ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ցեղասպանութենէն Ետք Թուրքիան Վերադարձուցած Է Որոշ Եկեղեցական Իրեր. Մենք Կը Պահանջենք Մնացածը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ցեղասպանութենէն Ետք Թուրքիան Վերադարձուցած Է Որոշ Եկեղեցական Իրեր. Մենք Կը Պահանջենք Մնացածը

  • 02-11-2013 14:15:01   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Ասիկա Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 1920-ական թուականներուն Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ատեն թալանուած եկեղեցական որոշ իրերու յանձնման մասին տարօրինակ պատմութիւնն է:
Ըստ փաստաբան Լութվիկ Գույումճեանի «Հայ համայնքային անցուդարձեր. 1927-1950 թուականներ» գիրքին՝ որ հրատարակուած է Պոլսոյ մէջ, 1950 թուականին` Թուրքիոյ կառավարութիւնը հայոց պատրիարքարանին վերադարձուցած է եկեղեցական իրերով լի 64 մեծ արկղեր: Գույումճեանը եղած է պատրիարքարանի ֆինանսական յանձնախումբի անդամ:
Վերադարձուած առարկաներու մէջ եղած են` «ադամանդեայ քարերով եւ մարգարիտներով զարդարուած սաղաւարտներ, բուրվառներ, քշոցներ, եպիսկոպոսական-քահանայական թանկագին զգեստներ, շապիկներ, բոլորն ալ՝ ոսկեթել հիւսուած եւ զարդարուած արծաթեայ խաչերով, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Ապուշեխ եկեղեցւոյ պատարագի գօտին` երկու ոսկեայ ձեռքերով ամրացուած եւ վրայի ձեռքը զմրուխտէ, յակինթէ եւ ադամանդեայ թանկագին քարերով ագուցուած, 72 գորգ, որոնք պատկանած են Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետ վանքին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Թալասի ու այլ գաւառներու եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ մասունքներ ոսկեայ տուփերու մէջ` ծածկուած թանկարժէք քարերով: Մէկ արկղին մէջ եղած են Կոմիտաս վարդապետին զգեստները, անոր ոսկիէ ինքնահոս գրիչը եւ ծիսական արարողութիւններու համար դաշնաւորած երաժշտական անոր արժէքաւոր ձեռագիրները: Գէորգ արք. Արսլանեան առաջին տեղապահութեան շրջանին ստորագրած է ստացագիր մը այդ առարկաները իր կողմէ ընդունելու մասին եւ աւագ քահանայ Տրդատ Պոյաճեանը նշանակած է այդ իրերուն հսկիչը:
Վերադարձուած իրերու ցուցակը, որ նախապատրաստուած էր պատրիարքարանին կողմէ, կը ներառէր «մագաղաթեայ ձեռագիրներ եւ հին գիրքեր: Համաձայն հնութիւններու մասին օրէնքին, գիրքերը յանձնուած էին Պոլսոյ թանգարանին»:
Այս բացայայտումները կը յառաջացնեն շարք մը կարեւոր հարցեր: Ի՞նչ եղան եկեղեցւոյ վերադարձուած իրերը: Մեր հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ առարկաներէն ոչ մէկը այժմ կը գտնուի հայոց պատրիարքարանի պահպանութեան տակ: Անոնցմէ քանի մը հատը յանձնուած էին հայ հոգեւորականներու, մէկ մասն ալ ուղարկուած էր Էջմիածին: Ճնշող մեծամասնութիւնը, սակայն, պարզապէս անհետացած է քանի մը տասնամեակ առաջ, հաւանաբար գողացուած եւ վաճառուած է:
Իր գիրքին մէջ Լ. Գույումճեանը կը պատմէ, որ 1920-ականներու վերջը, պատրիարքարանի վարչութեան ատենապետը` դատաւոր Յարութիւն Մոստիչեանը, ֆինանսական յանձնախումբին յայտնած է, որ ինք լուրջ ապացոյցներ ունի, թէ վերադարձուած արծաթէ կտորներէն քան մը հատը վաճառուած է Պոլսոյ ոսկերչական շուկային մէջ: Մոստիչեանը մեծապատիւ անձնաւորութիւն էր, որ կարեւոր պաշտօններ վարած է Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ: Ֆինանսական յանձնախումբը անմիջապէս կնքած է այն սենեակը, ուր կը պահուէին վերադարձուած առարկաները: Յաջորդ օրը, արք. Արսլանեանը կոտրած է կնիքը եւ բաց ձգած է պահեստաւորման սենեակին դուռը: Այնուհետեւ արքեպիսկոպոսը հեռացուցած է յանձնախումբին անդամները:
Յատուկ հետաքննչական յանձնախումբը, որոնց մէջ էր պարոն Գույումճեանը, կատարած է մանրակրկիտ որոնում եւ իր արդիւնքները փոխանցած՝ Ընդհանուր ժողովին: Վերջինս մեղադրած է ոչ միայն Մոստիչեանը, այլ նաեւ արք. Արսլանեանը` վերադարձուած եկեղեցական իրերու առնչութեամբ իրաւախախտումներ կատարելու համար: Արք. Արսլանեան իր հերթին մեղադրած է պատրիարք Մեսրոպ Նարոյեանը` իբրեւ պատասխանատու կորսուած իրերուն համար: Յետոյ, երբ պատրիարք Նարոյեանը յանձնախումբ ստեղծած է մնացած եկեղեցական իրերուն ցուցակը թարմացնելու համար, պարզած է, որ գրեթէ ոչինչ մնացած է 64 արկղերու պարունակութենէն, որոնք պատրիարքարանը ստացած էր ատկէ առաջ:
Իր գիրքին մէջ Գույումճեան մէկ այլ տարօրինակ պատմութիւն կը պատմէ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Պատրիարքարանին յանձնուած գորգերուն մասին: 8 Մարտ 1924ին, երկու թուրք` Կեսարիոյ մոլլայ Խալիլի որդին՝ Հաճի Իսմայիլը եւ Մեհմետը՝ Թալասէն, գրաւոր պահանջագիր ներկայացուցած են արք. Արսլանեանին՝ պնդելով, որ գորգերէն ինը հատը կապ չունին հայոց եկեղեցւոյ հետ եւ պէտք է վերադարձուին իրենց: Երբ պատրիարքարանը մերժած է անոնց պահանջը, թուրքերը դատական հայց ներկայացուցած են արք. Արսլանեանին դէմ` պնդելով, որ ինը գորգերուն արժէքը կը կազմէ օսմանեան 1975 կտոր ոսկի:
26 Յունիս 1924-ին փաստաբան Գույումճեանը պաշտպանած է պատրիարքարանին շահերը դատարանին մէջ: Զարմանալիօրէն պատրիարքարանը համաձայնած է բաւարարել հայցը` երկու թուրքերուն վճարելով 500 կտոր ոսկի: Քանի մը տարի անց, երբ Լ. Գույումճեանը հետաքրքրուած է այդ գորգերու տնօրինման մասին, անոր ըսած են, որ պատրիարքարանին մէջ նման գորգեր չկան:
Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ եկեղեցական իրերու վերադարձի մասին այս նոր ձեռք բերուած տեղեկութեան լոյսի տակ, հայոց պատրիարքարանը պէտք է այժմ մանրակրկիտ հետաքննութիւն իրականացնէ իր արխիւներուն մէջ` կորսուած առարկաներու մասին իր գրառումները վերանայելու համար:
Առաւել կարեւոր է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 64 արկղ վերադարձնելով՝ փաստացի ընդունած էր, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ գողցած է հայոց եկեղեցւոյ ունեցուածքը: Դատական հայց պէտք է ներկայացուի ոչ միայն Պոլսոյ թանգարանին դէմ` 1920-ական թուականներուն հին գիրքերը ապօրինի ձեւով ստանալու համար, այլեւ՝ ամբողջ Թուրքիոյ թանգարաններուն եւ գրադարաններուն դէմ, որպէսզի հայոց պատրիարքարանին վերադարձուին հազարաւոր հայկական եկեղեցիներէն թալանուած մեծաքանակ կրօնական իրերը:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց` «Եռագոյն» կայքէջը
 
  -   Յօդուածներ