Միացեալ Նահանգներ - Թուրքիա զոյգը կը ներկայացնէ նոր ,թանկօե մը


Միացեալ Նահանգներ - Թուրքիա զոյգը կը ներկայացնէ նոր ,թանկօե մը

  • 25-01-2011 12:54:05   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ռամկավար Մամուլ Յունուար 24, 2011 Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ փոխ յարաբերութիւններուն միջեւ յայտնուիլ սկսած է նոր ,թանկօե մը, սակայն տակաւին բացայայտ չէ թէ ով է այդ պարը ղեկավարողը: Տարիներ առաջ պարզուած էր գոյութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարարներով եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներով կազմուած խմբակի մը մասին, բաղկացած 8 անդամներէ, որոնց մէջ կը գտնուէին Մատլէն Օլպրայթ, Շուլց, Քիսինճըր եւ այլ քաղաքական դէմքեր, որոնք ,կը թուէր թէե կը սահմանէին եւ կը հիմնագրէին ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ներկայի եւ ապագայի ծրագիրներն ու գործունէութիւնները, իրենց քաղաքական ,փորձառութեամբ եւ հմտութեամբե, որոնք այսօրուան կացութեան հասցուցած են Միացեալ Նահանգներու քաղաքական իրավիճակը արտաքին աշխարհի եւ նոյնինքն` Ամերիկայի մէջ: Ահաւասիկ այս խմբակի անդամներէն_ նշանաւոր Տիկ. Մատլէն Օլպրայթ, եւ ,հանգստեան կոչուած դիւանագէտներ, հիւպատոսներ եւ ոչ քաղաքական գործիչներ եւ ակադեմականներե, այցելութիւն մը տուած են Իսթանպուլ, ,Թուրք-Ամերիկեան փոխ յարաբերութիւններու ընթացքը բարեփոխելու նպատակով եւ Թուրքիան աւելի լաւ հասկնալու համարե: Պաշտօնական այցելութեան բուն նպատակը քննարկելն էր թրքական քաղաքական ընթացքը իր ներկայ իրականութեան մէջ, հակառակ անոր որ պաշտօնական այդ պատուիրակութեան անդամները, անխտիր, բոլորն ալ, տեւական կերպով եւ մեծապէս գնահատողներ եղած են թրքական եւ Միացեալ Նահանգներու փոխ յարաբերութիւններու անխաթար գոյատեւումին ու առաջնահերթութեան, բոլորն ալ ըլլալով մօտիկ եւ թելադիր խորհրդականներ Օպամայի կառավարութեան: Վերջերս մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահը` Պարաք Օպաման կը յայտարարէր ,Մեր փոխ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ կայուն են հակառակ մեր միջեւ եղած կարգ մը կարծիքներու մանր եւ աննշան տարբերութիւններունե, միւս կողմէ Սպիտակ տունը կ’արձագանգէր` ,Թուրքիան շարունակաբար մի_ հարուածէքե: Թուրք-Ամերիկեան փոխ յարաբերութիւնները այժմ կը կարծուի թէ կը գտնուին ,զիրար լաւ հասկացողական մակարդակիե վրայ, այնպէս որ բոլոր խորհրդակցութիւնները այդ ուղղութեամբ u1391 .ը տարուին, մանաւանդ որ Հայկական Բանաձեւը մնաց դարանուած եւ քուէարկութեան համար չներկայացուեցաւ Ամերիկեան գոնկրէսին, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով թրքական կառավարութեան անդամներուն եւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի քննադատներուն, որոնք թերահաւատ էին իր գործունէութեանց ընթացքին եւ անոր արդիւնքներուն նկատմամբ: ,Թանկօեն ղեկավարողը այժմ կը թուի թէ Թուրքիան է, որովհետեւ թրքական կառավարութիւնն ու մամուլը կը յայտարարեն, ,Ամերիկա վերջապէս սկսաւ հասկնալ մեզե: Թրքական կառավարութիւնը կը ջանայ հասկցնել Միացեալ Նահանգներուն թէ` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերը տարբեր է Միացեալ Նահանգներու նկատառումներէն կամ ծրագիրներէն, եւ ան այլեւս չի կրնար ,մեծ եղբօրե հրահանգները գործադրել կուրօրէն, որովհետեւ շրջանի քաղաքականութիւնը նորանոր մօտեցումներ եւ հարեւանական գործակցութիւններ կը պահանջէ, ի մասնաւորի Իրանի, Համասի, Հըզպալլայի, Սուտանի եւ Սուրիոյ հետ, որոնց հետ ունեցած անցեալի պատահարները մոռնալու եւ ապագայի փոխ յարաբերութիւններու առիթներ կը ջանայ ստեղծել Թուրքիան, եւ այս պարագան ,Ուաշինկթընի մէջ կարգ մը դիւանագէտներ չեն հասկնարե: Ըստ թրքական լրատուական աղբիւրներու, Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում (AKP) կուսակցութեան ներկայացուցիչներ կը յայտարարեն թէ` ,Կը սխալին շրջանառութեան մէջ եղած տեղեկութիւնները, եւ եթէ կը կարծուի թէ Միացեալ Նահանգները պիտի լքեն կամ անտեսեն AKP կուսակցութիւնը, անիկա բոլորովին անհիմն է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու եւ մեր միջեւ բարւոք փոխ- յարաբերութիւնները երբե_ք հարցականի ենթակայ չի կրնար ըլլալ: Երբեմն տարակարծութիւններ կրնան գոյութիւն ունենալ մեր միջեւ, սակայն վերջ ի վերջոյ, մեր քաղաքական նպատակները ունին բացարձակապէս միեւնոյն կիզակէտըե: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, մեծ ճիգերով, կը ջանայ պարզաբանել այս վերջին շրջանի թրքական կառավարութեան տարած ,նորաձեւե քաղաքական գործունէութիւններու տարազը, իսկ Թուրքիա կը ջանայ մեղմել իր քաղաքական ,թանկօե-ին երաժշտութիւնը, բացայայտօրէն չանհանգստացնելու համար Միացեալ Նահանգները, եւ Իսրայէլը, պարզապէս` չկորսնցնելու համար անոնց նեցուկը: Եւ վերջապէս`…եւ կրկին անգամ ըլլալով… պիտի սկսինք ականատես դառնալ քաղաքական նոր ,թանկօե-ի մը ներկայացման հանդիսութեանը: Յակոբ Մարտիրոսեան Լոս Անճելըս
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը