ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.ԾԱԳՈՂ ԱՐԵՒԻ ԵՐԿԻՐԸ. ՊԱՐԱՐՏ ՀՈՂ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.ԾԱԳՈՂ ԱՐԵՒԻ ԵՐԿԻՐԸ. ՊԱՐԱՐՏ ՀՈՂ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

  • 11-11-2013 17:39:59   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ ամիս առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Ճափոն հիասքանչ երկիրը:
Թոքիոյի «Նարիթա»  օդակայանին մէջ հազիւ ոտքս դրած, կարծէք յայտնուեցայ գերիրապաշտ երկրի մը մէջ. այնքան լաւ, որ անհաւատալի կը թուէր…
 
Առաջին բանը, զոր կը նկատես, ճափոնցիներու ծայրայեղ քաղաքավարութիւնն է: Հիւրերուն առջեւ շարունակ խոնարհելով անոնց ողջոյնը անհամեմատելիօրէն աւելի յարգալից է, քան՝ մեր սովորական ձեռքսեղմումը: Ես զարմացայ, երբ պարզեցի, որ անոնք բոլորին միեւնոյն հիանալի ծառայութիւնը կը մատուցեն՝ առանց յաւելեալ վճարումի: Ոչ ոք կողմնակի գումար կը ստանայ, ներառեալ` մատուցողներն ու կառատուներու սպասարկողները:
Ճափոնը կատարեալ մաքրութեան երկիր է: Ոչ մէկ տեղ կրնաս աղբ գտնել: Որեւէ տեղ աղբի կուտակումներ չկան: Փողոցին մէջ չես տեսներ նոյնիսկ ծռմռուած կամ փոշոտ ինքնաշարժ մը: Նոյնիսկ շինանիւթեր տեղափոխող բեռնատարները ծածկուած են ցանցով եւ բեռնման հրապարակէն դուրս գալէն առաջ զանոնք կը լուան, որպէսզի կեղտը չթափի քաղաքի փողոցներուն մէջ: Զարմանալի է, որ Թոքիոն հարուածած փոթորիկէն ետք նոյնիսկ փողոցներուն մէջ աղբի մնացորդներ չկային:
Ի լրումն այս բոլորին, Ճափոնի մէջ յանցագործութեան ցուցանիշը շատ ցած է` շնորհիւ բնակչութեան հանգիստ պահուածքին եւ զէնքի բացակայութեան: Թէեւ Թոքիոյի մայթերը մարդաշատ են, սակայն ամէն մէկը իր գործին կ’երթայ` առանց ուրիշները հրելու կամ հրմշտելու, վիճելու կամ ձայնը բարձրացնելու: Վարորդները կը յարգեն երթեւեկութեան կանոնները եւ իրենց ինքնաշարժները կը վարեն սահմանուած կարգով` առանց միւսներուն առջեւը կտրելու կամ ձայնային ազդանշան տալու:
 Փողոցներուն մէջ կարելի է տեսնել բժշկական դիմակներ կրող մեծաթիւ անձեր: Կը թուի, թէ անոնք այդ ձեւով իրենք զիրենք կը պաշտպանեն անցորդներէն` կրիփով կամ այլ հիւանդութեամբ չվարակուելու համար: Սակայն կը պարզուի, որ նոյնինքն դիմակով մարդիկ հիւանդ են կրիփով: Անոնք այնքան ուշադիր ըլլալով՝ չեն ուզեր, որ իրենց ժահրերը փոխանցուին միւսներուն։
Ճափոնական սրբավայրեր եւ հին պալատներ այցելելէն բացի, այս հեռաւոր երկրին մէջ ես կարելիութիւն ունեցայ մասնակցելու հայութեան վերաբերող ձեռնարկներու: Ուրախութեամբ գիտցայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դեսպանատուն ունէր Թոքիոյի մէջ: Դեսպան Հրանդ Պօղոսեանը եւ կցորդ Մոնիքա Սիմոնեանը սիրալիր ընդունեցին զիս եւ համառօտ ներկայացուցին իրենց անխոնջ ջանքեհո՝ ուղղուած երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման: Մենք քննարկեցինք Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին եւ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները, յատկապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն:
Բաւական հաճելի անակնկալ էր Հայաստանի դեսպանատան կազմակերպած համերգը` նուիրուած Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակին: Երեք անուանի երաժիշտներ` դաշնակահարներ Արմէն Բաբախանեանը եւ Ջուլետա Վարդանեանը եւ թաւջութակահար Արամ Թալալեանը Հայաստանէն յատուկ ժամանած էին այդ եզակի երեկոյթին համար: Ճափոնական լսարանը, օտար երկիրներու դիւանագէտները, ինչպէս նաեւ քանի մը հայ ուսանողներ ու գործարարներ մեծապէս տպաւորուած էին Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեամբ եւ երաժիշտներու վարպետ կատարումով: Նոյնիսկ  հանդիպեցայ ճափոնցի գիտնականի մը, որ վարժ կը խօսէր հայերէն: Առաջին անգամ ըլլալով կը լսէի ճափոնական առոգանութեամբ հայերէն:
 Զիս հիւրընկալող ճափոնցիները կազմակերպած էին հանդիպումներս Թոքիոյի եւ Քիոթոյի քանի մը մեծ ընկերութիւններու գլխաւոր տնօրէններու հետ, որոնց հետ քննարկեցի ճափոնական ներդրումներու կարելիութիւնները Հայաստանի մէջ: Շատ տպաւորիչ էր Քիոթոյի համալսարանի ցօղունային բջիջներու աճեցման ժամանակակից գիտահետազօտական տարրալուծարանը:
Այդ նոյն օրը բացառիկ առիթ ունեցայ դասախօսութիւն տալու խումբ մը փայլուն ուսանողներու եւ անոնց դասախօսներուն: Անոնք բաւական լաւ անգլերէն գիտէին եւ բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին, թէեւ ինծի ըսած էին, որ ճափոնցի ուսանողները սովորաբար չեն հարցներ: Իմ ելոյթիս մէջ ես լուսաբանեցի Հայոց ցեղասպանութիւնը, արցախեան հակամարտութիւնը, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, «Արաբական գարուն»ը, «մխիթարութեան կիներու» վիճայարոյց հարցը եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Թոքիօ վերադառնալէն ետք հիւրընկալողներս զիս զարմացուցին` ներկայացնելով «Տը Ճըփեն Թայմզ» թերթի 4 հոկտեմբեր 1998-ի թիւին պատճէնը, ուր կէս էջնոց յօդուած հրապարակուած էր Հայաստանի համար իմ` իբրեւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահի, կատարած մարդասիրական աշխատանքներուս մասին:
Վերջին հանդիպումս ճափոնցի պետական բարձրաստիճան երեք պաշտօնեաներու հետ էր, որոնց հետ մանրամասնօրէն քննարկեցի Ճափոնի յարաբերութիւնները Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Հարաւային Քորէայի հետ:
Ճափոնի համալսարանի ուսանողներուն եւ կառավարութեան ղեկավարներուն հետ  ունեցած զրոյցներէն հասկցայ, որ հայ ժողովուրդը սովորութիւն դարձուցած է իր քաղաքական բոլոր ջանքերը կեդրոնացնել Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ` բոլորովին անտեսելով Ասիոյ ռազմավարական բազմաթիւ կարեւոր երկիրներ:
Թերեւս քաղաքական եւ տնտեսական տեսանկիւնէ աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլայ ընդլայնել մեր գործունէութեան դաշտը` ուշադրութիւնը սեւեռելով այն երկիրներուն վրայ, որոնց քաղաքացիները գրեթէ ոչինչ գիտեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
Եռագոյն կայքէջը
 
  -   Յօդուածներ