Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ մօտեցումի նոր քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է որ Սփիւռքահայութիւնը աւելի շատ հետաքրքրուի Թուրքիայով


Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ մօտեցումի նոր քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է որ Սփիւռքահայութիւնը աւելի շատ հետաքրքրուի Թուրքիայով

  • 31-01-2011 18:03:41   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա «Սապահ»ի մէջ Պարըշ Էրկին կը տեղեկացնէ որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ մօտեցումի նոր քաղաքականութիւնը այժմ պատճառ դարձած է որ Սփիւռքահայութիւնը աւելի շատ հետաքրքրուի Թուրքիայով ու այս երկրին մէջ գործարարական ձեռնարկներու մասին մտածէ։ Ասիկա նորութիւն է։ Սփիւռքահայ գործարարները ցարդ կը մտածէին միայն Ամերիկայի ու Եւրոպայի մասին, հիմա սկսան մտածել նաեւ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ ընելու մասին։ Այս ուղղութեամբ անցեալ շաբաթ երեք գործարար հայուհիներ եկած էին Թուրքիա։ Ասոնցմէ առաջինն է Արաքսիա Մելքոնեան, որ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հէյ Թէքսթիլ հաստատութեան սեփականատէր Այնուր Պէքթաշի հետ։ Անոնք խոստացան փոխադարձ այցելութիւններ ընել ու ուսումնասիրել մէկզմէկու առաջարկները։ Գարինէ Յարութիւնեան երկրորդ հայուհին է որ Թուրքիա եկած է ու շարժանկարի ժապաւէններ կը դարձնէ Կարսի, Վանի, Մուշի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ Հայաստանցի Մարինա Քփրեանն ալ երրորդ գործարար կինն է որ »Արարատ« անուան տակ զբօսաշրջական պտոյտներ կը կազմակերպէ դէպի Թուրքիա։ Անոր աշխատանքը առաւելաբար կեդրոնացած է Արեւելեան Անատոլուի ու Անթալիոյ վրայ։ Կ’ըսէ որ Հայաստանի մէջ առաջին ընկերութիւնն է որ նմանօիրնակ շրջապտոյտներ կը կազմակերպէ։ Կը նախընտրեն պատմական բնոյթ ունեցող տեղերու այցելութիւնը։ Ասիկա սա պահուն շատ ժողովրդական է։ Անոնք կը կազմակերպեն դէպի Իրան ալ շրջապտոյտներ։ Թղթակիցը արձագանգ կ’ըլլայ նաեւ Թուրք-Հայ Գործարարութիւնը Զարգացնելու Կոմիտէի թրքական կողմի նախագահ Քաան Սոյաքի արտայայտութիւններուն։ Սոյաք կ’ըսէ որ Ամերիկահայ գործարարներ բանակցութիւններ կ’ընեն վիթխարի ներդրումներու կապակցութեամբ։ »Մենք սա պահուն կը հետաքրքրուինք 200 միլիոն տոլարէն աւելի բարձր առաջարկներով, Անատոլուի մէջ ներդրումներ ընելու առաջարկներ կը հասնին մեզի, առաջարկներ կան մասնաւորաբար Մալաթիացի, Կեսարացի ու Տիյարպաքըրցի հայերէ։ Շատեր ալ կը նախընտրեն զբօսաշրջական կալուածը«, ըսաւ Սոյաք։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը