Հիմա ալ Տէրսիմի ցեղասպանութեան հա՞րց մը պիտի ստեղծուի Թուրքիոյ գլխուն<br />


Հիմա ալ Տէրսիմի ցեղասպանութեան հա՞րց մը պիտի ստեղծուի Թուրքիոյ գլխուն

  • 10-02-2011 17:41:26   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Հիւրրիյէթ«ի քրոնիկագիր Եալչըն Պայէր հարց կուտայ թէ հայկական ցեղասպանութենէն վերջ հիմա ալ Տէրսիմի ցեղասպանութեան հա՞րց մը պիտի ստեղծուի Թուրքիոյ գլխուն։ Արդարեւ Էն-Թի-Վիի կողմէ 7 Փետրուարին հաղորդուած լուրի մը համաձայն, Ամերիկացի փաստաբան Պէրի Ֆիշէր աշխատանք պիտի տանի որպէսզի ամբողջ աշխարհ ընդունի որ Թուրքիա 1937-38 թուականներուն ցեղասպանութիւն գործադրած է Տէրսիմի մէջ։ Ո՞ւր են այս ցեղասպանութեան փաստերը։ Այդ փաստերն ալ պիտի առնուին Թուրքիոյ այժմու վարչապետ Էրտողանին խօսքերուն մէջէն։ Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա։ Բացատրենք։ Ինչպէս կը յիշեցնէ Եալչըն Պայէր, Թուրքիոյ Վարչապետը 14 Օգոստոս 2010 թուականի իր ելոյթին մէջ իր ունկնդիրներուն կը հարցնէ. - Ճէ-Հէ-Փէի նոր կուսակցապետը ո՞ւրտեղացի է։ Պատասխանը ինքը կուտայ. - Տէրսիմցի։ Վարչապետը կ’ուղղէ երկրորդ հարցումը. - Ո՞վ ռմբահարեց Տէրսիմի գիւղերը այն պատրուակով թէ այդ գիւղերը իրենց տուրքը չէին վճարեր։ Պատասխանը դարձեալ ինքը կուտայ. - Ճէ-Հէ-Փէն ռմբակոծեց։ Եւ կ’աւելցնէ. - Տէրսիմը ռմբահարուեցաւ այդ շրջանի Հանրապետութեան Նախագահին հրահանգով։ Եւ ո՞վ էր այդ շրջանի Նախագահը։ Դարձեալ ինքն է որ կը պատասխանէ. - Ինէօնիւն։ Ահաւասիկ Վարչապետին այս խօսքերէն օգտուելով է որ Ամերիկացի փաստաբանը Թուրքիոյ դէմ աշխատանք պիտի տանի Տէրսիմի ցեղասպանութեան մը մասին խօսելով։ Այլ խօսքով, Հայկական ցեղասպանութռեան պնդումին քովն ի վեր հիմա ալ Տէրսիմի ցեղասպանութեան պնդում մը պիտի փաթթուի Թուրքիոյ գլխուն։ Եալչըն Պայէր այս տողերէն վերջ կը յիշեցնէ թէ նոյն Վարչապետն էր որ 4 Մայիս 2010 թուականին Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան խմբակի նիստի ընթացքին Ինէօնիւն նմանցուցած էր 60 միլիոն մարդու մահուընէն պատասխանատու Հիթլէրին։ Այս նմանութիւնը ընելէ վերջ սպառնալիք մըն ալ աւելցուցած էր. »Ճէ-Հէ-Փէն թող շատ չպրպտէ, ես այս նիւթերուն մասին լեցուն թղթածրարներ ունիմ«։ Եալչըն Պայէրի կարծիքով, ասիկա ներկայիս Թունճէլի դարձած Տէրսիմի ժողովուրդը գրգռել չի՞ նշանակեր։ Բոլորս ալ տեսանք թէ վերջին երկու տարիներու ընթացքին Քրտական Բացուածք կոչուած շարժումի պատճառաւ ինչեր պատահեցան Արեւելեան ու Հարաւ-Արեւելեան Անատոլուի մէջ։ Պետութեան մարդը շատ լաւ պէտք է գիտնայ թէ ուր ինչպէս պէտք է խօսի։ Ան վաղուան ընտրութիւններուն մասին չէ՛ որ պէտք է մտածէ, այլ պէտք է մտածէ Պետութեան շահերուն մասին։ Հիմա պիտի տեսնենք թէ հայկական ցեղասպանութենէն ու Տէրսիմէն վերջ Կիպրոսի մէջ ալ մեր գլխուն ինչեր պիտի գան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը