Գրիգոր Զարիֆեանին նոր մէկ ցուցահանդէսը պիտի բացուի Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ


Գրիգոր Զարիֆեանին նոր մէկ ցուցահանդէսը պիտի բացուի Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ

  • 11-02-2011 22:07:56   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Իսթանպուլահայ վաստակաւոր նկարիչ Գրիգոր Զարիֆեան միշտ վայելած է Մխիթարեան Սանուց Միութեան հիւրընկալութիւնն ու քաջալերութիւնը։ Այս կարգէն հաճոյքով կը հաղորդենք թէ Զարիֆեանին նոր մէկ ցուցահանդէսը պիտի բացուի 19 Փետրուար Շաբաթ օր ժամը 16.00ին Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ։ Այս ցուցահանդէսը կը զուգադիպի անոր նկարչական գործունէութեան 60ամեակին։ Այս առթիւ մեզ հրաւիրելու եկած էին ինքը՝ նկարիչ Գրիգոր Զարիֆեան եւ Մխիթարեան Սանուց Միութենէն Արթիւր Գազան։ Զարիֆեան յայտնեց թէ միջոցէ մը ի վեր կը տառապի աչքի անհանգստութենէ մը, ինչ որ արգելք կ’ըլլայ աւելի լայն թափով աշխատելուն։ Այնուհանդերձ ան պիտի կարենայ հիներու կարգին նոր գործերով ալ ներկայանալ արուեստասէրներուն։ Գրիգոր Զարիֆեան ծնած է 1934-ին Իսթանպուլի մէջ, իր ուսումը ստացաւ Մխիթարեաններու մօտ, ապա աշխատեցաւ իտալացի նկարիչ Ժօզէֆ Փէլէկրինիի աշխատանոցին մէջ, աւարտեց Էլ-Սէ-Սէի Հեռատեսիլի Ու Նկարչութեան բաժինը, գնաց Ամերիկա, Նիւ Եորքի մէջ կատարելագործեց իր արուեստը։ Քաղաքիս մէջ 1954-էն ասդին բացաւ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ ու մասնակցեցաւ խմբային ցուցահանդէսներու։ Իր ոճը հաղորդական է։ Ծովու սիրահար մեր նկարիչներէն մէկն է Զարիֆեան, որուն վրձինին տակ արտայայտութիւն կը գտնեն Բնութեան գեղեցկութիւններն ու խորհուրդները։ Այժմէն յաջողութիւն կը մաղթենք նկարիչ Զարիֆեանին, կը գնահատենք Մխիթարեան Սանուց Միութեան կողմէ ցուցաբերուած քաջալերանքն ու հիւրընկալութիւնը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը