ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքիան Ընտրուած է ՄԱԿ-ի Մշակութային Յանձնաժողովի Անդամ. «Գայլը` Պահապան Ոչխարին»


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքիան Ընտրուած է ՄԱԿ-ի Մշակութային Յանձնաժողովի Անդամ. «Գայլը` Պահապան Ոչխարին»

  • 18-12-2013 09:59:21   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Այս տարուան սկիզբը գրած էի յօդուած մը, ուր ներկայացուցած էի Թուրքիոյ կառավարութեան կոշտ մարտավարութիւնը` եւրոպական եւ ամերիկեան թանգարաններէն հին իրերը վերադարձնելու առնչութեամբ:  Հեգնական է, որ Թուրքիան` այլ ազգերու մշակութային ժառանգութեան մեծագոյն կողոպտիչներէն եւ աւազակներէն մէկը, կրնայ այդպէս, բուռն յարձակման անցնելով, պահանջել այդ հնութիւնները:
Սպառնալիքներով յաջողութեան չհասնելէ ետք, Թուրքիան անցեալ ամիս նախաձեռնեց նոր քայլի մը` կաշառքի: Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Նապի Աւճըն Նոյեմբեր 10ին յայտարարեց. «Թուրքիան կրկնապատկած է իր ներդրումը ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) մէջ, որ կը գտնուի տնտեսական ճգնաժամի մէջ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ իրենց անդամավճարները վճարելու անկարող են»:
Նախարար Աւճըն նոյնիսկ չէ փորձած ծածկել Թուրքիոյ առատաձեռնութեան բուն պատճառը: Ան բացայայտած է, որ` «Թուրքիոյ թեկնածութեան հարցով էական յառաջընթաց արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնաժողովի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 19-ին»: Իրօք, թուրք նախարարին կանխատեսումը իրականացաւ, երբ իր երկիրը Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնաժողովի 21-րդ անդամ ընտրուեցաւ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս յայտարարեց, թէ որպէս այդ Յանձնաժողովի անդամ` «Թուրքիան մտադիր է կիսել իր փորձառութիւնն ու գիտելիքները միջազգային մակարդակով, որ կուտակած է համաշխարհային ժառանգութեան իր սեփական 11 շրջաններու կառավարման եւ պաշտպանութեան ընթացքին, որոնք կը ներկայացնեն անատոլիական քաղաքակրթութեան տարբեր շերտերը, որոնց շարքին` նէոլիթեան, հելլենիստական, հռոմէական, բիւզանդական, սելճուկեան եւ օսմանեան դարաշրջանները»:
Թուրքիոյ ընտրութիւնը մարմինի մը մէջ, որ կոչուած է պահպանելու մշակութային արժէքները, համազօր է ոչխարը գայլին պահպանութեան յանձնելուն:  Թուրքիա պէտք չէ իրաւունք ունենայ ծառայելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յանձնաժողովին մէջ կամ ՄԱԿ-ի այդ յանձնաժողովի մէջ` իբրեւ մարդու իրաւունքներու մեծագոյն խախտող եւ դրացի երկիրներու  խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հիմնական սպառնալիք հանդիսացող երկիր ըլլալու իր երկարամեայ հանգամանքին բերումով:
Զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ որեւէ յիշատակութիւն չէ եղած հայկական բազմաթիւ կրօնական եւ մշակութային կոթողներուն մասին, որոնք կը գտնուին ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին: Միայն վերջերս, մտադիր ըլլալով դիւրացնել Եւրոմիութեան թեկնածութեան իր ճանապարհը, ինչպէս նաեւ` օտար զբօսաշրջիկներէն եկամուտ ապահովելու նպատակով, Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերանորոգած է քանի մը հայկական եւ յունական եկեղեցիներ` տասնամեակներով զանոնք անուշադրութեան մատնելէ, պարբերաբար սրբապղծելէ եւ ոչնչացնելէ ետք:
Այժմ, երբ Թուրքիան անարժան կերպով կ’անդամակցի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնաժողովին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը կարելիութիւն ունի յառաջիկայ չորս տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր հանդիպման ժամանակ մատնանշելու այն զաւեշտալի իրավիճակը, որուն դէմ յանդիման պիտի ըլլայ Թուրքիան` ունենալով մշակութային կոթողներու պահպանութեան յանձնարարականը եւ շարունակելով մնալ իբրեւ այլ ազգերու մշակութային ժառանգութեան մեծագոյն բռնագրաւողներէն մէկը:
Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութեան եւ թանգարաններու գլխաւոր տնօրէն Մուրատ Սուսլուն առանց դէմքի արտայայտութիւն ունենալու` «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին ըսած է. «Մենք միայն կը փափաքինք վերադարձնել այն, ինչ որ արդարօրէն մերն է…. Եթէ դուք գաք իմ տունս եւ ինձմէ գողնաք արժէքաւոր իրեր, արդեօք ես իրաւունք չե՞մ ունենար զանոնք վերադարձնելու»: Մ. Սուսլուին, որ կը պնդէ, թէ գողութիւնն ու կողոպուտը սխալ են, անկախ անկէ, թէ ատոնք երբ տեղի ունեցած են, պէտք է յիշեցնել, որ Թուրքիան պահանջներ կրնայ ներկայացնել միայն այն ատեն երբ ալեւիներուն, ասորիներուն, արաբներուն, կիպրացիներուն, հայերուն, յոյներուն եւ քիւրտերուն վերադարձնէ ամէն ինչ, որ արդարօրէն անոնց կը պատկանի:
Նոյնքան զաւեշտալի էր Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի յայտարարութիւնը, որ ան կատարած է «Տի Իքոնիմիսթ» շաբաթաթերթին. «Ես անկեղծօրէն կը  հաւատամ, որ իւրաքանչիւր հնութիւն աշխարհի որեւէ մասին մէջ ի վերջոյ պէտք է վերադառնայ իր հայրենիքը: Թէկուզ այդ իրերը պատրաստուած են քարէ, ինչպէս որ մարդիկ, այնպէս ալ անասունները, բոյսերն ու յուշարձանները հոգի ունին: Յուշարձանի մը հեռացնելը կ’ապակայունացնէ աշխարհը եւ անյարգալից վերաբերմունք է պատմութեան հանդէպ»:
Թուրք պաշտօնեաները իրենց երկիրը իբրեւ թալանի զոհ ներկայացնելու փոխարէն` պէտք է գիտակցին, որ իրենք իւրացուցած են բազմաթիւ հնութիւններ, որոնք իրենց օսմանեան նախնիները բռնազաւթած են աւելի քան  տասնեակ մը դրացի երկիրներու գրաւման ատեն: Օրինակ մըն է Ալեքսանդր Մակեդոնացիի սարկոֆագը, որ 1887 թուականին յայտնաբերուած է Լիբանանի մէջ, Սիտոնի մերձակայքը, սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի հրամանով առաքուած է Պոլսոյ հնագիտական թանգարան, ուր ան կը պահուին մինչեւ այսօր իբրեւ թանգարանի ունեցուածքին ամենաթանկարժէք նմուշներէն մէկը: Այժմ Լիբանան կրնայ Թուրքիայէն ետ պահանջել այս արժէքաւոր մշակութային գանձը: Սէուտական Արաբիան եւս իրաւունք ունի պահանջելու բազմաթիւ իսլամական սուրբ մասունքներ, որոնք օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ 19-րդ դարուն տեղափոխուած են Մեքքայէ:
Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնաժողովին բացառիկ կարելիութիւն կ’ընձեռէ հայ ժողովուրդին եւ այլ ազգերու` աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու թրքական կառավարութեան կողմէ իրենց մշակութային ժառանգութեան ապօրինի բռնազաւթման վրայ եւ պահանջելու անոնց անյապաղ վերադարձը:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ