոյ քարիւղի ընկերութիւններու մէջ, ներառեալ Halliburton-ի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ԿՀՎ բարձրաստիճան պաշտօնեայի դստեր հետ ամուսնացած ըլլալու հանգամանքը, որոշ վերլուծաբաններ կ’ենթադրեն, որ առեղծուածային հօրեղբօրը պէտք է աւելի մօտէն հետաքննել: 
Նշանաւոր ամերիկահայ փաստաբան Մարք Կիրակոս նախորդ շաբաթ ՙՍի. Էն. Էն՚ լրատու գործակալութեան կայանէն խստօրէն քննադատեց Ռուսլան Ցարնին՝ առաջարկելով, որ «մէկը ստուգման ենթարկէ այս հօրեղբօր սթափութիւնը, որովհետեւ ես կը կարծեմ, թէ այս մարդը բանի մը ազդեցութեան տակ է”: Կիրակոսը ցասման մէջ էր, որովհետեւ Ռուսլան Պոսթընի պայթումները կապած էր «հայ Միշա”-ի հետ այն ժամանակ, երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կ’ոգեկոչէր Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցը: Այնուհետեւ Ռուսլան փորձած էր հեռաձայնով կապուիլ Կիրակոսի հետ, ուզելով “յստակեցնել” աւելի կանուխ իր կատարած  յայտարարութիւնը, սակայն Կիրակոսը մերժած էր ընդունիլ անոր զանգը: 
Որոշ վերլուծաբաններ կ’ենթադրեն, թէ կարելի է, որ Թամերլան գործուղուած եղած ըլլայ ռուսական գաղտնի ծառայութիւններու կողմէ՝ չեչեն ծայրայեղականները լրտեսելու համար, նախորդ տարի Չեչենիոյ եւ Տաղստանի մէջ անոր անցուցած վեց ամիսներու ընթացքին: Կրնայ ըլլալ, որ ռուսական գաղտնի ծառայութիւնները, ՀԴՊ-ն եւ ԿՀՎ-ն տեղեկացուցած է իսլամական խումբերու հետ Թամերլանի ունեցած կապերուն մասին, սակայն բաւարար պատասխան չստանալով Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներէն, գործը ստանձնելով  զայն յանձնած է գործազուրկ ու կարիքաւոր չեչեն երիտասարդին, որպէսզի այս մէկը կատարէ Ռուսիոյ մէջ անոր երկարատեւ կեցութեան ընթացքին: 
Այլ վերլուծաբաններ կ’ենթադրեն, թէ հաւանական է, որ Թամերլան եղած ըլլայ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան իրազեկիչը: Նման ենթադրութիւն աւելի արժանահաւատ է, քան թէ այն, որ ՀԴՊ-ն եւ ԿՀՎ-ն ի զօրու չեն եղած կամ շատ զբաղած էին Թամերլանի անցեալի մանրակրկիտ հետաքննութիւնը կատարելով, երբ ռուսական գաղտնի ծառայութիւնները անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրած են Թամերլանի անուան վրայ: Կրնայ ըլլալ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները շատ լաւ կը ճանչնային Թամերլանը եւ հաւանական է նոյնիսկ խրախուսած են անոր այցելութիւնը Ռուսիա` ժիհատական շրջանակներուն մէջ իբրեւ իրենց լրտես ։
Վերջապէս, կան նաեւ այնպիսի վերլուծաբաններ, որոնք կը կարծեն, թէ ամէն ինչ վերջ գտաւ այն ատեն, երբ Թամերլան դաւաճանեց թէ՛ ռուսական, թէ՛ ամերիկեան հետախուզական ծառայութիւններուն, փոխարէնը որոշելով աջակցիլ արմատական իսլամական խմբաւորումներուն` “Իրաքի եւ Աֆղանիստանի Միացեալ Նահանգներու պատերազմներու նկատմամբ զայրոյթէն մղուած”, ըստ անոր կրտսեր եղբայր Ճոխարի բանտի մէջ կատարած խոստովանութեան:
Բնականաբար, տարբեր վերլուծաբաններու կողմէ արծարծուած այս ենթադրութիւնները` հիմնուած նախնական տեղեկատուութեան վրայ, կ’ակնկալեն համակողմանի հետաքննութիւն Քոնկրեսի մէջ` իրական փաստերը բացայայտելու համար: Պոսթընի պայթումներուն ընթացքին սպաննուած եւ վիրաւորուած ամերիկացիները արժանի են անկեղծ պատասխանի:
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ