ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Արցախ Այցելողներու Պաքուի «Սեւ Ցուցակ»ը Օգտակար է Հայաստանին, Վնասակար` Ատրպէյճանին
21-08-2013 02:07:32 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Ատրպէյճանի ղեկավարները հաւանաբար տեղեակ չեն, որ իրենց անճարակ ստորադասները ինչ ահռելի վնասներ կը հասցնեն սեփական երկրի շահերուն եւ հեղինակութեան: Նախագահ Ալիեւ պէտք է կարճատեւ դադար առնէ` հայերուն ուղղուած ամէնօրեայ սպառնալիքներէն եւ յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնէ իր կառավարութեան ներքին «թշնամիներուն»:
Նախ սկսինք այն կէտէն, որ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները հաշուել չեն գիտեր: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը օրեր առաջ հրապարակեց «սեւ ցուցակ»՝ բացայայտելով 41 երկիրներէ 335 անձերու անուններ, որոնք 2005 թուականէն սկսեալ Արցախ այցելած են «առանց Պաքուի արտօնութեան»: Ատրպէյճան մուտք գործելը արգիլող «փերսոնա նոն կրաթա» ցուցակին մէջ ընդգրկուած են` խորհրդարանի անդամներ, գործարարներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ եւ այլ հանրածանօթ մարդիկ: Անոնք կը մեղադրուին Ատրպէյճանի սահմանները խախտելու եւ երկրի «ազգային ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը» չյարգելու մէջ: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը խեղճուկրակ ձեւով կ’ընդունի, որ՝ «Լեռնային Ղարաբաղը ժամանակաւորապէս Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հսկողութենէն դուրս է»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 41 երկիրներէն իւրաքանչիւրին այցելուներուն թիւը, որոնք, ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին, «ապօրինի» մտած են Արցախ.
Ատրպէյճանցիներուն ներկայացուցած` Արցախ այցելած 335 մարդոց ցուցակը չի համապատասխաներ իրականութեան: Աւելի քան 16.000 զբօսաշրջիկ աշխարհի 86 երկրէ միայն 2012 թուականին այցելած է Արցախ: Ատրպէյճանցի մեծահարուստ պաշտօնեաները, որոնք պատրաստած են այս «սեւ ցուցակ»-ը, ոչ միայն չեն կրնար հաշուել, այլեւ չեն կրնար գտնել հրապարակայնօրէն մատչելի տեղեկատուութիւնը: Թէեւ յայտնի չէ Արցախ մտնող իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկի անունը, սակայն կը թուի, թէ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները արթուն չեն: Զարմանալիօրէն Հայաստանի ղեկավարներէն ոչ մէկը յայտնուած է Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, հակառակ անոր որ անոնք երբեք չեն թաքցուցած իրենց պարբերական ուղեւորութիւնները Արցախ: Արդեօք ասիկա չի՞ նշանակեր, որ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները Արցախը կը համարեն Հայաստանի մաս, եւ այդ իսկ պատճառով իրենց սեւ ցուցակին մէջ չեն ընդգրկած այնտեղ այցելած հայ քաղաքացիները:
Սխալ հաշուարկն ու ցածորակ հետախուզութիւնը յաւելեալ խնդիրներ կը ստեղծեն Ատրպէյճանի համար: 335 անձերու անուններ ներառող ցուցակին մէջ յայտնուած են այնպիսի մարդիկ, որոնք երբեք չեն եղած Արցախ, մինչդեռ ուրիշները, ինչպէս՝ Եոնաս Հոլանտերը Գերմանիայէն, այցելած են Արցախ, սակայն անոնց անունը դուրս մնացած է «սեւ ցուցակ»-էն: Հոլանտերը Դիմատետրի իր էջին մէջ ցուցադրելով «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան» համար իր մուտքի արտօնագիրին լուսապատճէնը՝ տեղադրած է հետեւեալ հեգնական մեկնաբանութիւնը. «Յարգելի Ատրպէյճան, վերջերս դուք հրապարակած էիք այն մարդոց ցուցակը, որոնց արգիլուած է մուտք գործել ձեր երկիր: Ես խորապէս վիրաւորուած եւ հիասթափուած եմ, որ իմ անունը տեղ չէ գտած ձեր ցուցակին մէջ: Կից կը ներկայացնեմ Ղարաբաղի մէջ գտնուելու իմ ապացոյցը եւ կը խնդրեմ այդ սխալը ուղղել հնարաւորինս շուտ: (Ստորագրուած) Եոնաս Հոլանտեր` տխուր եւ անկարեւոր ըլլալու զգացումով»:
Դէպի Ատրպէյճան հետագայ այցելութիւններու արգելքը ծաղրելու նպատակով հայերը ստեղծած են Դիմատետրի էջ` «Ես այցելած եմ Արցախ առանց արտօնութեան» վերնագիրով:
Ահա սեւ ցուցակին մէջ անարդարացիօրէն յայտնուած նշանաւոր անձերու քանի մը քննադատական արձագանգներ.
– Մարչելօ Քաթելմի, արժանթինական յայտնի «Քլարին» պարբերականի միջազգային քաղաքականութեան բաժինի գլխաւոր խմբագիր. «սեւ ցուցակի հրապարակումը քստմնելի եւ բարբարոսական արարք է: Ասիկա խտրական մեթոտ մըն է, որ պատմականօրէն կիրարկուած է բռնապետներու եւ բռնակալներու կողմէ, որոնք մտադիր էին դաժան ձեւով պատժել այլակարծութիւնը»:
- Ի. Վէյն Մերի, Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գծով աւագ գիտաշխատող, Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդ, Ուաշինկթըն. «Ատրպէյճանը միայն ինքզինքին կը վնասէ Ղարաբաղ այցելած մարդոց իր «սեւ ցուցակ»-ով: Պաքուի համար խելամիտ քաղաքականութիւն պիտի ըլլայ անմիջապէս Ատրպէյճան հրաւիրել իւրաքանչիւր մարդու երրորդ երկրէ, որ այցելած է Ղարաբաղ»:
Երբ պարզուեցաւ, որ «սեւ ցուցակ»-էն դուրս մնացած են տարիներու ընթացքին Արցախ այցելած տասնեակ հազարաւոր մարդոց անուններ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլայեւը ամչնալով յայտարարեց, որ այդ ցուցակը պիտի թարմացուի եւ ընդլայնուի: Յոյսով եմ, որ ան չի մոռնար աւելցնելու նաեւ իմ անունը «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, յատկապէս որ ես խմբագրական գրած եմ Արցախ կատարած իմ յիշարժան այցելութեանս մասին:
Հայ պաշտօնեաները պէտք է օգնեն ատրպէյճանցիներուն` հրապարակելով այն բոլոր անձերուն անունները, որոնց բախտ վիճակուած է այցելելու Արցախ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, որպէսզի արգիլուի անոնց բոլորին մուտքը Ատրպէյճան` այդ երկիրը ձգելով աւելի քիչ այցելուներով եւ զայն մեկուսացնելով քաղաքակիրթ աշխարհէն: