Շառլ Ազնաւուր անհանգստութիւն յայտնած է Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցի նկատմամբ որդեգրուած ընթացքի կապակցութեամբ


Շառլ Ազնաւուր անհանգստութիւն յայտնած է Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցի նկատմամբ որդեգրուած ընթացքի կապակցութեամբ

  • 25-01-2011 21:08:53   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ֆրանսահայ հռչակաւոր երգիչ Շառլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի »Լը Տոֆէն« պարբերաթերթին տուած է հարցազրոյց մը, ուր յայտնած է իր լուրջ անհանգստութիւնը Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցի նկատմամբ որդեգրուած ընթացքի կապակցութեամբ։ Ազնաւուր յայտարարած է. »Նախագահ Սարքոզի որոշակիօրէն ուրացած է ընտրութիւններու ընթացքին իր տուած խոստումները։ Սխալ է ատիկա, քանի որ Ֆրանսայի հայ համայնքը թրքական համայնքի համեմատ կը ներկայացնէ մարդոց զգալի թիւ։ Հայ ժողովուրդը պատասխանատու է եւ համարձակ։ Ան արիւն տուած է իր երկրին համար։ Առաջին անգամ է որ ես կը խօսիմ այս մասին, բայց եթէ նախագահը չփոխէ իր քաղաքականութիւնը, ես կ’օգտուիմ իր ձայներէն, երբ ժամանակը գայ«։ Ազնաւուր շարունակած է. »Ֆրանսայի մէջ առնուազն 400.000-500.000 հայ կ’ապրի։ Հայկական ծագում ունեցող իւրաքանչիւր ֆրանսացի կ’աջակցի ինծի։ Եթէ այսպէս շարունակուի, ես ամբողջովին կը նուիրուիմ այս գործին։ Ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, բայց ունիմ քաղաքական զգալի ներոյժ։ Ես գիտեմ որ կը վտանգեմ իմ կեանքը, այսպէս խօսելով։ Բայց իմ տարիքիս, վերջ ի վերջոյ ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ կեանքը վտանգի տակ դնել«։ Իսրայէլի ռատիոկայանը հաղորդած է որ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր կոչ ուղղած է Իսրայէլի, որպէսզի այս երկիրը պաշտօնապէս ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը։ 23 Յունուարին, Փարիզի մէջ, Երուսաղէմի համալսարանի միջազգային մրցանակի յանձման արարողութեան ընթացքին, Ազնաւուր յայտարարած է թէ Թուրքիա վերջին տարիներուն սկսած է ակնայայտ ձեւով հակասիոնական դիրքաւորում որդեգրել Իսրայէլի հանդէպ, նաեւ մերձաւոր արեւելեան բոլոր խնդիրներու մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը