ԲԱՆԱՎԷՃ ՄԸ՝ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԻՆԾԻ ՇՆՈՐՀՈՒԱԾ ՄԵՏԱՅԼԻՆ ՄԱՍԻՆ


ԲԱՆԱՎԷՃ ՄԸ՝ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԻՆԾԻ ՇՆՈՐՀՈՒԱԾ ՄԵՏԱՅԼԻՆ ՄԱՍԻՆ

  • 25-01-2011 21:14:12   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Բարեկամներ իմաց տուին ինծի որ թղթակցութեան ճամբով իրարու հետ կարծիք փոխանակողներու համացանցային հասցէի մը վրայ յարգելի քանի մը ազգայիններ, Հայաստանի Սփիւռք Նախարարութեան կողմէ ինծի շնորհուած Ոսկի Մետայլի կապակցութեամբ հետաքրքրական բանավէճ մը բացած են իրենց միջեւ եւ սկսած են քննարկել այն հարցը թէ դուրսինները իրաւունք ունի՞ն Թրքահայութիւնը Սփիւռք նկատելու, թէ ոչ։ Կայքէջի վրայ թղթակցութիւնները բնականաբար կը կատարուին թրքերէնով։ Ես յիշեալ կայքէջը տեսնելու եւ անոր հետեւելու կարելիութիւն չունիմ, ուստի կարդացողներէն է որ կը լսեմ յապաղումով։ Բանավէճը ծնունդ առած է երբ բանաստեղծուհի ու լրագրող Վերճիհան արձագանգած է Ոսկի Մետայլի լուրին, շնորհաւորած է զիս իմ այս յաջողութեան համար, բայց գանգատած է որ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Սփիւռք նկատած է Թրքահայութիւնը։ »Մինչդեռ ոչ Հատտէճեանը, ոչ ալ մենք, Սփիւռք չենք, Սփիւռքի Նախարարութիւնը պէտք է լաւ մտածէ թէ ով Սփիւռք է, ով Սփիւռք չէ« ըսած է Վերճիհան։ Ուրիշներ ալ փութացած են իրենց կարծիքները յայտնելու ու բանավէճը խորացուցած են։ Ոմանք ձայնակցած են Վերճիհանին ու մերժած են Թրքահայութեան ճակտին փակցուած »Սփիւռք« բառը, ոմանք ալ, տարբեր տեսանկիւնէ մօտենալով, յիշեցուցած են որ Հայաստանի աչքին, Հայաստանէ դուրս ապրող բոլոր Հայերը Սփիւռք կը նկատուին։ Արծարծուած է նաեւ այն հարցումը թէ մեր գրականութիւնը Սփիւռքահայ գրականութիւն կը նկատուի՞, Հատտէճեան Սփիւռքի գրականութեա՞ն է որ ծառայութիւն բերած է, եւայլն։ Վերճիճան միջոց մը յայտնած է նաեւ որ պիտի սպասէ որ Պարոն Հատտէճեան, մրցանակը ստանալու ընթացքին ընդգծէ թէ մենք Սփիւռք չենք եւ թէ հոս տակաւին կան գրողներ որոնք կը շարունակեն ապրեցնել Պոլսահայ Գրականութիւն կոչուածը։ Նախ պիտի ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել այս բանավէճի բոլոր մասնակիցներուն, քանի որ բոլորն ալ ամէնէն առաջ իրենց շնորհաւորութիւնները կը յայտնեն ինծի, կը խնդակցին ինծի, վերջն է որ միւս նիւթին մասին կարծիքներ կը յայտնեն։ Գալով »Սփիւռք« ու »Սփիւռքահայ գրականութիւն« բառերուն ստեղծած շփոթութեան, պիտի ուզէի ես ալ յայտնել իմ կարծիքը այս փշոտ հարցի կապակցութեամբ։ Բայց ամէնէն առաջ կ’ուզեմ դիտել տալ որ անհանգստութիւն մը ունիմ։ Կը վախնամ որ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ գրուած կարճ բացատրագիրը սխալ հասկցուած է, քանի որ Նախարարութիւնը հոն խօսած է իմ այն նպաստին մասին զոր ես բերած եմ Սփիւռքահայ մամուլի ու գրականութեան զարգացման եւ ասիկա սխալ չէ, քանի որ իմ աշխատանքը ընդհանրապէս Թրքահայ շրջանակներով սահմանափակուած չէ, այսինքն իր անդրադարձը ունեցած չէ միայն թրքահայ մամուլի կամ գրականութեան վրայ, այլ ունեցած է նաեւ ամբողջ Սփիւռքահայ մամուլի ու գրականութեան վրայ եւ այս տեսակէտէ է թերեւս որ կը գործածուի »Սփիւռք« բառը։ Չեմ գիտեր թէ Վերճիհան ու մեր միւս բարեկամները հայերէնով կարդացա՞ծ են Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկ. Յակոբեանի ինծի ուղղեալ անձնական երկարաշունչ նամակը, որուն մէջ յստակ ու դիպուկ անդրադարձումներ կան իմ անձնական լայնածաւալ գրականութեան ու Մարմարա օրաթերթի կատարած առաքելութեան ու այլ հարցերու մասին, տողեր որոնք աւելի յստակ կը դարձնեն թէ ինչու այս մրցանակը կը տրուի ինծի։ Բանավէճի մասնակից սիրելի անձերուն ամէն բանէ առաջ դիտել տալ կ’ուզեմ որ վերջին տասը տարիներու ընթացքին թերեւս տասն անգամ գրեցի կամ հրապարակաւ խօսեցայ այն մասին թէ Թրքահայութիւնը Սփիւռք չի կրնար կոչուիլ։ Ասիկա այնքան յստակ է որ այդ մասին խօսիլն իսկ անտեղի է։ Սփիւռք կը կոչուի այն հաւաքականութիւնը որուն անցեալը հարիւր տարիէն աւելի ետ չի կրնար երթալ։ Սփիւռք կը կոչուի այն հաւաքականութիւնը որ իր ծննդավայր կամ մայրենի երկրին դուրսը կ’ապրի։ Իսկ թրքահայը հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր այս հողերուն վրայ է, եկուոր չէ, տեղացի է։ Մեր այս տեսակէտը, որ մեզմէ շատերու տեսակէտն ալ է միաժամանակ, բանավէճի արժանի իսկ չէ, հաստատման պէտք ալ չունի, ուստի բարեացակամ մեր բարեկամները կրնան վստահ ըլլալ որ մենք միշտ ի պահանջել հարկին պիտի յիշեցնենք ու արդէն կը յիշեցնենք թէ մենք Սփիւռք չենք։ Բայց մետայլը ունի իր միւս կողմը։ Կարելի է հարց տալ հետեւեալը։ Եթէ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի Նախարարութիւն մը կայ, այդ Նախարարութիւնը բնաւ մեր վրայ ուշադրութիւն թող չկեդրոնացնէ՞ մենք Սփիւռք չենք ըսելով, մեզ մոռնա՞յ բոլորովին։ Եթէ այդպէս ընէ, այդ ալ անիրաւութիւն չ’ըլլա՞ր մեզի նկատմամբ։ Եթէ Հայաստանցիները պաշտօնական գետնի վրայ Սփիւռք ըսելով կը հասկնան Հայաստանէն դուրս գտնուող բոլոր հայերը, այն ատեն անոնք, մենք ատկէ գոհ ըլլանք կամ չըլլանք, ստիպողաբար մեզ ալ պիտի ընդգրկեն Սփիւռք կոչուած լինելութեան մէջ։ Այստեղ հարկ է նշել նաեւ որ Սփիւռքի Նախարարութեան գործն է ուշադրութիւն կեդրոնացնել Հայաստանէ դուրս գտնուող հայերու վրայ եւ եթէ Նախարարութիւնը կ’ուզէ որ իր գործը լաւ ընէ, ամէնուն նման մեր վրայ ալ ուշադրութիւն պիտի կեդրոնացնէ կամ պէտք է կեդրոնացնէ։ Թող արտօնուի որ յիշեցում մը ընեմ։ Ես առաջին անգամ չէ որ Ոսկի Մետայլ կամ շքանշան կը ստանամ։ Թէեւ պէտք չկայ համրելու բոլոր այն շքանշանները կամ մետայլները զորս ստացած եմ, բայց քանի մը հատը պիտի յիշեմ որպէսզի բացատրեմ թէ ամէն մետայլ տուողը իր զբաղումի դաշտին տեսանկիւնէն է որ կուտայ մետայլը։ Օրինակ, ես ստացած են Հայաստանի Գրողներու Միութեան ոսկի մետայլը։ Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը այդ մետայլը տուած է գրականութեան մարզէ ներս իմ ծառայութեան համար։ Ես ստացած եմ Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան ոսկի մետայլը։ Ան ալ այս մետայլը տուած է հայ մշակոյթի նկատմամբ իմ բերած ծառայութեան համար։ Ես ստացած Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան Ոսկի Գրիչ մրցանակը։ Այս Միութիւնն ալ մետայլը ինծի տուած է հայ լրագրութեան ու մամուլի մարզէ ներս իմ բերած ծառայութեան համար։ Ես ստացած եմ Հայաստանի Նախագահութեան Մովսէս Խորենացի Մետայլը։ Ատիկա ինծի տրուած է հայկական ինքնութեան ու ազգապահպանումի գետնի վրայ իմ բերած ծառայութեան համար։ Բոլոր այս հաստատութիւնները ուրեմն իրենց զբաղումի դաշտին համար է որ տուած են պարգեւը։ Ուրեմն ինչո՞ւ զարմանալ որ Սփիւռքի Նախարարութիւնն ալ Սփիւռքահայ գրականութեան ու յարաբերութիւններու խօսքը կ’ընէ ինծի Ոսկի Մետայլ շնորհելու ընթացքին։ Չէ՞ որ անոր գործը կամ գործունէութեան դաշտը ա՛յս է։ Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ կայքէջին վրայ անձիս նկատմամբ ցուցաբերուած բարի զգացումներուն համար, մեր բարեկամներէն կը խնդրեմ որ սխալ չհասկնան կամ սխալ մեկնաբանութիւններու մէջ չիյնան, ճիշդ գնահատեն իմաստը այն մրցանակին որ կը տրուի։ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ տրուած այս մետայլը չէ՛ որ յանկարծ մեզ Սփիւռք պիտի դարձնէ, մնաց որ, եթէ այս մետայլը ինծի կը տրուի իմ ծննդեան 85ամեակիս առընթեր իմ գրական աշխատանքիս համար, իմ կարծիքով լաւ կ’ըլլայ որ այստեղ որեւէ զանազանութիւն չընենք Սփիւռքահայ Գրականութեան կամ Հայաստանի Գրականութեան միջեւ եւ ընդունինք որ կայ միայն Հայ Գրականութիւն՝ Արեւմտահայերէնով գրուած ըլլա՛յ կամ Արեւելահայերէնով։ Ինչպէս ըսինք արդէն, մետայլը ինծի շնորհուած է նաեւ այն հաստատումով թէ ես կարեւոր նպաստ բերած եմ որպէսզի Սփիւռքահայութիւնը իմ աշխատանքիս մէջէն ճանչնայ ամբողջ հայ գրականութիւնը եւ ասիկա նիւթ մըն է որուն նկատմամբ անշուշտ անտարբեր չէր կրնար մնալ Սփիւռքի Նախարարութիւնը։ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը