Էրտողանը Մատ Շարժած է Օպամայի վրայ՝ Սպիտակ Տան Մէջ Կայացած Տաք Զրոյցի Ընթացքին


Էրտողանը Մատ Շարժած է Օպամայի վրայ՝ Սպիտակ Տան Մէջ Կայացած Տաք Զրոյցի Ընթացքին

  • 18-04-2014 11:09:45   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Պուլիտցերեան մրցանակի դափնեկիր, ամերիկացի լրագրող Սէյմուր Հերշը, London Review of Books երկշաբաթաթերթին մէջ հրապարակուած “Կարմիր գիծը եւ առնէտային արահետը”  ուշագրաւ յօդուածին մէջ բացայայտած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2013 թուականի Օգոստոսի 21ին սարին քիմիական կազի կիրարկումով գաղտնի յարձակում կազմակերպած էր Սուրիոյ վրայ՝ սպաննելով հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներ: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յոյս ունէր, որ սուրիական վարչակարգը պիտի մեղադրուէր այս յարձակման համար, որուն պիտի հետեւէր Միացեալ Նահանգներու պատասխան հարուածը Սուրիոյ վրայ, քանի որ նախագահ Օպամա զգուշացուցած էր Սուրիոյ ղեկավարները, որ ապստամբ զինեալներու դէմ քիմիական զէնք կիրարկելով՝ անոնք պիտի հատեն “կարմիր գիծը”:
Էրտողանի դաւադրութիւնը գրեթէ աշխատեցաւ: Քիմիական յարձակումէն ետք Օպամա նախապատրաստուեցաւ ամերիկեան զանգուածային հարուած հասցնելու սուրիական տասնեակ մը թիրախներու, նոյնիսկ երբ բրիտանական հետախուզութիւնը տեղեկացուցած էր Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր սպայակոյտին, որ յարձակման վայրէն վերցուած սարին կազի նմուշները չէին համապատասխաներ Սուրիոյ տրամադրութեան տակ եղած քիմիական զէնքերուն: Ամերիկեան հետախուզութեան նախկին աշխատակիցը Հերշին, ըսած էր. “Յայտնի էր, որ Էրտողանը կը սատարէ ապստամբ ընդդիմութեան մէջ ժիհատական “Ժեպհեթ Նուսրա” խմբակցութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամական ապստամբ այլ խմբաւորումներ”: Հերշը պարզած էր, որ Միացեալ Նահանգներու ռազմական հետախուզութիւնը 2013 թուականի Յունիս 20ին պատրաստած էր “յոյժ գաղտնի” փաստաթուղթ մը, հաստատելով, որ “Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գտնուող քիմիագէտները փորձած էին սարին կազի բաղադրիչներու մեծ խմբաքանակ ստանալ տասնեակ քիլոկրամներով, հնարաւոր է, Սուրիոյ մէջ զանգուածային արտադրութեան փորձի համար”:
Արդարեւ, նախորդ տարուան Մայիսին Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուեցան “Ժեպհետ Նուսրա”ի քանի մը անդամներ, որոնց մօտ յայտնաբերուած էր երկու քիլոկրամ սարին: Թրքական դատարանը մեղադրեց խումբը Սուրիոյ վրայ քիմիական յարձակում սկսելու համար յարակից այլ նիւթեր ձեռք բերելուն մէջ: Շուտով ձերբակալուածներէն հինգը ազատ արձակեցին, իսկ մնացածը ազատեցին մինչեւ դատը: Սակայն անոնք անհետացան…
2013 թուականի գարնան, նախապէս տեղի ունեցած քիմիական յարձակումները հետաքննելու նպատակով, ՄԱԿի յատուկ առաքելութեան Սուրիա մեկնելէն ետք, ՄԱԿի գործունէութեան լաւատեղեակ անձնաւորութիւն մը յայտնած էր Հերշին, որ՝ “ապացոյցներ կան սուրիական ընդդիմութեան` Հալէպի մօտ գտնուող Խան Ասալ գիւղին մէջ Մարտ 19ին արձանագրուած առաջին կազային յարձակման հետ ունեցած առնչութեան վերաբերեալ…. Ակնյայտ էր, որ ապստամբները կազ կիրարկած էին”:
2013 թուականի Սեպտեմբերին Սուրիոյ վրայ ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական միացեալ յարձակումէն անմիջապէս առաջ նախագահ Օպաման անսպասելիօրէն որոշեց յետաձգել հարուածը՝ պատճառաբանելով, որ անհրաժեշտ է ստանալ Քոնկրեսին հաւանութիւնը: Յարձակման յետաձգման իրական պատճառը նախագահին բացայայտումն էր, որ իրեն Սուրիոյ դէմ “անհիմն” յարձակման դրդած էր Թուրքիան, սակայն ան չուզեց հրապարակաւ ընդունիլ իր սխալը, որ կրնար ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար աղէտալի հետեւանքներ ունենալ: Ճակատագիրի հեգնանքով, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովն էր, որ փրկեց նախագահ Օպաման դժուար կացութենէ` երաշխաւորելով Սուրիոյ համաձայնութիւնը՝ յանձնելու իր քիմիական զէնքի պաշարները, ատով իսկ քողարկման միջոց ապահովելով նախագահի համար` հրաժարելու իր յարձակման սպառնալիքէն:
Հետաքննող լրագրող Հերշը նաեւ պարզած էր, որ քիմիական զէնքերը հասած էին սուրիացի ապստամբներուն ԿՀՎ-ի “առնէտային արահետ” անունով գործողութեան միջոցով (թուրք-ամերիկեան գաղտնի համաձայնութիւն, 2012 թ.), որպէսզի Լիպիայէն զէնք ու զինամթերք տեղափոխեն Սուրիա Թուրքիոյ տարածքով: Լիպիոյ մէջ Պենկազիի ամերիկեան դեսպանատան վրայ ահաբեկչական յարձակումէն ետք այս գաղտնի գործողութեան կեդրոնը` Միացեալ Նահանգները, դուրս եկաւ նշուած գաղտնի համաձայնութենէն, սակայն Թուրքիան շարունակեց լիպիական զէնք մատակարարել սուրիական ապստամբներուն:
Քանի որ ապստամբները 2012 թուականի աւարտին կը պարտուէին Ասատի վարչակարգին դէմ մղուող պայքարին մէջ, ամերիկացի հետախոյզ մը յայտնած է Հերշին, որ “Էրտողանը զայրացած էր”, եւ ասիկա անոր ստիպեց դաւադիր ծրագիր մը մշակել, որով ապստամբները սարին կազ կիրառելով սուրիական կառավարութեան դէմ կեղծ մեղադրանք պիտի ներկայացնէին՝ այսպիսով դրդելով Միացեալ Նահանգները յարձակելու Սուրիոյ վրայ:
Աւելի ուշ, Թուրքիոյ վարչապետը մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, որպէսզի անձամբ ներկայացնէ Սուրիոյ վրայ ամերիկեան յարձակման իր ծրագիրը` փրկելու համար ապստամբները հաստատ պարտութենէ: 2013 թուականի Մայիս 16ին Էրտողանը, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ հետախուզութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանի հետ միասին աշխատանքային ճաշ ունեցած է Սպիտակ տան մէջ նախագահ Օպամայի, արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Թոմ Տոնիլոնի հետ: Սուրիոյ դէմ ռազմական գործողութիւններ սկսելու Օպամայի դժկամութենէն վրդովուած՝ Էրտողանը “սրիկայաբար մատ շարժած է նախագահին վրայ, Սպիտակ տան մէջ”, Տոնիլոնը զեկուցած է այս շշմեցուցիչ դրուագին մասին արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտի մը, որ այդ մասին յայտնած է Հերշին: “ԿՀՎ աջակցութեամբ Սուրիա զէնք առաքելուն վերջ դնելու ամերիկեան որոշումը Էրտողանը անպաշտպան ձգեց քաղաքական եւ ռազմական առումով”, բացատրեց Հերշը: “Առանց ապստամբներուն ցուցաբերուող ամերիկեան ռազմական աջակցութեան, - ըսաւ նախկին հետախոյզ մը, - Էրտողանի` Սուրիոյ մէջ կախեալ պետութիւն ունենալու երազանքը յօդս կը ցնդի, եւ ան  կը կարծէ` մեր մեղքով: Եթէ Սուրիան յաղթէ պատերազմը, ան գիտէ, որ ապստամբները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի դառնան իր դէմ. ալ ո՞ւր կրնան երթալ անոնք: Ուստի ան պէտք է ունենայ հազարաւոր արմատականներ իր երկրին մէջ”:
2013 թուականի Օգոստոսին Դամասկոսի Ղութա արուարձանին մէջ  քիմիական  յարձակումէն ետք նախկին հետախոյզ մը ըսած էր Հերշին. “Այժմ մենք գիտենք, որ ատիկա գաղտնի գործողութիւն էր` ծրագրուած Էրտողանի մարդոց կողմէ, որպէսզի Օպաման դրդեն հատելու կարմիր գիծը…. Գործարքը տպաւորիչ եւ ուշագրաւ պէտք էր ըլլար…. Սարինը մատակարարուած էր Թուրքիոյ միջոցով”:  Ըստ Հերշի զեկոյցին, թուրք պաշտօնեաներու մեղսակցութեան միւս ազդանշանը Միացեալ Նահանգներու կողմէ գաղտնալսուած հեռախօսազանգերն էին, որոնցմով կը բացայայտուէր անոնց ուրախութիւնը յաջող քիմիական յարձակում կազմակերպելուն համար…
Հերշը իր բացայայտումը կ’եզրափակէ Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան նախկին աշխատակիցին առաւել մտահոգիչ դիտողութեամբ. “Ես հարցուցի իմ գործընկերներուս, թէ կա՞յ արդեօք որեւէ միջոց՝ կանգնեցնելու Էրտողանի շարունակական աջակցութիւնը ապստամբներուն, յատկապէս հիմա, երբ գործերը այնքան անյաջող կ’ընթանան”։ Ան պատասխանեց. “Մենք անտանելի վիճակի մէջ ենք: Կրնանք ամէն ինչ յայտնել, եթէ Էրտողանի փոխարէն ուրիշ մէկը ըլլար, սակայն Թուրքիան առանձնայատուկ դէպք է: Ան ՆԱԹՕի մեր դաշնակիցն է: Թուրքերը չեն վստահիր Արեւմուտքին: Անոնք չեն կրնար մեր կողքին մնալ, եթէ մենք թրքական շահերուն դէմ գործօն դիրքորոշում ունենանք: Եթէ յայտարարենք, թէ ինչ դեր խաղացած է Էրտողանը կազի հետ կապուած պատմութեան մէջ, անիկա կործանարար պիտի ըլլայ: Թուրքերը պիտի ըսեն. “Մենք կ’ատենք ձեզ այն բանին համար, որ մեզի կը թելադրէք, թէ ինչ կրնանք ընել եւ ինչ` ոչ”:
Վերջին հարիւր տարիներու իրերայաջորդ ամերիկեան կառավարութիւնները այդպէս ալ չեն կրցած հասկնալ կարեւոր աշխարհառազմավարական ճշմարտութիւն մը, որ Թուրքիան աւելի շատ ունի Միացեալ Նահանգներու կարիքը, քան Միացեալ Նահանգները երբեւէ կ’ունենայ անոր կարիքը: Անկասկած, որեւէ սարսափելի սխալ կը կատարուի, երբ “պոչն է, որ կը շարժէ շունը”…
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
 
  -   Յօդուածներ