Ո՞վ գիտէ թէ Միմար Սինան հայ է


Ո՞վ գիտէ թէ Միմար Սինան հայ է

  • 18-01-2011 18:22:14   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Տասնամեակներ առաջ շատեր գիտէին ու առանց պատժուելու ալ կը յայտարարէին որ Օսմանեան շրջանի հանճարեղ ճարտարապետ Միմար Սինան հայկական ծագում ունէր։ Յետոյ եկաւ թուական մը երբ մարդիկ պատժուիլ սկսան Միմար Սինանին հայ ըլլալը ըսած ըլլալնուն համար։ Հիմա կացութիւնը կրկին փոխուած է եւ կը թուի թէ այլեւս առանց վտանգի կարելի է հրապարակել թէ Միմար Սինան հայկական ծագում ունի։ Բայց հարց է թէ Թուրքիոյ մէջ քանի՞ հոգի գիտէ թէ Միմար Սինան հայ էր ու քանի՞ հոգի պաղարիւնով կրնայ դիմաւորել այսպիսի հրապարակում մը։ Քանի՞ հոգի պատրաստ է պատմութեան կարգ մը անծանօթ կէտերուն վրայ նորութիւններ իմանալու։ Այսպիսի հարցադրում մը ունէր անցեալ Ուրբաթ »Վաթան«ի քրոնիկագիր Սանէմ Ալթան որ »Ո՞վ գիտէ թէ Միմար Սինան հայ է« խորագրեալ իր յօդուածին մէջ կը յիշեցնէր Քանունի Սուլթան Սիւլէյմանի մասին դարձուած »Հոյակապ Դարը« հաղորդաշարին գլխուն եկածները։ Ինչպէս յայտնի է, Հեռատեսիլի Բարձրագոյն Խորհուրդը դատապարտեց հաղորդաշարին տակաւին առաջին ժապաւէնը ու սպառնալիքներ ըրաւ անոր հրատարակութիւնը արգիլելու ուղղութեամբ։ Բայց ասիկա ճի՞շդ որոշում մըն է։ Արգիլողները կամ այս հաղորդաշարին դէմ եկողները որքա՞ն բան գիտեն Քանունի Սիւլէյմանին մասին։ Շատեր թերեւս նոյնիսկ չեն գիտեր որ այդ անունով Սուլթան մը ունեցած ենք։ Այս հաղորդաշարէն վերջ շատեր սկսան հետաքրքրուիլ ու Քանունի Սիւլէյմանին մասին գիրք փնտռեցին։ Գրավաճառի մը վաճառորդուհին անցեալ օր ձանձրացած էր այս օրերուն Սուլթան Սիւլէյմանի մասին գիրք փնտռողներու դիմումներէն։ Յօդուածագիրը ինք ալ գիրքեր փնտռեր է։ Գովասանքով կը խօսի, օրինակ, Փանոս Լեւոն Տապաղեանի այն գիրքին մասին ուր կը համրուին այն անհամար հայերը որոնք ծառայութիւն մատուցած են Օսմանեան Պետութեան։ Յօդուածագիրը ապա կ’ըսէ որ ինք իր փնտռածներէն մէկն ալ գտած եղաւ երբ կարդաց Միմար Սինանին մասին, որ Սուլթան Սիւլէյմանի շրջանին մասնակցեցաւ Սուլթանին կողմէ կազմակերպուած արշաւներուն։ Սինան ծնած էր Կեսարիոյ Քէսի աւանի ամբողջովին հայաբնակ Աղըրնաս գիւղի մէջ։ Սուլթան Սիւլէյմանի օրով քսան տարեկան էր երբ ան »Տէվշիրմէ« եղաւ, այսինքն ընդունուեցաւ մամհետականութեան եւ զինուորագրուեցաւ։ Աւելի վերջ ալ զանազան զինուորական աստիճաններով մասնակեցաւ արշաւներու։ 17 տարի վերջ Արքունի Աւագ Ճարտարապետ կարգուեցաւ ու կառուցեց անհամար յուշարձաններ, որոնց գլխաւորներն են Իսթանպուլի Սիւլէյմանիյէ եւ Էտիրնէի Սէլիմիյէ Մզկիթները։ Այսօր բազմաթիւ յուշարձաններ, որոնց առջեւէն կ’անցնիք, Միմար Սինանին կողմէ կառուցուած են։ Ասոնք թերեւս գիտէք, թերեւս ալ հիմա է որ կ’իմանաք։ Թերեւս ալ դուք ալ հիմա ճամբայ կ’ելլէք դէպի գրավաճառ, որպէսզի գիրք մը փնտռէք այդ մասին։ Ահաւասիկ ինչ բարերար դեր կը կատարէ հեռատեսիլի հաղորդաշարը։ Յօդուածագիրը սա տողերով աւարտին կը բերէ իր հետաքրքրական այս յօդուածը. »Բայց կը սիրեմ յուսալ որ օր մը եթէ Միմար Սինանի կեանքին մասին ժապաւէն մը դարձուի, դուք ալ մաս չէք կազմեր այն բազմութիւններուն որոնք զայրոյթով ոտքի պիտի կանգնին պոռալով որ »Միմար Սինան Մահմետական էր«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը