Փրոֆ. Թամքը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան արխիւներու ուսումնասիրութեան գծով կատարած իր աշխատանքները


Փրոֆ. Թամքը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան արխիւներու ուսումնասիրութեան գծով կատարած իր աշխատանքները

  • 02-02-2011 17:16:13   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երեքշաբթի 1 Դեկտեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած Միաբանական հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Գերմանիոյ Կէօթինկընի Համալսարանի Աստուածաբանական Բաժանմունքի Դեկան՝ Փրոֆ. Մարթին Թամքը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած սոյն հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Դպրեվանքի սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ, Փրոֆ. Թամքը ներկայացուց յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան արխիւներու ուսումնասիրութեան գծով կատարած իր աշխատանքները: Գերման աստուածաբանը, որ միաժամանակ մասնագէտ է Հայոց Ցեղասպանութենէն թիւով ամէնէն շատ լուսանկարներ առած Արմին Թ. Վէկների կեանքին ու հայութեան բերած նպաստին, ներկայացուց անոր ներդրումը հայկական պահանջատիրութեան: Փաստօրէն այն պատմական լուսանկարները որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ամէնէն զգայացուց պատկերները կը ներկայացնեն, առնուած են վերոյիշեալ գերմանացի անձին կողմէ, որ 1915-ին իբրեւ Կարմիր Խաչի պաշտօնեայ կը ծառայէր գերմանական բանակին մէջ: Դասախօսութեան միջոցին, Թամքը ցուցադրեց այն լուսանկարները, որոնք Վէկների ձեռամբ լուսանկարուած են, որոնցմէ իւրաքանչիւրին առնուած տեղին բացատրութիւնը տուաւ ներկաներուն: Փրոֆ. Թամքը նաեւ ներկայացուց Արմին Թ. Վէկների կատարած հարցազրոյցները Ցեղասպանութենէն ճողոպրած անձերու հետ: Վկայութիւնները՝ որոնք պատմական անհերքելի փաստեր են: Ան նաեւ յայտնեց, թէ նոյն համալսարանին կողմէ իր ջանքերով հրատարկուող մատենաշարին մէջ յատուկ տեղ յատկացուած է Հայ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որ իր Աթոռանիստը ունի Միջին Արեւելքի մէջ: Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Փրոֆ. Մարթին Թամքըին, յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ, ու ընդհանրապէս Ուղղափառ Եկեղեցիներու հանդէպ իր մասնագիտական հետաքրքրութեան համար: Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց անոր, Հայոց Ցեղասպանութեան ի նպաստ իր կատարած ներդրումին, եւ յատուկ ուսումնասիրութիւններով, հայասէր գերմանացի Արմին Թ. Վէկների կատարած աշխատանքը լուսարձակի տակ բերելու ճիգերուն համար:
  -   Մամլո հաղորդագրություն