Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան վերադարձաւ Ս. Էջմիածնէն


Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան վերադարձաւ Ս. Էջմիածնէն

  • 11-02-2011 22:10:45   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երկու շաբաթ վայելելէ վերջ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին հիւրասիրութիւնը, Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Չորեքշաբթի գիշեր վերադարձաւ Ս. Էջմիածնէն։ Հայր Թաթուլ Մայր Աթոռէն իրեն հետ բերաւ խանդավառ տպաւորութիւններ։ Ինչպէս յայտնի է, վերջերս համայնքէս ներս Թաղային Խորհուրդները, բացառութեամբ երկու կամ երեք Խորհուրդի, ստորագրութիւն հաւաքած էին որպէսզի Վեհափառ Հայրապետին մօտ բարեխօսէին Հայր Թաթուլին եպիսկոպոսական կարգ շնորհուելու ի նպաստ, ապա Պատրիարքարանի միջնորդութեամբ այս ստորագրութիւնները փոխանցած էին Մայր Աթոռ։ Այս զարգացումէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը յայտնի դարձուցած էր որ կը փափաքէր աւելի մօտէն ճանչնալ Հայր Թաթուլը, ուստի Հայր Թաթուլ երկու շաբաթ առաջ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազանի արտօնութեամբ մեկնած էր Մայր Աթոռ։ Երկու շաբաթներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրուեցաւ Հայր Թաթուլով, տեսակցութիւններ ունեցաւ Հայր Սուրբին հետ, ուշադրութեամբ լսեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի շուրջ վերջերս ստեղծուած կացութեան մասին Հայր Թաթուլի բացատրութիւններն ու մտածումները, կազմակերպեց նաեւ որ Հայր Սուրբը շրջապտոյտներ ունենայ ու կապ հաստատէ հոգեւորականներու ու եկեղեցիներու հետ։ Հայր Թաթուլ, որուն հետ կապ հաստատեցինք երէկ, խանդավառ էր եւ մեզի յայտնեց թէ շատ գոհ մնացած է այս այցելութենէն։ Իր տպաւորութիւնն այն է թէ Վեհափառ Հայրապետն ալ գոհ մնացած է այս որդիական այցելութենէն, եւ թէ կարելիութիւնը ունեցած է աւելի մօտէն ճանչնալու Պոլսահայ համայնքին կողմէ այնքան գնահատուած այս հոգեւորականրը։ Հայր Թաթուլին տպաւորութիւնն այն է սակայն որ Վեհափառ Հայրապետը կը մտածէ որ պէտք չէ վիճելի նախընթացներ ստեղծել եւ աւելի լաւ է սպասել Պատրիարքական ընտրութեան։ ՄԱՐՄԱՐԱ.- Բնականաբար մեր եկեղեցական իշխանութիւնները գիտեն թէ ինչպէս է կարգ-կանոնը նմանօրինակ անցումային շրջաններու ընթացքին, բայց ամէն ընկերութենէ ներս երբեմն կը ստեղծուին պարագաներ որոնք նախընթաց չունին եւ որոնց մասին այդ պատճառաւ իսկ օրէնքներ կամ կանոններ չեն նախատեսուած։ Այսօր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը կը գտնուի աննախադէպ կացութեան մը մէջ, կացութիւն մը որուն նմանը չէ արձանագրուած մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան մէջ։ Եթէ նոր կացութիւն կայ, պայման է նաեւ որ իշխանութիւնները դիմեն նոր կանոններու կամ նոր միջոցներու։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը սա պահուն ունի խնդիրներ որոնք լուծում պէտք է գտնեն, եւ ատոր համար ալ պէտք է որ Աթոռը այնքան զօրացնենք որքան կրնանք զօրացնել։ Կասկած չկայ որ մնացեալը կախեալ պիտի ըլլայ այն շփումներէն որոնք պիտի կայանան Վեհափառ Հայրապետին եւ Արամ Սրբազանին միջեւ։ Բայց անգամ մը եւս այստեղ պիտի սիրենք մաղթել որ Վեհափառ Հայրապետը լրիւ գնահատէ մեր Թաղային Խորհուրդներու մեծամասնութենէն գացած բարեխօսութիւնը եւ շտապէ ժամ առաջ գոհացնելու համար նոր ու արժանաւոր Եպիսկոպոս մը եւս ունենալու մեր ցանկութիւնը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը