ԱՄՆ ահաբեկչութէան դէմ պայքարի մէջ Թուրքիոյ ամէնէն շատ օգնող երկիրն է


ԱՄՆ ահաբեկչութէան դէմ պայքարի մէջ Թուրքիոյ ամէնէն շատ օգնող երկիրն է

  • 10-05-2011 20:09:25   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ահաբեկչութէան Դէմ Պայքարի Հարցին Մէջ ԱՄԵՐԻԿԱ ՕՐԱԿԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ Կ'ՈՒՏԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ... Մարմարա Ամն-ի Թուրքիոյ Դեսպան Ֆրանսիս Րիքարտօնէ, որ երկու Ամերիկացի թէքնիքագէտներու Իզմիր գալու առիթով Իզմիր գացած է, հոն պատասխանեց այն լրագրողներուն, որոնք գանգատէր են որ Փքք-ի դէմ պայքարի մէջ ԱՄՆ անհրաժեշտ չափով օգնական չի հանդիսանար Թուրքիոյ։ Րիքարտօնէ ժխտեց այս պնդումը ու ըսաւ որ Ամն-ի ահաբեկչութէան դէմ պայքարի մէջ Թուրքիոյ ամէնէն շատ օգնող երկիրն է։ »Եթէ կ'այ ուրիշ երկիր մը որ Ամն-է աւելի օգնական է, կ’ուզեմ իմանալ այդ երկրին անունը«, ըսաւ Րիքարտօնէ։ Րիքարտօնէ ըսաւ որ նմանօրինակ պնդումներ սուտ են, առասպել են։ Ինք կը դժուարանայ հասկնալու թէ ի՞նչ նպատակով է որ կարգ մը շրջանակներ կը պնդեն թէ ԱՄՆ բաւականաչափ օգնական չէ Թուրքիոյ։ Մինչդեռ, ըսաւ ան, Ամն-ի իշխանութիւնները Փքք-ն հռչակած են որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն, Փքքականներու ինչքերուն վրայ ձեռք դրած են Ամն-ի մէջ, Թուրքիոյ հետ իրաւական գետնի վրայ եւս գործակցութիւն հաստատած են, ամէնէն կարեւորն ալ՝ լրաքաղութէան մարզէ ներս գործակցութիւնն է, որուն մանրամասնութիւններուն մասին տեղեկութիւն տալը անպատեհ է։ Դեսպանը աւելցուց որ, եթէ բաց խօսիլ պէտք է, պէտք է ընդգծել թէ ԱՄՆ ունի կարգ մը կարողութիւններ ու կարելիութիւններ որոնք շատ սուղ արժէգին ունին եւ ԱՄՆ զանոնք պէտք է գործածէ Աֆղանստանի մէջ Ամերիկացի զինուորները պաշտպանելու համար։ Այդ սուղ կարելիութիւններէն բաժին հանուած է նաեւ Թուրք բանակին։ Ամէնէն կարեւոր կէտն ալ այն է որ դեսպան Րիքարտօնէ ըսաւ որ Ամն-ի կ'ողմէ Թուրքիոյ կատարուած օժանդակութիւնը օրական մէկ միլիոն տոլար է։ Տարեկան 400 միլիոն տոլար կը տրուի Թուրքիոյ եւ ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ըսելու որ ասիկայ բան մը չէ, թէ ԱՄՆ չ’օգներ Թուրքիոյ։ ԱՄՆ ասիկայ կ’ընէ որովհետեւ Թուրքիոյ դաշնակիցն է, ըսաւ Րիքարտօնէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը