Ապտուլլահ Կիւլ շատ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան առընչութեսամբ


Ապտուլլահ Կիւլ շատ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան առընչութեսամբ

  • 27-01-2011 21:36:23   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հանրապետութեան Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին շատ կարեւոր ու բախտորոշ յայտարարութիւններ ըրաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ու իսլամ-ոչ իսլամ հայրենակիցներու հաւասարութեան առընչութեսամբ, ուրիշ կարեւոր նոր իրադարձութիւններու ալ առաջին ազդանշանները տուաւ։ Ինչպէս արձագանգած էինք երէկուան թիւով, Նախագահ Կիւլ Սթրազպուրկի մէջ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանականներու Վեհաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցած էր ու յայտարարած էր որ Թուրքիա չէր ընդուներ որ իր պատմութեան ընթացքին ցեղասպանութիւն մը կատարուած է։ Նախագահը Սթրազպուրկէ վերադարձին լայնաշունչ զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներու հետ ու, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով, ըսաւ որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցը իրաւ ալ տկարութեան պատկեր մը ստեղծած է Թուրքիոյ համար, Թրքութեան պատկերացումը շատ վնաս կրած է այս ոճրին պատճառաւ։ Որպէսզի անգամ մըն ալ այսպիսի պատահար մը չկրկնուի, պայման է որ այս խնդիրը լուսաբանուի ամբողջովին, ըսաւ Նախագահ Կիւլ եւ ընդունեց որ եթէ հարկ ըլլայ, կրնայ այս խնդիրը լուսաբանելու պարտականութիւնը յանձնել Պետական Հարցաքննիչ Խորհուրդին։ Կիւլ միայն Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին չէ՛ որ արտայայտուեցաւ, օրակարգի բերաւ միւս ոճիրներն ալ, նաեւ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի կողմէ Տինքի հարցով Թուրքիան դատապարտող որոշումը։ »Անշուշտ որ Թուրքիան դատապարտող այսպիսի որոշում մը մեզի համար ամօթալի է, ես ամօթահար զգացումներով դիմաւորեցի այդ լուրը«, ըսաւ Կիւլ, որ աւելցուց որ այս ոճիրը ամբողջ աշխարհի մէջ Թուրքերու ու Թրքութեան մասին շատ յոռի պատկեր մը ստեղծեց։ Երբ լրագրողներ հարց տուին թէ Նախագահը չի՞ կրնար այս խնդրին լուսաբանութեան համար պարտականութեան կոչել Պետական Հարցաքննիչ Մարմինը, ինչպէս որ եղած է Մուհսին Եազըճըօղլուի մահուան պարագային, Նախագահը ըսաւ որ անշուշտ որ կրնայ եւ Անգարա հասնելէ վերջ հաւանաբար պիտի մտածէ այս մասին։ Այս կերպով շատ հաւանական է որ Տինքի սպանութեան հարցաքննութիւնը Տրապիզոնէն առնուի ու դրուի Պետական Հարցաքննիչ Խորհուրդին ձեռքերուն մէջ։ »Անշուշտ որ Թուրքիոյ համար ամօթալի կ’ըլլայ եթէ մեր դատական համակարգը չկարենայ վերջնական որոշումի մը յանգիլ, ասիկա կասկածի մթնոլորտ մը կը ստեղծէ մեզի դէմ։ Եւ որպէսզի անգամ մըն ալ նմանօրինակ դէպքեր չպատահին, պայման է որ այս խնդիրը ամբողջովին լուսաբանուի«, ըսաւ Նախագահ Կիւլ։ Լրագրող մը ուրիշ շատ կարեւոր յիշեցում մը ըրաւ, ըսաւ որ վերջերս հայ հայրենակից մը շահած էր Եւրոմիութեան Ընդհանուր Քարտուղարութեան մասին քննութիւնը, բայց Գերագոյն Դատարանը կախակայած էր այդ քննութիւնը ու կը սպասցնէր քննութեան արդիւնքը։ Որպէսզի այս հայ հայրենակիցը Ընդհանուր Քարտուղարութեան մէջ պաշտօն չստանձնէ, նոր նշանակում չ’ըներ այդ օրուընէ ասդին, այս մասին ի՞նչ կ’ըսէ Նախագահը։ Այս շատ կարեւոր հարցումին Կիւլ սապէս պատասխանեց. »Կարելի՞ է որ ընդունուի այսպիսի բան մը։ Այսպիսի ամօթալի բան մը կ’ըլլա՞յ։ Ասիկա կը նշանակէ ինքզինք մերժել, ինքնիրեն հակասել։ Բայց ձեզի բան մը ըսեմ։ Ապագային հաւանաբար պիտի լսէք։ Պիտի տեսնէք որ մօտիկ ապագային այս բաները անցեալի մէջ պիտի մնան ու պիտի տեսնէք որ այս երկրին բոլոր հայրենակինցերը, եթէ արժէք ունին, պիտի կարենան ստանձնել ամէն տեսակ պաշտօն։ Իսլամ կամ ոչ-իսլամ, ինչ կ’ուզէ թող ըլլայ։ Այս ուղղութեամբ կարգ մը նորութիւններ պիտի տեսնէք։ Ես այսքանը ըսեմ։ Վաղը եթէ իմանաք, այս խօսքերս կը յիշէք«։ Աւելորդ է ըսել որ Նախագահ Կիւլին այս յայտարարութիւնը շատ բովանդակալից, նոյնքան եւս խոստմնալից է, եւ քանի որ Նախագահը արդէն ծանօթ է իր բարեմոյն ու խաղաղարար բնաւորութեամբ, կարելի է մտածել որ Նախագահը բան մը գիտէ երբ այսպէս կը խօսի ու կը մտնէ լուրջ յանձնառութեան տակ։ Կրկին անդրադառնալով Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով Եւրոպական Դատարանի որոշումին, Նախագահը ըսաւ որ այսպիսի որոշումի մը դիմաց մենք չենք կրնար մեր գլուխը վեր բռնել։ »Կը նշանակէ որ արդէն չենք կրցեր պաշտպանել մեր հայրենակիցը եւ մէջտեղը որոշ թերացումներ կան, ոճրին մանրամասնութիւնները երեւան չեն հանուեր հակառակ որ ոճրին վրայէն այսքան ժամանակ անցեր է, ասիկա տկարութիւն է մեզի համար ու մեր մասին ալ տկարութեան պատկեր կը ստեղծէ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Այսինքն ես ամօթահար կը մնամ ու չեմ կրնար զիս պաշտպանել։ Չեմ փորձեր զմեզ արդարացնել ըսելով որ ոչ, մենք ամէն ինչ ըրինք, սա ըրինք, նա ըրինք։ Այսպիսի դէպքեր պէտք չէ պատահին«, ըսաւ Նախագահը։ ՄԱՐՄԱՐԱ.- Յիշողութիւնները թարմացնելու համար դիտել տանք որ 2009 թուականին Լէօ Սուրէն Հալէպլի անուն Հայ երիտասարդ մը յաջողած էր Եւրոմիութեան Ընդհանուր Քարտուղարութեան մէջ Թուրքիոյ անունով պաշտօն ստանձնելու քննութեան մէջ։ Ասիկա կարեւոր նորութիւն էր նմանօրինակ կարեւոր պաշտօնի մը համար։ Բայց 2010-ի Փետրուարին հաղորդուեցաւ որ Թուրքիոյ Գերագոյն Ատեանը դիրք գրաւած էր քննութեան արդիւնքին դէմ ու կասեցուցած էր քննութեան արդիւնքի գործադրութիւնը։ Այս կերպով Հալէպլիի նշանակումը առկախուած էր։ Յայտնի էր որ ասիկա կը կատարուէր պարզապէս անոր համար որ Հալէպլի հայ էր։ Այդ մասին է որ լրագրող մը հարցուցած է Նախագահ Կիւլին ու Նախագահ Կիւլն ալ յայտարարած է որ մօտ օրէն պիտի ջնջուի պաշտօններու նշանակումի մէջ իսլամ-ոչ իսլամ խտրականութիւնը։ Պիտի ջնջուի՞ իսկապէս։ Դիտել տանք որ ոչ իսլամ մեր հայրենակիցներն ալ իրենց կարեւոր նպաստը կրնան բերել իրենց ապրած երկրի վերելքին ու զարգացումներուն՝ եթէ հնարաւորութիւն տրուի անոնց, ինչպէս կը տրուէր Օսմանեան կայսրութեան օրերուն։ Մենք գիտենք որ Հանրապետական շրջանին բազմաթիւ պաշտօնական դիրքերու ու պաշտօններու դռները գոցուեցան ոչ-իսլամ հայրենակիցներու առջեւ։ Ըստ օրէնքի՝ արգելք չկայ, բայց գործադրութեան մէջ արգելք կայ, եւ ա՛յդ է որ պատահած է Հալէպլիի նշանակումին մէջ։ Այս տեսակէտէն իսկապէս կարեւոր, շատ կարեւոր է այն ինչ որ Հանրապետութեան Նախագահը ըսած է լրագրողներուն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը