Երեք հայաստանցի կիներ Ատանայի մէջ ձերբակալուեցան ցոփութիւն ընելու ընթացքին


Երեք հայաստանցի կիներ Ատանայի մէջ ձերբակալուեցան ցոփութիւն ընելու ընթացքին

  • 19-01-2011 19:44:08   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ահաւասիկ Հայաստանէն Թուրքիա գալով հայոց անունը աղարտող ու Թուրքիոյ մէջ իրենց պատուով աշխատող Հայաստանցիներու վարկին վնաս հասցնող Հայաստանցիներու նոր պարագայ մը։ Երեք Հայաստանցի կիներ Ատանայի մէջ ձերբակալուեցան ցոփութիւն ընելու ընթացքին։ Որքան որ ալ անոնք լաց ու կոծով շարունակ կը պնդեն որ այդպիսի բան մը չկայ, իրենք ցոփութիւն չեն ըրած, իրենց դէմ զրպարտութիւն եղած է, ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զանոնք թուրքի մը հետ ամուսնացած ուրիշ Հայաստանցիի մը տանը մէջ։ Կը պնդուի որ անոնք թուրքի հետ ամուսնացած Հայաստանցիին ու ամուսնին արտօնութեամբ ու անոնց իսկ գտած յաճախորդներուն հետ ցոփութիւն կ’ընէին այս տան մէջ։ »Հապէր-7« լրատու կայքէջին կողմէ հրատարակուած լուրի համաձայն այս երեք հայ կիները, որոնք դպրոցի ուսուցչուհիներ էին, թէքսթիլի ապրանք գնելու համար յաճախ Թուրքիա կուգային ու անոնք Ատանայի մէջ ճանչցան ուրիշ Հայաստանցի կին մը որ Թուրքի մը հետ ամուսնացած էր։ Այս ամոլին քաջալերութեամբը անոնք ընդունեցին անոնց տան մէջ ցոփութիւն ընել, ու անոնց գտած յաճախորդներուն հետ կենակցեցան 100-150 լիրայի փոխարէն։ Թաղեցիներու լրատուութեան վրայ Ատանայի Ապահովութեան Տնօրէնութիւնը սկսաւ հետապնդել այս կիները, որոնք վերջին անգամ 3 Յունուարին Թուրքիա եկան։ Ոստիկանութիւնը ապա զանոնք ցոփութեան ընթացքին ձերբակալեց վերոյիշեալ տան մէջ։ Բայց ոստիկանները չկրցան գտնել տանտէրերը, որոնց համար ըսուեցաւ որ Հայաստան գացած էին։ Երբ ոստիկանները ձերբակալեցին, կիները լալ սկսան։ Մամուլը անուններ ալ կուտայ։ Այս կիները կը կոչուին եղեր ուսուցչուհի Նորնէ Նոտիա )27 տարեկան_, Երաժշտանոցէ շրջանաւարտ Անոյշ Աւագեան )35 տարեկան_, եւ լիսէէ շրջանաւարտ Հայկանոյշ Պաղտասարեան )28 տարեկան_։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը