ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Հայաստանի եւ Սփիւռքի Միջեւ Փոփոխուող Փոխյարաբերութիւնները


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Հայաստանի եւ Սփիւռքի Միջեւ Փոփոխուող Փոխյարաբերութիւնները

  • 14-03-2014 15:26:51   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը անցեալ տարուան Դեկտեմբերին խումբ մը մասնագէտներ եւ վերլուծաբաններ հրաւիրած էր Երեւան քննարկելու Սփիւռքի փոփոխուող դերը հայրենիքի նկատմամբ: «Յարափոփոխ աշխարհ, փոփոխուող Սփիւռք» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկման մասնակիցները եկած էին` Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Արժանթինէն, Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն, Լիբանանէն եւ Հայաստանէն:
Քննարկումը նուիրուած էր սփիւռքի կազմութեան, առկայ մարտահրաւէրներուն, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ առաւել սերտ համագործակցութեան կատարելագործման, աշխատանքի նոր ձեւերու եւ միջոցներու  փնտռտուքին ու հեռանկարներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնեմ հատուածներ հանդիպման ժամանակ ունեցած իմ ելոյթէս.
Հայաստանի անկախացումէն ետք սփիւռքը կանգնեցաւ բոլորովին նոր կացութեան մը առջեւ: Շատ մը սփիւռքահայեր անակնկալի եկան ազատ Հայաստանի վաղեմի բաղձալի երազանքի յանկարծակի իրականացումէն: Նոր բառեր յայտնուեցան անոնց բառապաշարին մէջ. Արցախ, երկրաշարժ, շրջափակում, արձանագրութիւն, ընդդիմութիւն, համաձայնական կառավարութիւն, իշխանափոխութիւն:
Սփիւռքահայերու մեծ մասին համար շատ դժուար էր տարանջատել անհատի, համայնքի կամ կազմակերպութեան գործողութիւնները պետութեան իրաւասութիւններէն եւ պարտաւորութիւններէն: Միաժամանակ, Հայաստանի նոր ղեկավարները լիովին չըմբռնեցին սփիւռքահայերու հայրենասիրական զգացումները, փափաքներն ու իղձերը, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք` անախորժ խրամատ յառաջացաւ երկու կողմերուն միջեւ:
Հարցը աւելի բարդ է, քանի որ սփիւռքը միաձոյլ գոյութիւն չէ, այլ կազմուած է բազմաթիւ եւ բազմատեսակ սփիւռքներէ,  իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւնները` հաստատուելով եւ ապրելով տարբեր ժամանակաշրջաններու, օտար երկիրներու մէջ եւ գոյատեւելով տարբեր լեզուամշակութային ազդեցութիւններու տակ:
Երբ Հայաստանի մէջ լրագրողները ինծի կը հարցնեն այս կամ այն հարցին վերաբերեալ սփիւռքի տեսակէտներու մասին, ես կը դժուարանամ պատասխանելու: Ինչպէ՞ս կրնայ ոեւէ մէկը ընդհանրական ներկայացնել եօթը միլիոն սփիւռքահայերու բազմաբնոյթ տեսակէտները: Սփիւռքի մեծամասնութեան կարծիքը արտացոլացնելու համար պէտք է կազմակերպել համահայկական կառոյց մը կամ ընդլայնել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործառոյթները հանգանակութենէն անդին կամ ալ ստեղծել բոլորովին նոր կառոյց մը, որ ներկայացնէ Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս ամբողջ աշխարհի հայութիւնը` «Մէկ հայ, մէկ քուէ» սկզբունքի հիման վրայ: Այս ձեւով ընտրուած ներկայացուցիչները իրաւասու կ’ըլլան խօսելու սփիւռքահայերուն անունով եւ պարբերաբար հանդիպումներ ունենալու Հայաստանի ու Արցախի ղեկավարութիւններուն հետ` ճշդելու համազգային առաջնահերթութիւնները եւ խորհրդակցելու խնդրայարոյց հարցերու շուրջ:
Հայ ժողովուրդի բոլոր երեք թեւերու (Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք) ղեկավարները կրնան այնուհետեւ քննարկել իրենց դիրքորոշումները եւ համաձայնիլ դերերու բաժանումին շուրջ: Այսպիսի քաղաքակիրթ եւ ազգային շահերէ բխող մօտեցումը աւելի նախընտրելի է, քան` յարատեւ ներքին պայքարներն ու բախումները,  որոնք երբեմն տեղ կը գտնեն, ինչպէս եղաւ Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան ատեն:
Նախընտրելի է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի նրբանկատ ըլլան սփիւռքահայերը յուզող կարեւոր հարցերու նկատմամբ եւ խորհրդակցին անոնց հետ նախքան այդ հարցերուն շուրջ վերջնական որոշումներ կայացնելը:
Հասկնալի է անշուշտ, որ Հայաստանի ղեկավարները պարտաւոր չեն ընդունիլ երկրի սահմաններէն դուրս գտնուող ոեւէ մէկուն հրահանգները: Բոլոր հարցերուն շուրջ վերջնական որոշում կայացնելու ատեն, այնուամենայնիւ` անոնք բարոյական եւ ազգային պարտաւորութիւն ունին` նկատի ունենալու սփիւռքահայ գլխաւոր կազմակերպութիւններու դիրքորոշումը` սփիւռքի ընտրովի կառոյցի բացակայութեան պայմաններուն մէջ: Ամէն պարագայի, Հայաստանի իշխանութիւնները պատասխանատու են ազգին առջեւ իրենց տուած որոշումներուն համար: Անոնք կը գնահատուին, երբ ճիշդ որոշումներ կը կայացնեն եւ կը քննադատուին սխալներ գործելու պարագային:
Պէտք է նշել, որ սփիւռքի ընտրովի կառոյցի ստեղծումը թէեւ խիստ դժուար իրագործելի է, սակայն շատ աւելի ընդգրկուն եւ ներկայացուցչական է, քան` նշանակովի մարմինները կամ կազմակերպութիւնները, հակառակ անոնց ազգանուէր աշխատանքին, զոր կը ներկայացնեն սոսկ իրենց անդամներուն: Անհրաժեշտ է ներգրաւել մեր ժողովուրդին լայն խաւերը, որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ դառնան մեր ազգային աշխատանքները, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կը կազմակերպեն իրենց սփիւռքները եւ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն խոչընդոտելու համար մեր արդար պահանջները Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին:
Ինչպէս յաճախ կը սիրենք կրկնել` «Ատրպէյճանը քարիւղ ունի, Վրաստանը` ծով, իսկ Հայաստանը` սփիւռք»: Սակայն, անկազմակերպ եւ հետզհետէ հիւծուող սփիւռքը շատ քիչ արժէք կը ներկայացնէ մեր ազգային հարցերուն մէջ, ոչ կրնայ ինքն իրեն պահել եւ գոյատեւել, ոչ ալ օգտակար ըլլալ հայրենիքին:
Բոլորս պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընենք, որպէսզի հզօր հայրենիք եւ ուժեղ սփիւռք ունենանք: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին գոյութիւնը ու գոյատեւումը կախեալ է միւսին կենսունակութենէն:  Հակառակ Սփիւռքի նախարարութեան արդիւնաւէտութեան` պէտք է գիտակցինք, որ անհրաժեշտ աշխատանքը այնքան վիթխարի է, որ ան դուրս կու գայ մէկ նախարարութեան կարողութիւններու ծիրէն: Խիստ պահանջ կայ Հայաստանի ամբողջ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդի մասնակցութեան եւ աջակցութեան համար, որպէսզի սփիւռքահայերը զգան հայրենիքի հետաքրքրութիւնը եւ հոգատարութիւնը իրենց հանդէպ:
Թարգմանեց`
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ