Շրջանային մակարդակի վրայ հայոց բանակը կը յատկանշուի իր մարտունակութեամբ


Շրջանային մակարդակի վրայ հայոց բանակը կը յատկանշուի իր մարտունակութեամբ

  • 27-01-2011 21:18:33   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Հայաստանի բանակի օրը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ իրեն կապուած իրադրութիւններու ընդհանուր նկատառումներով: Աւելորդ չէ անշուշտ անառարկելի տեսութեան վերընդգծումը, թէ` բանակը տուեալ երկրին, պետութեան ժողովուրդին անվտանգութեան անփոխարինելի երաշխիքն է եւ իբրեւ այդպիսին ագզային արժեհամակարգի կարեւորագոյն հիմնադրոյթներէն մէկը: Հայրենիքին եւ ժողովուրդին ծառայելու ամենահիմնական ու ամենաազդեցիկ ուղին, ազգի շարունակականութիւնը ապահովող կարեւոր ու առաջնային բաղադրիչներէն մէկը: Հիմա, Հայաստանի բանակին մասին: Ռազմական առումով փորձագիտական վկայութիւնները կը շարունակեն հաստատել, որ շրջանային մակարդակի վրայ հայոց բանակը կը յատկանշուի իր մարտունակութեամբ, մարտական պատրաստուածութեան բարձր որակով: Ազրպէյճանական կողմը գիտակցելով այս իրականութեան, դժուար հաշուի կը նստի իրողութեան հետ եւ ներքին սպառումներու շարժառիթներէ մղուած թափ կու տայ ռազմաշունչ հռետորաբանութեան: Պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան մասին անդադար խօսելով, պաշտօնական Պաքուն ինքնահակասական շղթայի մէջ կը յայտնուի` նկատի ունենալով իր իսկ ստորագրած միջազգային փաստաթուղթերը, ուր արցախեան հակամարտութեան լուծման համար կը բացառուին ռազմական գործողութիւնները եւ կը գերադասուի խաղաղ ճանապարհը: Հարցը դուրս կու գայ հռետորաբանական սահմաններէն եւ կը հասնի հրադադարի խախտումներու հերթական շարքի: Հրադադարի միակողմանի խախտումներու շարքը սակայն, ազրպէյճանական կողմին համար նոր դիրքերու նուաճումի չի յանգիր: Ազրպէյճանցի դիպուկահարներու սադրանքներու սահմաններու մէջ մնացող գործողութիւններ են անոնք, որոնք դիրքերու գոյավիճակին վրայ որեւէ ազդեցութիւն չեն ունենար եւ աւելիով կը համոզեն հետեւողները, որ երկար ժամանակէ ի վեր տեղի ունեցող այս պատահարները կը մեկնարկուին ազրպէյճանական հասարակական շուկայի ներքին սպառումներուն համար: Ի հարկէ չեն պակսիր հայկական բանակին պատասխան գործողութիւնները: Հայկական կողմը իր բարձրագոյն մակարդակով յստակացուցած է, որ արցախեան հակամարտութեան կապուած դէպքերու ընթացքը ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան հետեւանքներու նկատառումով պէտք է ընկալել: Հայկական բանակի արձանագրած յառաջխաղացքի բացատրութիւնը դէպքերու պատճառահետեւանքային բացատրութիւններով կը պարզուի: Այժմ, բանակի ներքին ոլորտ: Հայոց բանակի տարբեր զօրամասերուն եւ նոյնինքն հակառակորդի հետ շփման գիծերու դիրքերուն վրայ պատահածները անշուշտ խորապէս մտահոգիչ են, դատապարտելի եւ մերժելի յաճախ: Կիսապատերազմական վիճակի մէջ գտնուող բանակի համար հայ զինուորին բարոյահոգեբանութիւնը հարուածող լուրջ երեւոյթներ են անոնք, որոնց սրբագրումին համար կտրուկ միջոցառումները աւելի քան անհրաժեշտ են: Նոյնքան մերժելի է սակայն, նման պատահարներու շահարկումը ներքաղաքական առաւելներ ապահովելու նպատակով: Հասարակական ընդվզումը պատահարներուն դիմաց աւելի քան հասկնալի է: Եղելոյթներուն մասին քննարկումները պարտին նպատակ ունենալ միայն արագ սրբագրութիւնը այդ բոլորին: Վերահսկողական օղակներու կանոնակարգումը աւելի քան անհրաժեշտ է նման սանձարձակութիւններ կանխարգիլելու համար: Քաղաքական շահարկումի փորձը վտանգաւոր խաղ է բանակի հաշւոյն: Իւրաքանչիւր նման մտադրութիւն հաշուի պիտի առնէ հակառակորդին նպաստած ըլլալու փաստը: Մօտեցումը երբեք չ՛ենթադրեր անշուշտ անտարբեր մնալ նման դէպքերու դիմաց: Ընդհակառակը պետական եւ հասարակական բոլոր միջոցները ամենաաարագ միջոցին ձեռնարկելով մթնոլորտի առողջացման արմատախիլ պիտի ընեն նման երեւոյթներու տուն տուող պատճառները: Հայաստանի հանրապետութիւնը շրջափակող թուրքեւազրպէյճանական դիրքերուն դիմաց կանգնած է հայոց բանակը: Մեր ազգի լինելութեան, գոյատեւման, շարունակականութեան անփոխարինելի, հզօր երաշխիքը: Մեր համազգային արժեհամակարգի կայացման համար գլխաւոր բաղադրիչը: Շահան Գանտահարեան ,Ազդակեի գլխաւոր խմբագիր
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը