Հոգեգանգստեան յատուկ արարողութիւն «Զարեհեան Յու-շարձան-Դամբարան»ին մէջ<br />


Հոգեգանգստեան յատուկ արարողութիւն «Զարեհեան Յու-շարձան-Դամբարան»ին մէջ

  • 14-02-2011 15:08:51   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կիրակի 13 Փետրուար 2011-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայր Տա-ճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ, նախագա-հութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետին, հոգեգանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան Յու-շարձան-Դամբարան»ին մէջ։ Դամբարանը կառուցուած է 1964-ին եւ հոն ամփոփուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասկան շրջանի հայրապետներու եւ վախճանեալ միաբան-ներու աճիւնները։ Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւո-րութեամբ միաբան հայրերէ ու Դպրեվանքի ուսանողներէ կազմուած թափօրը ուղ-ղուեցաւ Մայր Տաճարի հիւսիսակողմը ուր կառուցուած է դամբարանը։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հայոց հայրապետ-ներու եւ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներու ճամբով ծաւալած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր առաքելութեան, որուն շարունակողն է Ս. Աթոռոյս այժմու գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, շրջապատուած Կիլիկեան Ս. Ուխտի միաբանութեամբ։ Դամբարանին մէջ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յիշուեցան Անթիլիասի մէջ հանգչող, թէ պայմաններու բերումով Մայրավանքէն դուրս թաղուած միաբան հայրերու անունները։ Այսպէս, երանաշնորհ Սահակ Բ, Բաբգէն Ա, Պետրոս Ա, Գարեգին Ա, Զարեհ Ա, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Հայրապետները։ Այլեւ՝ Շահէ Արք. Գասպարեան, Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան, Փառէն Եպս. Մելքոնեան, Սմբատ Ծ. Վրդ. Սալպաշեան, Եփրեմ Արք. Տոհմունի, Խորէն Վրդ. Թաշճեան, Եղիշէ Արք. Կարոյեան, Դերենիկ Եպս. Փոլատեան, Խադ Արք. Աջապահեան, Գէորգ Ծ. Վրդ. Կար-պիսեան, Տաճատ Արք. Ուրֆալեան, Հրանդ Արք. Խաչատուրեան, Պարոյր Վրդ. Էքմէք-ճեան, Ներսէս Արք. Բախտիկեան, Արտակ Արք. Մանուկեան, Սահակ Արք. Այվազեան եւ Մեսրոպ Արք. Աշճեան, Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, Վարդան Արք. Տէնիրճեան, Ղեւոնդ Արք. Չէպէյեան, Նշան Եպս. Թօփուզեան եւ Սմբատ Արք. Լափաճեան։ Տարեկան սովորութեամբ կատարուող հաւաքական սոյն հոգեհանգիստը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկո-սութեան ճամ-բով կատարուող մեր եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան։ Մամուլին համար իր արտայայտած խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապե-տը յատկապէս ըսաւ. «Այսօր երբ կ'աղօթենք մեր նախնիներու հոգի-ներուն խաղաղութեան համար, կը յիշենք անոնց ծառայութիւնը: Թէ՛ մեր նախորդ երանաշնորհ Հայրապետ-ները, եւ թէ հոգելոյս Միաբանները իրենց ծա-ռայութեան լուման ձգեցին մեր ազգի ու եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ: Այսօր իրենք չկան ֆիզի-քապէս, սակայն իրենց յիշա-տակը կ'ապրի մեր հաւաքական առաքելութեան ճամբով: Եւ այսօր նոյն առաքելու-թիւնն է որ կը շարունակուի դարաւոր այս Աթոռի ճամբով. առաքելութիւն մը, որուն նպատակը մէկ եղած է եւ կը մնայ՝ ծառայել Աստուծոյ, հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուր-դին ու մեր հայրենիքին»։
  -   Մամլո հաղորդագրություն