Այս տարի Աւետիս Ահարոնէանի ծննդէան 145-ամէակն է


Այս տարի Աւետիս Ահարոնէանի ծննդէան 145-ամէակն է

  • 09-05-2011 09:06:06   |   |  Գրական էջ
 Վստահ եմ, որ «Ազդակ»ի ընթերցողները քաջածանօթ են այս վերնագիրին եւ տիպարին։ Հաստատապէս գիտեմ նաեւ, որ բոլոր հայորդիները, որոնք կարդացած են «Խայը» պատմուածքը, խորապէս ազդուած են անկէ։ Չեմ վարանիր «վստահ», «հաստատ», «խորապէս» եւ այլ հաստատականներ գործածել՝ բնորոշելու այն պատմուածքին ձգած ազդեցութիւնը այն հոգիներուն մէջ, որոնք իրենց մէջ ունին վրէժխնդրութիւն։ Առաւել եւս կ’ուզեմ շեշտել, որ այս պատմուածքը կարդացող հայը չի նմանիր չկարդացողին։ Ահարոնէանի «Ազատութէան ճանապարհին» պատմուածքներու հատորին մէջ «Խայը» կը ներկայացնէ յեղափոխական ինքնուրոյն միտք եւ փիլիսոփայութիւն։ Առաջին իսկ տողերէն Ահարոնէան մեծ հետաքրքրութիւն եւ գրաւչութիւն կը բերէ պատմութէան, երբ կը սկսի գեղեցիկ ու տպաւորիչ նկարագրութիւններով պատմել Ռէս Գեւոյի բնակարանին մէջ հաւաքուած մարդոց մասին, որոնք կը քննարկէին մարդու վիճակն ու ճակատագիրը եւ կը խօսէին դուրսը տիրող սարսափելի բուքբորանի աւերներուն մասին։ Հեղինակը կը ներկայացնէ «խայը»՝ նշելով անոր անցէալն ու ներկայիս կատարած դերը։ Անոր ըմբոստ եւ օրինակելի նկարագիրը ներկայացնելու համար, անոր բերնով կը պատմէ նաեւ իր անցէալէն անկիւնադարձային դրուագ մը, որուն մէջ կը յիշէ «օձի եւ արագիլի» կռիւը (որուն պատահաբար ականատես կը դառնայ)։ Այդ մահու կենաց կռիւին աւարտին ամէն բան հակառակ ընթացք կ’ունենայ. օձը, որ ամբողջ կէանքին ընթացքին արագիլը եղած էր իր պատուհասը, այս անգամ կ’որոշէ մինչեւ վերջ պայքարիլ եւ դէմ կենալ իր «ճակատագրին»։ Այս իրադարձութէան ճակատագրական վայրկէանին ներկայ կ’ըլլան խայն ու մինչեւ ատամները զինւած, զինք ձերբակալած քիւրտը։ «Ֆլան որ կ'այ օձն է այն», կը կրկնէր քիւրտը՝ համոզւած ըլլալով, որ միշտ այնպէս եղած է, որ վերէն սուրացող ու եարձակող կենդանին, ըլլալով աւելի ուժեղ եւ ունենալով բնական կարողութիւններ, պիտի եաղթէ գետինը սողացողին, երեւոյթ մը, որուն կը հաւատար նաեւ Խայը։ ... Սակայն այս անգամ եւս դիրքերն ու դերերը կը փոխուին, կը փոխուի եւ խայը։ Ոգեւորուած կենդանիներու միջեւ եղած ճակատամարտով եւ այդ ճակատամարտին աւարտով, ակնթարթի մը մէջ ան կ’որոշէ ու կը զգետնէ քիւրտը։ Այսպէս, ան կը փոխէ ճակատագրի մասին իր ունեցած հասկացողութիւնը. «Ես եանկարծ գլուխս բարձրացրի, քրդի գօտկից վայրկենապէս դուրս քաշեցի դաշոյնը, եւ մինչեւ որ նա ապշած ու սարսափած պաշտպանուելու որեւէ փորձ կ’անէր, փայլուն դաշոյնը մինչեւ կոթը ահագին թափով նրա կուրծքը մխեցի։ Վայրենին ոռնաց եւ գետին գլորուեց… Ես փրկուած էի»։ Ահա, այս պահէն կը սկսի պատմուածքին մեծ խորհուրդն ու ինքնուրոյն գաղափարախօսութիւնը, զօր նշեցի քիչ առաջ։ Եթէ Խայի պատմութէան միտքերն ու համապատասխան համոզումները քանի մը դար առաջ տարածուած ըլլային մեր ազգի զաւակներուն մէջ, մեր վիճակը տարբեր պիտի ըլլար այսօր։ Ըլլալով ընթերցասէր անձ, մեր գրողներու բազմաթիւ գործեր ու ստեղծագործութիւններ կարդացած եմ, ինչպէս՝ Մալխասի «Զարթօնք»ը, Րաֆֆիի «Խենթը», ինչպէս նաեւ հայ ազատագրական պայքարը բնութագրող բազմաթիւ գեղարուեստական ու վաւերագրական գիրքեր, որոնք սրտիս ու խղճիս մէջ ձգած են մնայուն հետքեր եւ ձեւաւորած են ազգային նկարագիրս։ Փոքր տարիքէս՝ 12-19 տարեկան հասակիս Հալէպի Էշրեֆիէ (Տաուտիէ) հեռաւոր թաղամասէն իջնելով Թիլել պողոտայի Հոգետան «Տիգրիս» գրադարանէն վարձած գիրքերս եղած են հոգիս եւ ազգային նկարագիրս կերտող հնոցը, որոնք ուսումնական դաստիարակութէանս եւ ընտանեկան մթնոլորտին կողքին, թրծած են հայրենասիրական միտքս ու տրամաբանութիւնս։ Այսօր այդ գիրքերէն շատ բան մոռցած եմ, սակայն շատ լաւ մտապահած եմ մեծն Ահարոնէանի գրած «Խայը» պատմուածքն ու անոր հերոսը, որ զիս շատ տպաւորած է, մանաւանդ ճակատագրի նկատմամբ տարածուած հետեւէալ ստրկամիտ բնորոշումը՝ «՜Է ի՞նչ ես անգէտ անգէտ խօսում, մարդի ճակատին էն գրուած, ասաց Մելիքը. նա պիտի գնար, նա պիտի խեղդուէր. ճակատագրից ո՞վ կարող է փախչել։ - Իրաւ՛ է, իրաւ՛, Մելիք, ասացին մի քանի հոգի, ճակատի գրածը չի ջնջուի»։ Ահարոնէան իր ստեղծած կերպարով կրցած է հասնիլ այն եզրակացութէան, որ չկայ ի սկզբանէ գրուած ճակատագիր, իւրաքանչիւրը ինքն է իր ճակատագիրը կերտողը։ Ան դէմ երթալով «ճակատագրի» խաղին, կը փոխէ անոր սահմանումը եւ մահազդու դաշոյնը ինքը՛ կը խրէ թշնամիին կուրծքը՝ «Ահա այն փրկարար դաշոյնը»։ Ան ոչ միայն կը փոխէ ճակատագրի նկատմամբ իր վերաբերումն ու իր սահմանումը, այլ՝ իր այս քայլով, իր պատմութիւնը մատուցած մարդոց եւս կը տոգորէ ուսադրութէան, վճռականութէան շունչով («Ես ճակատագրին չեմ հաւատում, կրկնեց վերըստին խայը վեհ եամառութէամբ, բայց այդ բառերն այս անգամ ծիծաղ ու զայրոյթ չառաջացրին, այլ պատկառանք ու մտքէ՜ր, մտքէ՜ր, փրկարար մտքէ՜ր, ազատի՜չ մտքէր, սրբազան խորհուր դնէր»)։ Այո՛, «խայը»էն առած դասերս դեռ չեմ մոռցած. պատմութէան մանրամասնութիւնները տակաւին թարմ են յիշողութէանս մէջ։ Կէս դար անցած է զայն կարդալէս, իսկ հիմա կը վերընթերցեմ զայն՝ պարզապէս վերապրելու ու կրկին զգալու այն ջերմ ապրումները, զօրս ապրած եմ վառ պատանեկութէան տարիներուս։ Եատուկ սէր եւ համակրանք ունիմ Ահարոնէանի հանդէպ։ Կարդացած եմ անոր գրեթէ բոլոր երկերը։ Իմ մէջս սակայն մեծ տպաւորութիւն ձգած է եատկապէս «Ազատութէան ճանապարհին» գիրքը։ Ահարոնէանին եատուկ է դէպքերու եւ դէմքերու գեղեցիկ նկարագրութիւնը, կերպարները իրական ու ճշմարիտ են, անոնք զիս՝ ընթերցողս կը դնեն հարազատ ապրումներու եւ հետաքրքրական լարուածութէան մէջ՝ անկախ այն բանէն, որ որոշ մանրամասնութիւններ (փոքր տարիքիս) ամբողջութէամբ չէի ընկալեր։ Ահարոնէան մեր ազգային վեհ ինքնագիտակցութէան, ազատատենչ ոգիի կերտման՝ ստրկութիւնն ու բռնութիւնը հալածող այն ռահուիրաներէն է, որոնք մարդուս մէջ կը սերմանեն ազատ եւ անկախ ապրելու վճռակամութիւնը։ Ահարոնէան կողմ է հայ ազատագրութէան այն շարժումին, որ ծնունդ առաւ 19-րդ դարուն։ Ան կը հաւատար, որ մեր ժողովուրդի փրկութէան կարեւորագոյն ճանապարհն է այդ։ Նոյն գաղափարն է, որ կ’արծարծուի ապագային Կիկոներու մօր սաղմոսին մէջ՝ «Զիմ Կիկոյին ինչն էր պակաս, զօր չեն գրեր ֆետայի»։ Այս տարի Ահարոնէանի ծննդէան 145-ամէակն է. զօր չեմ գիտէր, թէ մեր ազգային եւ մտաւորական խաւը ինչպէ՞ս պիտի նշէ։ 2011 թուականը ունի յիշատակման արժանի աւելի քան 30 իրադարձութիւն։ Մեծ ցանկութիւն ունիմ, որ այդ առիթներուն կողքին լուսարձակի տակ պահենք նաեւ Ահարոնէանի նման մեծութիւն մը, որուն գործերը հայ ժողովուրդի վիշտի ձայներն են։ Վաղուց կը փափաքիմ որ վերընթերցուին անոր գեղեցիկ եւ խորհրդալից պատմութիւնները, ինչպէս «Խայը» եւ ներկայացուին այդ պատմութիւններուն մէջ տեղ գտած գաղափարներն ու ազգային քարոզչութիւնները, որոնք կրնան էապէս փոխել կէանքը, խթանել երիտասարդութիւնը եւ չարամիտ ու դաժան թշնամիէն պաշտպանել մեզ երէկ եւ այսօր։ «Խայը վերցրեց իր դաշոյնը, գօտիկը խրեց, դուրս գնաց գոմի դռնից, բազմականները մնացին լուռ… «Դրսում քամին շարունակում էր ոռնալ, բայց նա այլեւս չէր խօսում ճակատագրի հզօր ուժից։ Քամու բազմազան աղաղակների մէջ մարդիկ այժմ կարդում էին պայքարի ու ազատութէան գոռ շեշտերը»։ ԿԻՐԱԿՈՍ (ԿԱՐՕ) ԳՈՒՅՈՒՄՃԷԱՆ Քուէյթ «Ազդակ» Բացառիկ, 2011
  -   Գրական էջ