Ոչ-իսլամ հայրենակիցներն ու անոնց հիմնարկութիւնները որեւէ տարբերութիւն չունին իսլամ կազմակերպութիւններէ


Ոչ-իսլամ հայրենակիցներն ու անոնց հիմնարկութիւնները որեւէ տարբերութիւն չունին իսլամ կազմակերպութիւններէ

  • 31-01-2011 18:01:16   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ա-Գէ-Փէ Կուսակցութեան նախագահի տեղակալ ու կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյին Չէլիք գրաւոր լուսաբանութիւն մը ընելով ընդգծեց թէ թէ՛ իրեն համար, թէ՛ իր կուսակցութեան ու կառավարութեան համար ոչ-իսլամ հայրենակիցներն ու անոնց հիմնարկութիւնները որեւէ տարբերութիւն չունին իսլամ կազմակերպութիւններէ։ Չէլիք այս լուսաբանութիւնը ըրաւ երբ ճշդում մը կ’ընէր Քըլըճտարօղլուի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան դէմ, ըստ որու Ա-Գէ-Փէ գործակցած էր Հըզպուլլահի հետ։ Չէլիք ըսաւ որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը օրինաւոր բոլոր մարմիններուն ու կազմակերպութիւններուն հետ երկխօսութիւն կը հաստատէ ու ասիկա արդէն իր պարտականութիւնն է։ Չէլիք այս լուսաբանութիւնը ընելու ընթացքին դիտել տուաւ որ անցեալ անգամ կարգ մը օրինակներ տուած էր ոչ-իսլամ հայրենակիցներու կազմակերպութիւններէն ու ասիկա վիրաւորեր է ոչ-իսլամները։ »Ես զանոնք վիրաւորելու ոչինչ ըսի, ըսաւ Հիւսէյին Չէլիք, հոս անգամ մը եւս կը կրկնեմ որ մեր ոչ-իսլամ հայրենակիցներն ու անոնց հիմնարկութիւնները մեզի համար որեւէ տարբերութիւն չունին իսլամ հայրենակիցներու հիմնարկութիւններէն։ Ո՛չ ես, ո՛չ կուսակցութիւնս, ո՛չ ալ մեր կառավարութիւնը խտրական աչքով չի նայիր մեր ոչ-իսլամ հայրենակիցներուն ու ասիկա քանիցս փաստած ենք մեր գործադրութիւններով, ոչ-իսլամներն ալ այս երկրին առաջին կարգի հայրենակիցներն են, ես պարզապէս ըսել ուզեցի որ բոլորին հետ շինիչ երկխօսութեան մէջ ենք« ըսաւ Հիւսէյին Չէլիք։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը