Հակաթուրք ցոյց Թրքական Կիպրոսի մէջ


Հակաթուրք ցոյց Թրքական Կիպրոսի մէջ

  • 01-02-2011 15:59:54   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Կիպրոսի Թրքական բաժինը երբեք չդադրեցաւ գլխացաւ մը ըլլալէ Թուրքիոյ համար եւ ասիկա գլխացաւ է ո՛չ թէ միայն Թուրքիոյ ու համաշխարհային հանրային կարծիքի միջեւ, այլ գլխացաւ է նաեւ Թուրքիոյ ու Կիպրացի թուրքերու միջեւ։ Յայտնի է որ Թրքական Կիպրոսի մէջ տակաւին կան մեծ թիւով Թուրքեր որոնք գոհ չեն թրքական իշխանութիւններէ ու թերեւս ալ կը փնտռեն այն հին օրերը երբ Յոյները կը տիրապետէին։ Թրքական Կիպրոսի կառավարութեան կողմէ վերջերս ընդունուած տնտեսական որոշումները դժգոհութեան մեծ ալիք յառաջացուցած են աշխատաւորական շրջանակներէ ներս ու 7 գործատեղիներու մէջ 14 օրէ ի վեր կը շարունակուի գործադուլ մը, որ կը թուի թէ դեռ ալ պիտի շարունակուի։ Մամուլը այսօր կը տեղեկացնէ որ բազմաթիւ սէնտիքաներու մասնակցութեամբ անցեալ Ուրբաթ Լէֆգոշէի Ինէօնիւ Հրապարակին վրայ կայացաւ բողոքի ցոյց մը որու ընթացքին ցուցարարները Թուրքիոյ դէմ վերտառութիւններ պարզեցին ու լոզունգներ արձակեցին։ Բոլոր վերտառութիւններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ ծանր արտայայտութիւններ կային, բայց անոնցմէ մէկը մասնաւորաբար շատ տգեղ էր, որովհետեւ հայհոյալից ալ էր։ Պարզուած մեծահասակ կանաչ վերտառութեան վրայ գրուած էր հետեւեալը. »Գուրթարըլտը՞ք մը...։ Հա ...քթիր«։ »Ազատագրուեցա՞նք...« Ապա թրքերէն նշանաւոր հայհոյութեան կրճատեալ ձեւը։ Իսկապէս այս տգեղ վերտառութիւնը ցոյց կուտայ թէ որոշ շրջանակներէ ներս ինչպիսի դժգոհութիւն մը կայ թրքական իշխանութիւններու ու կառավարութեան դէմ։ Ուրիշ վերտառութիւններու վրայ կը կարդացուէին լոզունգներ ինչպէս հետեւեալները. »Պիտի պատժենք բոլոր անոնք որոնք գաղթի օրէնքը բերին կամ տարին« »Թագաւորը մերկ է« »Անգարա, ո՛չ դրամդ կ’ուզենք, ո՛չ ծրարդ, ո՛չ ալ պաշտօնեադ« »Այշէին դրամը լմնցաւ, արձակուրդի ընթացքին գող դարձաւ« )Այշէ, ինչպէս պիտի յիշուի, Թուրք բանակին կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի վրայ կատարուած զինուորական գործողութեան ծածկանունն է_։ »Այշէ, տուն վերադարձիր, տոմսակդ մենք կը վճարենք«։ Այն պատուանդանին վրայ, ուրկէ ճառախօսութիւնները կը կատարուէին, գրուած էր հետեւեալը. »Առանձինն փրկուիլ չկայ, կա՛մ բոլորս միասին, կամ ո՛չ մէկը«։ Խմբակ մըն ալ պարզեց վերտառութիւն մը որուն վրայ գրուած էր »Կիպրոսի Հանրապետութիւն«, այսինքն այնպէս ինչպէս դուրսինները կը կոչեն Կիպրոսը, որպէս Թրքական Կիպրոսը չճանչնալու ազդանշան։ Ցոյցի ընթացքին սեւ փչուկներ արձակուեցան օդին մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը