Էրտողանի պատասխանը Քըլըճտարօղլուին


Էրտողանի պատասխանը Քըլըճտարօղլուին

  • 25-01-2011 21:11:17   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Այլեւս շատ հետաքրքրական փուլի մը մէջ մտած է խօսքի այն մենամարտը որ կը շարունակուի Վարչապետ Էրտողանի ու Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի միջեւ։ Այս վերջինը պնդած էր որ Ա-Գէ-Փէ անցեալի մէջ կապեր ունեցած էր ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ։ Վարչապետը պահանջեց որ ան փաստէ իր այս պնդումը, այլապէս այսպիսի պնդում մը ընելը անկրթութիւն ու վատութիւն է։ Քըլըճտարօղլու փոխադարձեց ըսելով որ Էրտողան պէտք է հիւանդանոց դիմէ ու դարմանուի։ Վարչապետ Էրտողան, որ երէկ Ուքրայնա գնաց, մեկնելէ առաջ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն ու ըսաւ որ Քըլըճտարօղլո՛ւն է որ պէտք է հիւանդանոց դիմէ, ան պէտք ունի հապճեպ դարմանումի։ Վարչապետը ընդունեց որ իր ոճը ծանր է, բայց աւելցուց որ նախ եւ առաջ դիմացինները պէտք է քննեն իրենց ոճը, ինք իրաւունք ունի պահանջելու որ Քըլըճտարօղլու փաստէ իր պնդումը, որովհետեւ Ա-Գէ-Փէ ամէն բանով փայլուն ու անբասիր կուսակցութիւն մըն է։ Վարչապետը, Ուղուր Մումճուի սպանութեան կապակցութեամբ ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ որ ատիկա 18 տարի առաջ պատահած ոճիր մըն է եւ ամբաստանեալը բանտն է։ Գալով իրենց շրջանին, Վարչապետը պնդեց որ իրենց շրջանին որեւէ ոճիր անյայտ չէ մնացած, ոճրագործը երեւան հանուած է որոշ ժամանակ մը վերջ։ Վարչապետը մեկնելէ առաջ պատասխանեց նաեւ Հայաստանի մասին ուղղուած հարցումի մը։ Լրագրող մը հարցուց թէ իրեն որեւէ տեղեկութիւն հասա՞ծ է այն մասին թէ Հայաստանի աթոմակայանէն ռատիօաքթիվ ճառագայթումի փախուստ կայ, Վարչապետը պատասխանեց որ ո՛չ, այդպիսի տեղեկութիւն չկայ )Այս մասին տեսնել մեր անջատ լուրը_։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը