Էկէմէն Պաղըշ. «Մենք Եւրոպայի այն երկիրն ենք որ Եւրոմիութիւնը կրնանք զօրացնել»<br />


Էկէմէն Պաղըշ. «Մենք Եւրոպայի այն երկիրն ենք որ Եւրոմիութիւնը կրնանք զօրացնել»

  • 27-01-2011 21:38:50   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Պետական Նախարար ու Եւրոմիութեան Աւագ Բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի Երդիքին տակ Թուրքիոյ Բարեկամներու Խմբակի կողմէ կազմակերպուած Ամանորեայ հաւաքոյթին ու դիտել տուաւ որ Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար դիմում կատարած է 1959 թուականին։ »Թուրքիա 52 տարի եւս սպասելու հանդուրժողութիւն չունի«, ըսաւ Էկէմէն Պաղըշ։ Պաղըշ ըսաւ որ շատ կարեւոր է որ Եւրոմիութեան երդիքին տակ Թուրքիոյ Բարեկամներու նմանօրինակ խումբ մը կայ։ »Եւրոպայի մէջ դիւրին չէ Թուրքիոյ բարեկամը ըլլալ, բայց Թուրքիոյ մէջ ալ դիւրին չէ Եւրոպայի բարեկամը ըլլալ« ըսաւ Պաղըշ, այսպէս արտայայտելով այն վերապահութիւնը զոր Թուրք ժողովուրդը այլեւս ունի Եւրոմիութեան նկատմամբ։ Պաղըշ ըսաւ որ Թուրքիա ցիրուցան եղած այն երկիրը չէ որ կը սպասէ որ Եւրոմիութիւնը իր հրաշագործ գաւազանով փրկէ զայն։ »Մենք Եւրոպայի այն երկիրն ենք որ Եւրոմիութիւնը կրնանք զօրացնել«, ըսաւ Պաղըշ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը