Կարօ Գույումճէան. «Միայն մեր ԲՈԼՈՐԻՍ աշխատանքով կ'ըրնանք դիմանալ այսօրուայ մարտահրաւէրներուն»
09-05-2011 10:13:02 | | Հարցազրոյցներ
Հայ-արաբական ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆ
Հարցազրոյց` Արաբերէն Եւ Անգլերէն Լեզուներով Հրապարակագիր` Տիար Կիրակոս (Կարօ) Գույումճէանին Հետ
Ծնած է Հալէպ: Տէր եւ տնօրէնն է Քուէյթի հռչակաւոր Metal Center. Co հաստատութէան: Հասարակական գործիչ` Քուէյթի Թեմական խորհուրդի անդամ եւ 2001 թուականին Ազգային Իշխանութէան ատենապետ: 2003 թուականին արժանացած է «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին` ձեռամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի: Ան կը հաւատայ, որ հայ ազգը մշակութային մեծ հարստութէան տէր ազգ մըն է, եւ ինք պարտաւոր է զայն ծանօթացնել օտարներուն, նուաճելու անոնց եարգանքն ու սէրը: Հետեւէալ հարցազրոյցը կը եանձնենք հայ ընթերցողին` մանաւանդ երիտասարդ ընթերցողին ուշադըրութէան, վստահ ըլլալով, որ մեծ հետաքրքրութէամբ պիտի կարդացուի. ընթերցողը մեծ հաճոյք պիտի ստանայ, նաեւ ... օգուտ պիտի քաղէ..:
- Պարոն Գույումճէան, կը խնդրեմ, որ դուք ձեզ ծանօթացնէք:
Կ.Գ. - Ես Հայրենասէր հայ մըն եմ, կը սիրեմ ազգս, կը պաշտեմ հայրենիքս: Ծնած եմ Հալէպ, երկար տարիներէ ի վեր կ'աշխատիմ Քուէյթի մէջ: Կազմած եմ հայ ընտանիք մը եւ հպարտ եմ հայութէամբ եւ ընտանիքովս: Իմ կարելիս կ'ընեմ ծառայելու Հայրենիքիս եւ հայ ազգին, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ամէն հայ կրնայ իւրայատուկ ձեւով մը ծառայել իր ժողովուրդին եւ պէտք է ծառայէ: Միայն մեր ԲՈԼՈՐԻՍ աշխատանքով կ'ըրնանք դիմանալ այսօրուայ մարտահրաւէրներուն, դիմակայել զանոնք եւ եաղթել, ապա թէ ոչ կը մնանք պարտուածներու շարքին եւ կը դատապարտուինք մահուան համազօր կորուստի:
- Ին՞չ բանը առիթ հանդիսացաւ, որ դուք մեկենասը դառնաք Սուրիահայ Գրողներու համախումբին հրատարակած «ԵՐԹ» տարեգիրքի 5-րդ հատորին:
Կ.Գ.- Ես շատ մեծահարուստ մէկը չեմ, բայց 25 տարիներէ ի վեր նպատակամղուած ազգօգուտ նուիրատուութիւններ կը կատարեմ, նաեւ տարեկան որոշ գումար մը կը եատկացնեմ հրատարակութիւններու, եւ անկեղծօր էն ըսելով կը նախընտրեմ, որ այս գումարը ծառայէ բացարձակապէս հայ ազգի քաղաքակրթութիւնը արաբ ընթերցողին ծանօթացնելու շատ անհրաժեշտ գործին: Միշտ ալ կան մարդիկ որոնք պատրաստ են մեր գրականութիւնը, մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնը, մեր լաւագոյնները արաբ ընթերցողին ներկայացնող գիրքերու մեկենասութինը ստանձնել։ Այս կենսական գործը իմ խորին համոզմունքս է եւ իմ հետաքրքըրութիւններուս ծիրին մէջ կը մտնէ: «ԵՐԹ» 5-ի մեկենասութիւնը եանձն առի ընդառաջելով մօտիկ մէկ բարեկամիս, անմիջապէս աւելցնեմ, որ շատ մեծ գոհունակութիւն զգացի եւ կը զգամ: Գիրքի մը մեկենասութիւնը նախ եւ առաջ մեկենասին հոգեկան բաւարարութիւն կը պատճառէ. մեկենաս մը նախ ինք շնորհակալ պէտք է ըլլայ, ապա նոր միայն շնորհակալութիւն սպասէ կամ աւելի ճիշդ՝ չսպասէ: Այն եարզգացի եւ կը զգամ: Գիրքի մը մեկենասութիւնը նախ եւ առաջ մեկենասին հոգեկան բաւարարութիւն կը պատճառէ. մեկենաս մը նախ ինք շնորհակալ պէտք է ըլլայ, ապա նոր միայն շնորհակալութիւնսպասէ կամ աւելի ճիշդ՝ չսպասէ: Այն եարգանքն ու սէրը, որոնցմով շրջապատեցին զիս «ԵՐԹ»ին առնչակիցները՝ խմբագիրը, գրողները շատ աւելին էին քան ես կրնայի ակնկալել: Ինքզինքս անչափ շոյուած զգացի Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ, Համախմբումին հոգատար հովանաւոր Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսէանի սիրալիր վերաբերմունքէն: Ես ուրախ եմ որ եղայ մեկենասը արժանի հրատարակութէան մը, որուն շնորհիւ ես ունեցայ բազմաթիւ նոր բարեկամներ, անշուշտ ես ալ իրենց բարկամը դարձայ:
- Պարոն Գույումճէան, Ձեր արաբերէն լեզուով յօդուածները լոյս կը տեսնեն արաբական աշխարհի եայտնի թերթերու մէ՞ջ Քուէյթէան, Լիբանանէան, Լոնտօնի մէջ հրատարակուող եւ այլն, կը գրէք նաեւ անգլերէնով: Ինչու՞ հայերէնով չէք գրեր:
Կ.Գ.- Բարեկամս, հայերէնով գրողներ շատ ունինք. այդ բնաագաւառին մէջ կարիքս չի զգացուիր, չեմ կարծէր որ ես հոն կրնամ կարեւոր դեր մը խաղալ: Այլ է արաբերէնին պարագան։ Այստեղ զգալի է հայերուն բացակայութիւնը: Մենք՝ հայերս, մեր դատը որոշ չափով կրցած ենք ներկայացնել անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Ցաւօք սրտի անտեսած ենք իսլամ եւ արաբ ընթերցողը, արաբ ժողովուրդը եատկապէս: Մենք մեր պատմութէան սխալներէն դաս չենք քաղէր կարծես։ Կարծէք թէ Արեւմուտքը նկատի առնել կը նշանակէ անտեսել մեր անմիջական շրջապատը: Այսօր Արեւմուտքը միլիառներ կը ծախսէ արաբերէն սորուելու, արաբատառ մամուլ ունենալու, արաբերէն լեզուով հեռասփռումներ կատարելու համար: Իսկ մենք դեռ չենք գիտակցիր, թէ այսօրուայ աշխարհին մէջ իսլամներն ու արաբները ի՞նչ մեծ տեղ ունին, կամ ի՞նչ դեր կրնան խաղալ: Թուրքերն անգամ իրենց գրաւը արաբական երկիրներուն վրայ կը դնեն, որոնցմէ ոմանք իրեն սահմանակից դրացիներ են, եւ ուր կարեւոր ներկայութիւն են (այսօ՞ր ալ) հայերը: Մենք, առնուազն մենք մեզի համար, անչափ կարեւոր ներկայութիւն ենք արաբական երկիրներու մէջ: Մենք գիտենք արաբերէն լեզուն, որուն աւելի լաւ պէտք է տիրապետենք, մենք ծանօթ ենք արաբ ժողովուրդին, զօր աւելի լաւ պէտք է ճանչնանք, որպէսզի արաբներն ալ մեզ աւելի լաւ ճանչնան, գիտնան որ այս լաւ, պարկեշտ արհեստաւորները նաեւ մեծ մշակոյթի ժառանգորդներ են, որոնք ունին դեռ չլուծուած արդար դատ մը:
- Այս առումով վերջին շրջանին որոշ աշխուժութիւն մը կը տիրէ մեր գաղութին մէջ:
Կ.Գ. - Հալէպահայ գաղութը միշտ ալ ամենաաշխուժը եղած է: Տեղէակ եմ, որ Հալէպահայերը արաբերէնով տասնէակ գիրքեր հրատարակած են մեր մշակոյթն ու դատը ծանօթացնելու արաբ ընթերցողին, Հալէպահայերու՛ նախաձեռնութէամբ Տէր Զօրի աշիրաթապետները Հայաստան այցելած են, Հալէպահայերը՛ կազմակերպած են դեռ վերջերս կայացած հանդիպումը բարեկամ արաբ գրողներու հետ...։ Բայց կը կարծեմ որ բացթողում մը կ'այ, աւելի հետեւողական պէտք է ըլլանք, պէտք է մեր առօրէան միախառնենք տեղի առօրէային, մեր ընկոյզիկեղեւէն դուրս ելլենք եւ լիարժէքօրէն ապրինք սուրիական հայրենիքի կէանքով, արաբերէն հրաշալի լեզուին տիրապետենք, որպէսզի կարէնանք բազում ասպարէզներուն մէջ զգալի ներկայութիւն ըլլալ։ Ինչպէս կ'ըսեն. «Հայը լաւ արհեստաւոր է» նոյնպէս ամբողջ Սուրիան պէտք է համոզում գոյացնէ, որ հայը լաւ ուսուցիչ է, լաւ փաստաբան, լաւ գրող, լաւ արուեստագէտ նոյնիսկ լաւ դիւանագէտ եւ լաւ զինուորական... ամենալաւը, լաւագոյնը ... հաւատարիմ սուրիական հայրենիքին եւ պատրաստ ամէն զոհողութէան եանուն այս հիւրընկալ երկրին...։ Եւ այս ամէնը բազում մակարդակներու վրայ պէտք է տեսնուին, աւելի եւս ամրապնդելով Հայ-արաբ եարաբերութիւնները: Այսպիսով ոչ միայն գաղութը կը շահի, այլ նաեւ անուղղակի կերպով պաշտպանած կ'ըլլանք Ղարաբաղի հարցը, Հայ Դատը: Այսպիսով կը մնանք նաեւ կարեւոր մէկ մասնիկը երկրի կառոյցին, առանց որուն շատ բան կրնան կորսնցնել երկիրն ու իր ազգաբնակչութիւնը...։ Եթէ ասոր չհասնինք՝ օր մը կրնանք նոյնիսկ աւելորդ բեռ նկատուիլ...։ Այս ուղղութէամբ պէտք է աշխատին մեր բոլոր գաղութները իրենց ապրած երկիրներուն մէջ:
- Պարոն Գույումճէան, կը բարեհաճի՞ք Ձեր յօդուածներուն մասին խօսիլ: Ինչպիսի՞ նիւթէր կը շօշափէք, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէք:
Կ.Գ. - Կը կարծեմ որ արդէն որոշ կարծիք մը ունեցաք, թէ ինչի՞ մասին կը գրեմ, եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեմ։ Ես մէկ նպատակ կը հետապնդե՞մ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱԶԳՍ: Արաբին կը ծանօթացնեմ մեր մշակոյթը, մեր հիմնախընդիրները, մեր ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ... պարզելով ճշմարտութիւնը եւ մեր դատին արդարութիւնը: Կը գրեմ այժմէական եւ նոյնիսկ այսօրուայ օրակարգի վրայ դրուած հարցերու մասին. երբեմն պատասխանելով կամ անդրադառնալով կարեւոր եայտարարութիւններու, աւելցնեմ որ քանի անգամ ալ Քուէյթի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը մամուլով անդրադարձած է իմ այս կամ այն յօդուածիս: Կը գրեմ նաեւ արաբական խնդիրներու մասին, պաշտպանելով արաբի դատը ցոյց կու տամ, որ այդ իմ ալ դատս է, հաստատապէս համոզուած ըլլալով, որ այսպիսով մեր դատին ի նպաստ կը տրամադրեմ զինք: Կը գրեմ այն նիւթի մասին, զօր լաւ գիտեմ: Ես շատ բծախնդիր եւ խստապահանջ եմ, եւ այս խստապահանջութիւնը կը տարածուի նախ եւ առաջ իմ անձիս վրայ. ուշադիր կը գրեմ, երբեմն գրածս տասը անգամ կը սըրբագրեմ. երբ օտար ընթերցողի համար կը գրես, իրաւունք չունիս վրիպելու։ Կը գրեմ անկեղծօրէն, կը գրեմ ընթերցողին սրտին եւ մտքին մէջ թափանցելով։ Երբ Արարատի մասին գրածս կարդայ արաբ ընթերցողը, ոչ միայն պէտք է հասկնայ, այլ նաեւ զգայ, որ ես առանց այդ սուրբ Լերան չեմ կրնար ապրիլ, որ այդ Լեռը իմս է՝ հայունը, որ ես իրաւունք չունիմ հրաժարելու, եւ հասկնայ, որ ես իրաւացի եմ, որ Ղարաբաղի հարցը կրօնական հարց մը չէ... որ մեր մղածը ազգային-ազատագրական պայքար է... եւ թէ ինք պէտք է զօրաւիգ կանգնի ինծի:
- Պարոն Գույումճէան պիտի խնդրէի, որ Ձեր յօդուածներէն քանի մը հատը պարզապէս թուէք:
Կ.Գ. - Ինչու՞ չէ, սիրով:
- «Ատրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը»: Ալ-արապի, Քուէյթ,1998:
- «Հայ ժողովուրդի քրիստոնէութէան1700-ամէակը»: Ալ-քապաս, Քուէյթ եւ Ալշ
արք Ալ-աուսաթ, Լոնտօն, 2001:
- «Մատէան ոէբերգութիւն՝ Նարեկ-հազարամէակ»: Ալ-քապաս, Քուէյթ եւ Ալ-նահար, Պէյրութ, 2003:
- «Հայի մը Ողջոյնը Կ'ազայ Ուղղուող Ազատութէան Նաւուն»: Ալ-քապաս, Քուէյթ եւ Ալ-ահար, Պէյրութ, 2003:
- «Հայերը, Թուրքերը եւ Եւրոպացիները»: Ալ-քապաս, Քուէյթ եւ Ալ-նահար, Պէյրութ,
2004:
- «Արամ Ա., Իմաստուն Առաջնորդը»: Ալ-քապաս, Քուէյթ, 2005:
- «Խորին Շնորհակալութիւն Արաբ Ժողովուրդին»: Ալ-քապաս, Քուէյթ , Ալ-նահար,
Պէյրութ եւ Ալ-շարք Ալ-աուսաթ, Լոնտօն, 2005:
- «Հայկական Հարցը Բռնագաղթի եւ Ցեղասպանութէան միջեւ»: Ալ-քապաս, Քուէյթ,
2007:
- «Պաղեստին, Ին՞չ կը Պատահի Քու Մէջդ»: Ալ-նահար, Պէյրութ, 2007:
- «Թուրքերը, Հայերը եւ Պատմաբանները»: Ալ-քապաս, Քուէյթ, եւ Ալ-նահար, Պէյրութ, 2008:
- «Բաց Նամակ Հայէ մը Նախագահ Օպամային» լոյս տեսած զանազան թերթերու մէջ արաբերէն եւ անգլերէն, տպուած նաեւ «Ազդակ»ի մէջ հայերէն եւ անգլերէն, 2009:
- Պարոն Գույումճէան, գիտենք որ այս յօդուածներէն մեծ մասը միեւնոյն ժամանակ տպուած են կամ արտատպուած այլ թերթերու մէջ եւս, որոնց նշանակութէան մասին գիտենք։ Գիտենք նաեւ որ ասոնք մէկ փոքր մասն են Ձեր բեղուն գրիչին: Չէ՞ք մտածէր անոնք որպէս գիրք հրատարակել:
Կ.Գ.- Ես արդէն պիտի ըսէի, որ 2011-ի կէսերուն, որպէս գիրք պիտի հրատարակեմ յօդուածներուս ամբողջական շարքը: Գիրք մը տպելու չափ եւ աւելի կարեւոր է զայն ընթերցողներուն հասցնելու խնդիրը. ուստի, ներկայիս բանակցութիւններ կը վարեմ Լիբանանէան կարեւոր հրատարակչատան մը հետ, որպէսզի եանձն առնէ այս ամէնը: Կը իւսամ որ եաջողութէան կը հասնիմ:
- Ին՞չ ըսելիք ունիք հայ երիտասարդներուն:
Կ.Գ. - Մի՛ թերագնահատէք թշնամին, միշտ արթուն եղէք: Ժամանակ գտէք դուք ձեզիհամար աշխատելու, ժամանակ գտէք հայրենիքով եւ հայկական գաղութներով հետաքրքրուելու, Ժամանակ գտէք ազգին ծառայելու: Ես իմ գործիս մէջ անչափ բեռնաւորուած եմ, երկու հարիւրէ աւելի աշխատակազմ ընդգրկող հիմնարկութիւն կը ղեկավարեմ, բայց այս ամէնուն համար ժամանակ կը եատկացնեմ: Մի՛ հեռանաք մեր միութիւններէն, մեր դպրոցներուն սատարեցէք: Եկեղեցի գացէք։ Թող ներեն ինծի հոգեւորականները, ես կրօնամոլ չեմ, բայց միշտ Հայկական Եկեղեցի կ'երթամ Հոն մեր ազգային ոգին կ'իշխէ, իր խորհրդաւոր վեհութէամբ, հոն մեր շարականները մեզ կ'ազնուացնեն, որպէս հայ եւ որպէս մարդ...։ Տէր եղէք մեր նիւթական եւ հոգեւոր արժէքներուն:
- Շնորհակալուիւն: Եաջողութիւն Ձեր արդար գործին:
Կ.Գ. - Ես եւս շնորհակալ եմ : Բոլորին եաջողութիւն կը մաղթեմ: Գիտնանք մեր անձնական եաջողութիւնները մեր ընդհանուր գործին եաջողութէան ծառայեցնել: Հաւատացէ՛ք, ասոր մէջ պիտի գտնենք մեր սրտի ուրախութիւնը, մեր հոգեկան բաւարարութիւնը:
Հարցազրոյցը վարեց Մ.Ք.