ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Դոկտ. Չարնի Կը Մերկացնէ Փրոֆ. Կանթըրի Ցեղասպանութեան Ժխտման Կեղծարարութիւնը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Դոկտ. Չարնի Կը Մերկացնէ Փրոֆ. Կանթըրի Ցեղասպանութեան Ժխտման Կեղծարարութիւնը

  • 10-06-2013 13:48:20   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Որքան մօտենայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, թուրք պաշտօնեաներն ու անոնց համախոհները այնքան աւելի նրբամիտ մօտեցումներ կը փնտռեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար: Գիտակցելով, որ բացայայտ ժխտման իրենց նախկին գործելակերպը այլեւս արժանահաւատ չէ, անոնք նախաձեռնած են աւելի կատարելագործուած քարոզարշաւի, որուն նպատակն է բարձրացնել նուրբ հարցեր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` կասկածներ սերմանելով անտեղեակ մարդոց մէջ:
Ես իմ սիւնակի մէջ հազուադէպ կ’անդրադառնամ գրախօսութիւններու, սակայն այս անգամ չէի կրնար անտեսել Ողջակիզումի եւ Ցեղասպանութեան Երուսաղէմի հիմնարկի գործադիր տնօրէն, դոկտ. Իսրայէլ Չարնիի հմուտ մերկացումը փրոֆ. Մայքըլ Կանթըրի գիրքին` «Հայոց պատմութիւնը եւ ցեղասպանութեան հարցը», որ լոյսին կը բերէ ցեղասպանութեան ժխտման նորագոյն կեղծարարական մօտեցումը:
Ստորեւ՝ որոշ հատուածներ դոկտ. Չարնիի հեգնական գրախօսութենէն՝ Կանթըրի գիրքին մասին.
«Ասիկա ԼԱՒԱԳՈՅՆ գիրքն է, որ ես երբեւէ կարդացած եմ, այսինքն ՚աշխարհի սարսափելի բոլոր գիրքերուն մէջ ասիկա լաւագոյնն է` նուիրուած բացարձակ իրողութիւն հանդիսացող յայտնի ցեղասպանութիւններու անհեթեթ եւ նողկալի ժխտումներուն: Հետեւաբար, ասիկա ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ աշխատութիւն է… Ասիկա ցարդ իմ տեսած լաւագոյն ԺԽՏՈՂԱԿԱՆ աշխատութիւնն է, քանի որ անիկա գրուած է հարցերու հանդարտ ու հիմնաւոր լուսաբանումով, եւ նոյնիսկ աւելին, իբր թէ հարցերու վերաբերեալ տարբեր կարծիքներու եւ գաղափարներու կարծեցեալ արդար ներկայացումով, այլ ոչ թէ միակարծիք-ճշմարտութեան պարտաւորեցնող յայտարարութիւններով:
«Թենեսիի ճարտարագիտական համալսարանի փրոֆեսէօր Կանթըրը գիրքը կը սկսի Թուրքիոյ մէջ իր դասաւանդման երկարատեւ ժամանակաշրջանին մասին յստակ ինքնախոստովանութեամբ-բացայայտմամբ, եւ նոյնիսկ, ինչպէս ինք կ’ըսէ. «Ես շատոնց կ’ուզէի թրքական տեսակէտի անաչառ վերլուծութիւն ներկայացնել», եւ յստակ կը փոխանցէ, որ ան մեծապէս կողմնակից է Հայոց Ցեղասպանութեան թրքական ժխտման…
«Այնուամենայնիւ, Կանթըրը ազնիւ ժխտող մըն է, որ մնայուն կերպով  ոսկորներ կը նետէ՝ մեզ հանգստացնելու համար, եւ ատով իսկ, կարծես կ’ապացուցէ եւ կը փաստէ իր յայտարարած անաչառութիւնը: Այսպէս, այդ նոյն թունոտ «նախաբան»-ին մէջ ան իր գլխաւոր ժխտողական յայտարարութեան արագօրէն կ’աւելցնէ կոկորդիլոսի արցունքներ. «Ի հարկէ, ասիկա ոչ մէկ կերպով չ’արդարացներ թուրքերու կատարած սարսափելի վայրագութիւնները»:
«Թերեւս ամենաշռայլ գովասանքը, զոր կրնամ տալ Կանթըրին, այն է, որ՝ ի տարբերութիւն այլ հանրածանօթ ժխտողներու, ան մէջբերումներ կը կատարէ մեծ թիւով մասնագէտներէ եւ գրողներէ, որոնք առայժմ հրատարակած են բացառիկ լուրջ գրականութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան հաստատման վերաբերեալ, իսկ հայերու կողքին ես կ’աւելցնէի նաեւ այլ ժողովուրդներու, մասնաւորապէս ասորիներու, յոյներու եւ եզիտիներու ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կառավարութեան սկզբնական քայլերը Պաղեստինի մէջ հրեաներու հաւանական ցեղասպանութեան ուղղութեամբ: Ժխտողները սովորաբար Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող գրողներէն շատ հեռու են, ինչպէս ժանտախտէն…
«Ինչպէ՞ս կ’աւարտէ իր գիրքը մեր խիզախ «անաչառ» գիտնականը: Ան անպայման կը փափաքի օգտակար ըլլալ ժխտման դէմ պայքարին, որ կը սնուցանէ «մնայուն վախ եւ վրէժ»: Ուստի ան կ’առաջարկէ ռազմավարութիւններ` սկսեալ «ցեղասպանութեան պնդումներով» այդքան մտահոգ «աւելի հարուստ հայկական Սփիւռքի» եւ «Հայաստանի ժողովուրդի» պառակտումէն ու «Հայաստանի տնտեսական իրողութենէն»: Ի հարկէ, ան կ’ուզէ մեծահոգի երեւիլ եւ կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ՝ օգնելու Հայաստանի տնտեսական խնդիրներուն, եւ այսպէս յաւերժական իրապաշտական քաղաքականութեան մէջ` «Թուրքիան կրնայ սկսիլ բաժնել հայկական երկու կողմերը»: Սակայն ամէն ինչ կորսուած չէ կեղծարարութեան մէջ: Բարեհոգի Կանթըրը Թուրքիոյ կը կատարէ նաեւ առաջարկ մը` բանալ Հայաստանի հետ երկար տարիներէ փակուած սահմանը»:
Չարնին  իր սուր գրախօսութիւնը կ՛աւարտէ` խորհուրդ տալով, որ Կանթըրի գիրքը «ուսումնասիրեն ժխտողականութեան բոլոր ուսանողները, անոր` արդար հնչելուն, արդար գործելուն, տարամէտ եւ հակասական տեսակէտներ ներառող գիտութիւն վկայակոչելուն, հետեւողականօրէն մեղմ խօսելուն  համար, ինչպէս նաեւ, ի հարկէ, արդարութեան ու խաղաղութեան կոչ ուղղելու նուրբ հնարքներու համար։ Այս բոլորը թեւաթափ ընող, կեղծ, հակապատմական եւ կեանքի հակաարժէքներու աշխատանք կազմակերպելու ընթացքին, որ պէտք է սարսափեցնէ իւրաքանչիւր մարդ, որ շահագրգռուած է մտաւորական եւ գիտական աշխատանքներու պարկեշտութեամբ եւ մարդկային կեանքի լիիրաւ արժեւորումով»:
Կանթըրի նենգ ժխտողականութեան վերջին հարուած մը հասցնելով՝ Չարնին կեղծ գովասանք կ՛ուղղէ անոր հասցէին. «Ժամանակին ժխտողները այնքան կոպիտ եւ բացայայտ խեղկատակներ էին, որ կը պնդէին, թէ Օսմանեան թրքական կառավարութիւնը պաշտպանած եւ խնամած է խեղճ հայ աքսորեալները` Հայաստանէն անոնց բռնի տեղահանման ժամանակ… Այժմ ունինք լրիւ շարք մը ճանչցուած ակադեմիկոսներու, որոնք կը գրեն գիտութեան մեր ժամանակակից լեզուով եւ իրենց տեսակէտները կը յայտնեն յանուն բաց քննարկման ու արդարութեան: Կարելի է շնորհաւորել Կանթըրը, որ ան այդ խումբին մէջ հասած է գագաթնակէտին…»:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ