Ըլլանք ուշադիր, սթափ ու նախանձախնդիր մեր ինքնութեան գոյապահպանման


Ըլլանք ուշադիր, սթափ ու նախանձախնդիր մեր ինքնութեան գոյապահպանման

  • 19-01-2011 19:55:51   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ռամկավար Մամուլ Յունուար 19, 2011 Անհունացեալ ,Անժամանակեին մէջ տարի մը եւս հասաւ իր լրումին ու կը յանձնուի պատմութեան էջերուն: Ժամանակաւոր է կեանքը Մարդ Էակին, սակայն իր ստեղծած ,միտք եւ արուեստեը անմահ է` զայն ճանչցող հոգիներու մէջ, երբ կը յանձնուի Ժամանակի արդար դատաստանին: Ամէն նոր Տարեմուտ` կ'ըլլայ սկիզբ ,անվերջակէտ ժամանակեին ընդառաջ բացուող անծանօթ եւ անստոյգ նոր ուղիի եւ ուղեւորութեան: Տիեզերական ճշմարտութիւն է այս` մարդկային իր բազմազգ ժողովուրդներով, իսկ մեր պարագային` Հայը իր ազգային ակունքներով եւ գործօններով կը շրջապատէ մեր սեփական մտահոգութիւնները: Այսօրուան դրութեամբ, Հայը` իր հայրենի պետականութեամբ եւ աշխարհասփիւռ զանգուածներով աշխարհին կը ներկայանայ շուրջ 10 միլիոնի հասնող թուաքանակով: Բազմաշե՛րտ է ան ու բազմադաւան: Բազմակարծիք է` ու բազմաքաղաքացի, ընդունելով իրեն տրամադրուած քաղաքացիական մէկէ աւելի ինքնութեան թուղթեր, իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ: Բազմալեզու մշակոյթի տէր է ան ու գիտէ քայլ պահել աշխարհի ելեւէջներուն, մակընթացութիւններուն եւ տեղատուութիւններուն հետ: Ա՛լ չխօսինք ու չվերլուծենք մենաշնորհի վերածած իր եկեղեցական, քաղաքական, ընկերային, միութենական համոզումներով պաստառադրուած խճանկարին մանրամասները, երբ իր կազմակերպութիւններուն եւ միաւորներուն ընդհանուր թիւը աշխարհի երեսունի մօտ երկիրներու մէջ երեսուն հազարը կ'անցնի (ըստ Հ. Հ. Սփիւռքի նախարարութեան): Այլ` փոխանակ փորփրելու մեր անցեալն ու ներկան յուզող ու փոթորկող երեւոյթները, ջանանք բիւրեղացնել զանոնք, լրջագոյն մօտեցումով նկատի առնենք անցեալէն մեզի ժառանգուած քաղաքա-ընկերային դասերը ու ջանանք դիմագրաւել մեր ներկային սպառնացող անխուսափելի վտանգները: 2011 թուականը կը յուշէ մեզի 20-ամեակը Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան, որ պաշտօնապէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն է եւ իրաւահաւասար անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան: Սակայն, չմոռնանք նաեւ անոր ,առկախե կարգավիճակը իր հարեւան եւ բազմաթիւ այլ պետութիւններու հետ փոխյարաբերութեանց ծիրէն ներս: Արդ` Իրբեւ տարագիր սփիւռքահայ անհատ, եկէք պահ մը առանձնացնենք ,Հայաստան-երկիր-պետութիւն-ժողովուրդ եւ բանակե համատեղ անվտանգութիւնը, ապաւինելով հայրենի պետութեան ու կառավարութեան ղեկավարներու ձեռնհասութեան եւ Ամանորի սեմին մեր խորհրդածութեան առանցքը դարձնենք Արեւմտահայաստանի ճակատագիրը, մեր հողային ու մարդկային կորուստը, անծայրածիր Սփիւռքի տարածքին կայք հաստատած հայութեան, անոր մշակոյթին եւ արեւմտահայ լեզուի գործածութեան տեւականացումը: Սփիւռքի հայապահպանումը, Տարագիր Սփիւռքի կազմաւորումը,- եկեղեցի, դպրոց, մշակոյթ,- կը պարտինք Ցեղասպանութենէն վերապրող բազմերախտ այն մտաւորական սերունդին, որ ծնունդ ու սնունդ տուաւ անապատէն ճողոպրած նորահաս մանուկ ու պատանի տղոց: Հիմնեց դպրոց ու եկեղեցի, գիր ու մամուլ, վերակենդանացուց մահուան սպառնալիքին ենթակայ գաղթական Հայը: Այսօր, աւելի քան երբեք, սփիւռքահայութիւնը ազատագրած է ինքզինք գաղթական հայու մղձաւանջային հոգեվիճակէն: Սակայն` հակառակ իր գերմարդկային ճիգին, անոր գլխուն վրայ դամոկլիան սուրի նման կը ճօճուի օտարացման ու ձուլումի անխուսափելի վտանգը: Սփի՛ւռք ենք 1923-էն ի վեր: Սոյն թուականը կը կրէ Վ. Թէքէեանի ,Սփիւռքե խորագրեալ քերթուածը` ուր կ'ըսէ. ,Խլուած իրենց արմատներէն ամենքն ալ` Մեր հին, հին ազգը ահա Որ չի կրնա՛ր իր հողերուն վրայ մընալ, Չորնալ ուիրշ տեղ կ'երթայ...ե Բռնախլուած իր արմատներէն` սակայն գերմարդկային ճիգերով, 90-ամեակէ մը ի վեր տարագիր Հայը իր բազմապատիկ թուաքանակով եւ մարդոյժով անհաւասար պայքար կը մղէ հոսանքն ի վեր: Ներկայ պայմաններու տակ, ան կը պահէ իր զտարիւն հայկականութիւնը իբրեւ միա՛կ եւ առանցքային ,հաւատամքեը մեր լինելիութեան: Մեր ինքնաճանաչողութեա՛ն: Ապացո՞յց կ'ուզէք: Վերջին երկու տարիներուն, ինքնաճանաչողութեան գերզգայուն լարերը սփիւռքի հայութեան` բազմիցս արտայայտեցին իրենց բնազդային պահանջատիրութիւնը: Քաղաքական կամքի վերածուեցան, գաղջ տրամադրութիւններ յստակ գոյն ու երանգ ստացան, արդարակորով հայը խտացուց իր շարքերը` կազմակերպուեցան գիտաժողովներ եւ բողոքի լուռ` այլ խօսուն ցոյցեր: Հայկակա՛ն ներոյժ: Հայկակա՛ն գործօն: Աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ կը վերականգնէր հնօրեայ գերբնական ոյժը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Ապրիլեան Ցեղասպանութեան 100-ամեակը մօտեցած է մեր դրան` ու մենք կը լսենք ահաւոր թակոցն անոր: Տասնամեակներէ ի վեր հայ քաղաքական դասական կուսակցութիւնները կը գլխաւորէին ու կը հետապնդէին Հայկական հարցը: Այժմ, ապակուսակցական` բայց ջերմեռանդ մտաւորականներու եւ համալսարանականներու սքանչելի հոյլեր կան, որոնք այսօր գործի լծուած են եւ գիտական մօտեցումներով քննարկումներ կը կատարեն հրապարակաւ: Արդարեւ, 90-ամեայ Սփիւռքը առաւե՛լ եւս զօրացաւ, երբ Հայաստանի պետութիւնը հիմնեց Սփիւռքի նախարարութիւնը, թէեւ ուշ` բայց ոչ ուշացած: Մենք` մօտէն կը հետեւինք նախարարութեան վարած գործունէութեան: Երկամեայ շրջան մը հազիւ բոլորած, արդէն` որոշ նուաճումներ արձանագրուած են այնտեղ` սփիւռքը միաւորելու եւ զայն գործօն ներոյժի մը վերածելու հարցը: Այս նպատակով` առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հետեւեալ կէտերը ի շարս այլոց. Համախմբում պատմաքաղաքական եւ իրաւագիտական մասնագիտութեան տէր հեղինակաւոր դէմքերու: Զօրաւոր հակազդեցութիւն` համացանցային միջազգային մակարդակով ծաւալ ստացող հակահայ ելոյթներու եւ պատմագիտական խեղաթիւրումներու: Մշտարթո՛ւն հսկողութիւն` յանուն խօսքի ազատութեան արտայայտութիւն գտնող հակահայ դիրքաւորմներու վրայ,- կրօնակա՛ն թէ քաղաքակա՛ն օտարամուտ տարրերու կողմէ: Գործող խմբաւորումներու մէջ զարկ տալ բարձրագոյն կրթութեան տէր թարմ ներոյժի պատրաստութեան: Ցեղասպանագիտութիւնը իր խորասոյզ վերլուծաբաններու կարիքն ունի: Պետական բարձրագոյն մակարդակով պիտի ներկայացուի ան միջազգային ատեաններու մէջ: Չմոռնա՛լ` որ Արցախը մեր ազգային պահանջատիրութեան առաջին յաղթական օղակն է: Ազգային մեր արդար իրաւունքներու դաշտը: Արցախէն մինչեւ Արեւմտահայաստան ականապատուած է մեր հարեւան թշնամիներու ամէնօրեայ սարդարանքով եւ նենգամիտ յարձակումներով: Մեր պարտքն է զօրաշարժի ենթարկել հայապատկան մեր բոլոր կառոյցներն ու կարելիութիւնները, դիմագրաւելու համար երեւելի թէ աներեւոյթ մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները: Միտքի ու բազուկի, իմացակա՛ն եւ հոգեբանակա՛ն ընդհանուր գոյապայքար մըն է որ կը մղէ այսօր յատկապէս սփիւռքահայութիւնը: Որեւէ մտածում որ կրնայ հարուած մը հասցնել Արեւմտահայութեան Մեծ Երազին, այդ կը նշանակէ` նուազագոյն երեք միլիոն մտածել եւ գործել գիտցող սփիւռքահայ մարդ էակ դատապարտել հոգեկան ամլութեան եւ մշտական ամլութեան: Ուրեմն, ըլլանք ուշադիր, սթափ ու նախանձախնդիր մեր ինքնութեան գոյապահպանման: Այս մտածումերով կ'ողջունենք Ամանորը համայն հայութեան, ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշարհի: ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ Պէյրութ, Լիբանան
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը