Պէշիր Աթալայ պնդեց որ 30 անձնաւորուիւններուն դէմ դեռ Հարցաքննութիւն բացուած չէ


Պէշիր Աթալայ պնդեց որ 30 անձնաւորուիւններուն դէմ դեռ Հարցաքննութիւն բացուած չէ

  • 09-02-2011 17:07:51   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ներքին Նախարար Պէշիր Աթալայ լրագրողներու հարցումին պատասխանելով գրեթէ ջրեց այն ինչ որ նախընթաց օր որպէս նորութիւն հրապարակուած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան կապակցութեամբ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, դատավարութեան վերջին նիստի ընթացքին դատախազը յանկարծ յայտնած էր որ երեսուն հանրային պաշտօնեաներու դէմ հարցաքննութիւն բացուած էր Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ։ Այս լուրը լաւատեսութեամբ ողջունուած էր Տինքի փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինի կողմէ։ Այս երեսուն անձերուն միջեւ էին Իսթանպուլի Նախկին Կուսակալ Մուամմէր Կիւլէր, նախկին Ապահովութեան Տնօրէն Ճէլալէտտին Ճէրրահ, Րամազան Աքեիւրէք, եւ նմանօրինակ վարչայիններ, որոնց համար միշտ ըսուած էր որ թերացումներ ունեցած էին Տինքի սպանութեան մէջ։ Բայց Ներքին Նախարար Աթալայ երէկ չհաստատեց այս լուրը։ Երբ լրագրող մը այս մասին հարցում ուղղեց, Աթալայ տուաւ սա պատասխանը. »Այս նիւթի շուրջ տեղեկատուութեան պակաս եւ շփոթութիւն կայ։ 30 անձերու հարցաքննութեան կապակցութեամբ ցարդ մեզի որեւէ նիւթ փոխանցուած չէ։ Այս նիւթը օրակարգի եկաւ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի կողմէ տրուած որոշումէն վերջ Տինքի ընտանիքին կողմէ դատախազութեան մօտ կատարուած դիմումէն։ Ասիկա դատախազութեան դիմում մըն է, հարցաքննութիւն մը տակաւին սկսած չէ։ Պէտք է սպասել տեսնելու համար թէ Դատախազութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ ասկէ վերջ«, ըսաւ Ներքին Նախարարը։ Փաստաբանները նոյն կարծիքէն չեն ու վստահութիւն յայտնեցին թէ հարցաքննութեան թղթածրար մը բացուած է, նոյնիսկ տուին թղթածրարի մը թիւը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը