ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ցարնի Կը Հրաժարի Հայերուն Յայտնած Ներողութենէն եւ կը Խախտէ Նախկին Պնդումը Ուղղելու Խոստումը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ցարնի Կը Հրաժարի Հայերուն Յայտնած Ներողութենէն եւ կը Խախտէ Նախկին Պնդումը Ուղղելու Խոստումը

  • 13-05-2013 12:13:56   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ապրիլի 30-ին հայերը արթնցան հետեւեալ հրատապ լուրով. «Ռուսլան Ցարնի ներողութիւն կը խնդրէ հայ համայնքէն, ինչպէս կը հաղորդէր Մասաչուսեց նահանգի Ուոթերթաուն քաղաքին մէջ հրատարակուող «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթի խմբագիր Ալին Գրիգորեան:

Ցարնի մինչեւ ներողութիւն խնդրելը միջազգային լրատուամիջոցներուն ըսած էր, որ «իսլամացած հայ մը լուացած էր» իր զարմիկներուն` Պոսթընի ահաբեկիչներ Թամերլանի եւ Ճոխարի ուղեղները: Հօրեղբայր Ցարնի, հայ մը կապելով այս նողկալի յանցագործութեան հետ, յառաջացուցած էր զայրոյթը բոլոր հայերուն, որոնք կասկածելի շարժառիթներ կը տեսնէին անոր տարօրինակ պնդումներուն ետին:
Բնականաբար հայերը հանգստացան` իմանալով, որ Ցարնի «Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթին ըսած էր հետեւեալը. «Հայաստանը շատ հզօր մշակոյթ ունի, ուստի ես կ`ուզեմ ընդգծել, որ անոր [Միշայի] ինքնութիւնը որեւէ կապ չունի անոր հետ: Երանի թէ ես երբեւէ այդ մէկը ըսած չըլլայի»: Շարունակելով խօսքը` ան ներողութիւն խնդրած էր հայ համայնքէն` զայն «այս հրէշաւոր իրադարձութեան» հետ կապելուն համար:
Թէեւ Ցարնիի ներողութիւնը լաւ սկիզբ էր, սակայն անհամեմատելի էր այն ահռելի վնասին հետ, զոր ան պատճառած էր աշխարհասփիւռ հայերուն` արատաւորելով անոնց բարի համբաւը: Միայն հայկական թերթի մէջ ներողութիւն խնդրելը չէր կրնար ի չիք դարձնել այդ վնասը, քանի դեռ ան իր ըսածը չէր կրկնած ˂Սի. Էն. Էն.˃ով կամ այլ պատկերասփիւռի ընկերութիւններով:
Կապ հաստատելով Ցարնիի հետ` հարցուցի անոր, որ արդեօք նման ներողութիւն պիտի հայցէ՞ ամերիկեան պատկերասփիւռի կայաններէն: Ան դրական պատասխան տուաւ, քանի որ կ’ափսոսար հայու անունը «այս տխուր դրուագի մէջ» ներքաշելու համար: Ցարնի շեշտեց, որ ինք չէ «խօսած բոլոր հայերուն մասին, այլ` միայն հայկական ծագում ունեցող մէկուն: Ես երբեք մտադրութիւն չեմ ունեցած վնասելու հայերուն կամ որեւէ մէկուն: Շատ կը ցաւիմ, որ հայ ժողովուրդին անունը օգտագործուած է: Ինքզինքս մեղաւոր կը զգամ: Ես կ`ուզեմ ներողութիւն խնդրել: Ոչ մէկուն հաճելի պիտի ըլլայ առնչութիւն ունենալ նման արարքի հետ»: Ցարնի խնդրեց ինձմէ հայ ժողովուրդին տեղեկացնել, որ սարսափելիօրէն վատ կը զգայ պատկերասփռուած իր հարցազրոյցներուն մէջ հայերու մասին խօսելուն համար:
Նկատի առնելով հրապարակային նոր յայտարարութիւն ընելու անոր պատրաստակամութիւնը, անոր առաջարկեցի օգնել` ներողութիւն խնդրելու նոր գրութիւն պատրաստելու հարցով` հետագային պատկերասփիւռով անոր հաւանական ելոյթին համար: Նախ ան ողջունեց այդ գաղափարը, սակայն աւելի ուշ յայտնեց, որ ինք ոչ իմ առաջարկս կ’ընդունի, ոչ ալ իր յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ` պնդելով, որ իր նախկին յայտարարութիւնները հաւաստի էին, քանի որ Միշան հայկական ծագում ունէր, անտեսելով այն փաստը, որ Ատրպէյճանի մէջ ծնած Միշա Ալախուերտով ունէր խառն` հայկական եւ ուքրանական ծագում: Ցարնի նաեւ յայտնեց, որ երբեք նկատի չէ ունեցած «ողջ [հայ] ազգը: Անիկա անձնաւորութեան պարզ բնութագիր էր, որուն անունը ես այն ժամանակ չէի գիտեր: Եթէ գիտնայի, որ անոր անունը Միշա էր, ան կ’ըլլար Միշա, այլ ոչ թէ` հայ կամ մէկ ուրիշը»: Ան արդարացուց նաեւ «նոր իսլամացած հայկական ծագում ունեցող» արտայայտութեան օգտագործումը` պնդելով, թէ մտադիր եղած է «օգնել լրատուամիջոցներուն, լրագրողներուն եւ իրաւապահ մարմիններուն` այդ մարդը գտնելու համար»: Հետեւաբար ան որոշած էր ներողութիւն չխնդրել պատկերասփիւռով, ինչպէս որ նախօրօք խոստացած էր:
Նաեւ ան վիճարկեց «Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթին լուրը իր ներողութիւն խնդրելուն մասին` պնդելով, թէ իր ըսածը «սխալ մէջբերած են»: Ան յայտարարեց. «Ես երբեք չեմ ըսած` «Երանի թէ ես երբեւէ այդ մէկը ըսած չըլլայի»: Ես ըսած եմ, որ մտադրութիւն չեմ ունեցած հայերու անունը գործածել պայթիւններուն հետ կապուած: Ես խօսած եմ որոշակի անձնաւորութեան մասին, եւ ինծի ըսին, որ անոր մասին տեղեկութիւնը հաստատուած է իբրեւ ճիշդ տեղեկութիւն»: Հակառակ Ցարնիի ուշացած հերքման, «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթը տէր կը կանգնի իր հաղորդած լուրին, եւ ես որեւէ պատճառ չունիմ կասկածելու այդ թերթին ճշմարտացիութեան:
Ես Ցարնիին յիշեցուցի անոր անկատար մնացած յանձնառութեան մասին` ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանէն հանդէս գալու «հայ Միշայի» մասին անհիմն պնդումներու վերաբերեալ: Ան դեռ չէ պատասխանած, քանի որ զբաղած է իր զարմիկին` Թամերլանի յուղարկաւորութեան կազմակերպելով:
Բազմաթիւ անպատասխան հարցեր կան Ցարնիի մասին: Հակառակ անոր որ համացանցը լի է անոր անցեալին վերաբերեալ տարբեր տեսակի մեղադրանքներով, սակայն կը գերադասենք կանգ առնել հայ համայնքին համար առաւել անմիջական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վրայ.
- Ինչու՞ Ցարնի ներողութիւն խնդրեց «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթէն, իսկ յետոյ փոխեց կեցուածքը ու պնդեց, թէ իր ըսածը սխալ մէջբերած են: Արդեօք ան կը ցաւէ՞ր լրատուամիջոցներուն ըրած իր նախկին յայտարարութիւններու համար, իսկ այնուհետեւ անոնցմէ հրաժարեցաւ ` «անյայտ շահերէ» խորհո՞ւրդ ստանալով, որ պէտք չէ հայերէն ներողութիւն խնդրել:
- Ինչու՞ ան անձնական յանձնառութիւն ստանձնեց իմ առջեւս` հանդէս գալու գլխաւոր պատկերասփիւռի ընկերութիւններէն` հայերէն ներողութիւն խնդրելու համար, իսկ յետոյ հրաժարեցաւ անկէ:
Այս անպատասխան հարցերը կը ստիպեն միայն զարմանալ հօրեղբայր Ցարնիի խորհրդաւոր շարժառիթներէն եւ առեղծուածային կապերէն:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ