Հրանոյշ Յակոբեան գեղեցիկ ու սրտախօսիկ ելոյթ մը ունեցաւ Լոս Անճէլըսի մէջ


Հրանոյշ Յակոբեան գեղեցիկ ու սրտախօսիկ ելոյթ մը ունեցաւ Լոս Անճէլըսի մէջ

  • 04-02-2011 18:06:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Մեր պատուակալ աշխատակից Պր. Յակոբ Ծերունեան Լոս Անճէլըսէն կը տեղեկացնէ մեզի. 30 Յունուար 2011 Կիրակի, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու համար կոչուած էր դառնալու անմոռանալի օր մը։ Նիւ Պորթ քաղաքին մէջ, առաջնորդութեամբ ազգային գործիչ, պոլսահայ Պր. Անդրանիկ Էօզպաղ-Զօրայեանի եւ օրուան թեմակալ Առաջնորդ Վաչէ Արք. Յովսէփեանի հրամանաւ նոր ծուխ մը կազմուեցաւ 25 տարիներ առաջ ու անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Սէն Ճէյմս ամերիկեան եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Վաչէ Սրբազան, իսկ Պատարագը, Կոմիտասեան քառաձայնով երգեց Խաչատուրեան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ անձնուէր վարիչ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի։ Ծխական Խորհուրդի հիմնադիր անդամներն էին եօթը պոլսահայեր. Տեարք Անդրանիկ Էօզպաղ-Զօրայեան, Ճիվան Գալֆայեան, Վահրամ Պիրիճիք, Յովակիմ Աշըք, Վարուժան Քաշքավալճեան, Յովսէփ Պէրքճեան եւ Յարութիւն Գույումճեան։ Գաղափարակից Փոլ Խաչիկեան եւ Տիկին Էլիզա Սիմոնտս այս ծխականներուն միացան Ապրիլ 1985ին։ Քսանըհինգ տարիներ վերջ հոգեւոր եւ աշխարհիկ մեծ հանդիսութեամբ տօնուեցաւ Գոսթա Մէսայի Ս. Աստուածածին Հայց. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 25ամեակը։ Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին ծուխին Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժ. Տ. Մուշեղ Ա. Քհնյ. Թաշճեան եւ սարկաւագներ։ Յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ եւ արարողութեանց մասնակցեցաւ թեմի նախկին Առաջնորդը՝ Վաչէ Սրբազան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարեց Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի Խաչատուրեան Դպրաց Դաս երգչախումբը, ղեկավարութեամբ ժրաջան ու վաստակաշատ խմբավար Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Բրշ. Ռուբէն Սրկ. Սողոմոնեանի։ Եկեղեցին լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ։ Ս. Պատարագին կը հետեւէին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ պաշտօնական աշխատանքային այցելութեամբ Ամերիկա կը գտնուի այս օրերուն, ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոը Յովհաննիսեան եւ այլ հիւրեր։ Պատարագի ընթացքին կարդացուեցաւ այս առթիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղարկած Օրհնութեան եւ Գնահատանքի գիրը։ Պատարագի աւարտին Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ բարերարներու եւ ծառայողներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Քսանըհինգամեակի կարգադիր յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Տօքթ. Վահրամ Պիրիճիքի, աշխարհիկ հանդիսութիւն մը կազմակերպած էր Նիւ Փորթի »Մարրիոթ« պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ։ Մուտքին ներկաները հիւրասիրուեցան քոքթէյկով մը, ապա սրահին մէջ իրենց վերապահուած տեղերը առին մօտաւորապէս 400 հրաւիրեալներ։ Յայտագիրը սկսաւ Ամերիկայի եւ Հայաստանի պետական քայլերգներով, զորս մեներգեց Մոնրէալէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Տիկին Անի Քերովբեան։ Օրուան հանդիսավար Տօքթ. Ճան Յովհաննէսեան ողջունելով ներկաները, իր սրտի խօսքը արտասանեց, յետոյ ըստ յայտագրի խօսափողը յանձնեց Պր. Սուրէն Թումանեանի եւ քսանըհինգամեակի կարգադիր յանձնախումբի անունով Տօքթ. Վահրամ Պիրիճիքի, որոնք 25 տարուայ գործունէութիւններու եւ եկեղեցւոյ նախանձելի եւ գնահատելի մասին արտայայտուեցան։ Տօքթ. Պիրիճիք իր կարգին հրաւիրեց Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոս, մեծայարգ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց եւ յաջողութիւններ մաղթեց։ Յետոյ իր սրտի խօսքը արտասանեց Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան որ գեղեցիկ ու սրտախօսիկ ելոյթ մը ունեցաւ, գրաւելով ներկաներուն սիրտերը եւ թափանցելով անոնց ազգային զգացումներուն ծալքերը։ Նախարարի ելոյթը արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութեանց։ Յետոյ 25 տարի առաջուան ծխական խորհուրդի անունով արտայայտուելու համար բեմ հրաւիրեց Պր. Անդրանիկ Էօզպաղ-Զօրայեանը, որ տպաւորիչ արտայայտութիւններ ունեցաւ եւ յիշատակելի դրուագներ ներկայացուց անցեալի օրերէն։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ փոքրիկներէ եւ պարմանուհիներէն կազմուած Զուարթնոց երգչախումբի եւ պարախումբի ելոյթներով, որոնք շատ յաջող էին ու մեծապէս գնահատուեցան երկար ծափահարութիւններով։ Այնուհետեւ Անի Քերովբեան դաշնակի վրայ ալ նուագելով հայերէն երկու երգեր մեկնաբանեց, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը Մուշեղ Քհնյ. երկար ելոյթ մը ունեցաւ ու սրտի խօսքը արտասանելու հրաւիրեց նախկին թեմակալ Առաջնորդը։ Վաչէ Սրբազան անցեալի յուշերէն զգացական ելոյթ մը ունեցաւ, գնահատելով բոլոր ծառայողները։ Հաւաքոյթի հուսկ բանքը արտասանեց Յովնան Սրբազան որ ըսաւ. »Այս եկեղեցին իր քսանըհինգամեայ կեանքով կը վկայէ Քրիստոսի մասին։ Քսանըհինգ տարիներու հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը արձանագրած է փառաւոր էջեր, ուր կը կարդանք համայնքի ծնունդի պատմութիւնն ու զարգացման ամբողջ գնացքը։ Մեր նախորդի՝ Վաչէ Սրբազանի նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած Ս. Աստուածածին եկեղեցին արձանագրեց զարգացման արագ կշռոյթ մը«։ Սրբազանը նաեւ յատուկ նուէրներ յանձնեց եկեղեցւոյ ծառայողներուն։ Հանդիսութիւնը վերջացաւ Տէրունական Աղօթքով եւ ներկաներ մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան, շնորհաւորելով Կարգադիր Յանձնախումբը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը